Վեր. Սերոբ Ճ. Մկրտիչեան
Ատենապետ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան
Հայ Քրիստոնէական Ժառանգութեան Յանձնախումբի
Վերջերս լոյս տեսաւ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի 48րդ գիրքը՝ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով գրուած: Գիրքը հրատարակուած է Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հայկական Ժառանգութեան Յանձնախումբին կողմէ:
Հանրայայտ ճշմարտութիւն է որ մարդ արարածի լաւագոյն, անխարդախ եւ հաւատարիմ բարեկամը գիրքն է։ Առանց գիրքի մարդ արարածի միտքը, սիրտն ու հոգին ոչ միայն կ՚ աղքատանայ, այլ՝ կը սնանկանայ եւ հետեւաբար իր մշակոյթն ալ իր հետ կ՚ անհետանայ եւ կը ջնջուի այս աշխարհէն։
Որպէս Հայ ազգի զաւակներ, անկասկած կ՚ապրինք մարտահրաւէրներով լեցուն կեանք։ Հայ ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ է։ Ընտանեկան, հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ մշակութային դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ լեզու, բարքեր եւ բարոյական արժէքները նահանջի մէջ են։
Պօղոս Առաքեալ Կորնթոսի ուղղուած առաջին նամակին մէջ կ՚ անդրադառնայ Աստուածային սիրոյն եւ կը շեշտէ թէ մարդ արարածը կոչուած է Աստուածային սիրով լեցուելու, որպէս զի կարենայ Քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ, նախ՝ սիրելով իր Ստեղծիչն ու Փրկիչը եւ ապա իր նմանը։
Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան, Տէրոջը այգիին մէջ, իր վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական ծառայութեան կողքին, կը հրատարակէ իր նորագոյն գիրքը «Հաւատք, Յոյս եւ Սէր» խորագրով հատորը՝ հիմնուած՝ Ա. Կորնթացիս 13. 13-րդ համարին վրայ որ կ՚ ըսէ. «Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։
Վեր. Թութիկեան իր գիրքի յառաջաբանին մէջ կը շեշտէ թէ մարդ արարածին Աստուածային երեք անփոխարինելի շնորհներն են, Հաւատք, Յոյս եւ Սէր, որոնք բացարձակ անհրաժեշտութիւն են լի-իրաւ, որակաւոր եւ իմաստալի կեանքի մը համար:
Սոյն հատորը երկլեզու է։ Ան կը պարունակէ 26 անգլերէն եւ 16 հայերէն յօդուածներ, որոնք պարփակուած են 144 էջերու մէջ։ Անգլերէն եւ հայերէն յօդուածները իրարմէ կը տարբերին իրենց բովանդակութեամբ։
Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հայերէն նիւթերը բազմակողմանի են.- Կրօնական, ինչպէս՝ Սուրբ Ծնունդ, Սուրբ Զատիկ, Գալստեան Կիրակի, եւայլն: Ազգային, մշակութային եւ դաստիարակչական, ինչպէս՝ Ապրիլ 24-ը Իբրեւ Խորհրդանիշ, Ասկէ Թուրքերը Անցած են (Ի Յիշատակ Արցախի Նահատակներուն), Հայ Մշակոյթին Անփոխարինելի Դերը (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ), եւայլն. Համամարդկային՝ «Ի՞նչպէս Կարելի Է զԱստուած Տեսնել», «Քաղաքական Իմաստութիւն», «Հիւրասիրութեան Արտասովոր Օրինակ Մը», եւայլն.
Յօդուածները եռոտանի շեշտաւորում ունին եւ հեղինակին համար շատ յստակ է թէ Հայ անհատը կոչուած է ըլլալու՝ ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԱՐԴ։ Այսինքն, հայ անհատը կոչուած է բառին իսկական առումով հայ ըլլալու: Ըստ հեղինակին, «Ի՞նչ արժէք ունին մատենադարաններու մէջ մթերուած մշակութային ժառանգութիւնները, ի՞նչ իմաստ ունին թանգարաններու մէջ պահուած արուեստի գործերը եթէ զանոնք գործնապէս գնահատելու, անոնցմով ներշնչուելու եւ զանոնք հոգեպէս ըմբոշխնելու վիճակի մէջ չեն հայ մարդիկ»:
Հայ անհատը կոչուած է Քրիստոսակեդրոն հաւատքով նուիրուած հաւատացեալ ըլլալու. «Քրիստոնէական հաւատքը կոյր եւ անտրամաբանական բաղձանք մը չէ այլ կատարեալ վստահութիւն է առ Աստուած: Հաւատքը վստահութիւն, յոյս եւ խրախոյս կը ներշնչէ: Այդ անյողդողդ հաւատքով էր, որ Յամի Տեառն 5-րդ դարու կիսուն մեր նախնիք Վարդանանց Պատերազմը մղեցին Մազտէական պարսիկներուն դէմ՝ «Վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց»:
Հայ անհատը կոչուած է գլխագիր Մարդ ըլլալու. որուն մասին հեղինակը կը գրէ. «Մեր մասին կրնա՞ն ըսել, «Ահաւասիկ մարդ մը, որ վստահելի է, արդար է, ազնիւ է, փափկանկատ է, մարդ մը որուն «այո»ն «այո» է եւ «ոչը»՝ «ոչ». մարդ մը, որ ճշմարիտ քրիստոնեայ մըն է»:
Վեր. Թութիկեանի յօդուածներուն մէջ կը նկատենք հայապահպանման ծանրաբեռնուածութիւնը, յատկապէս Մայր Հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան համար. «Ի՞նչպէս կրնանք հայ մնալ եւ ի՞նչպէս կրնանք մեր ազգային-մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել մեր յետնորդ սերունդներուն, որպէս զի «հայ ապրինք պատմութեան մէջը»:
Անկասկած, Վեր. Թութիկեանի համար Մայր Հայրենքի՝ Հայաստան աշխարհի վերիվայրումները եւ յատկապէս Արցախի 44- օրեայ պատերազմը եւ անկէ յառաջ եկած բաժանումները խոր ցաւ կը պատճառեն։ Փոխանակ մեղադրանքի, ան կը շեշտէ թէ՝ «Ժամանակն է, որ հայրենի մեր պետական ղեկավարները Սողոմոն Թագաւորին պէս արթնամտութիւնը ունենան Աստուծմէ խնդրելու իմաստութիւն՝ ճշմարտութիւնները ընդունելու, իրողութիւնները տեսնելու, մեր ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը լաւագոյն կերպով վարելու»:
Հեղինակին յօդուածները եւ պատգամները համեմուած եւ ճոխացած են Աստուածաշնչական համարներով, ճշմարտութիւններով, ինչպէս նաեւ պատմական, գրական մէջբերումներով եւ ամենօրեայ կեանքի օրինակներով։ Այս երկլեզուան 42 յօդուածներն ալ տեսական բնոյթ չունին այլ՝ գործնական, որ մարդ արարածի կեանքին հետ առընչուած է։
Սոյն հատորին հրատարակութեան բարեբաստիկ առիթով, անգամ մը եւս Աստուծոյ փառք կու տանք Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի անձնուէր ծառայութեան եւ նուիրական կեանքին համար: Լիայոյս եմ որ այս հատորը ընթերցողը նախ ինք պիտի հարստանայ հոգեւորապէս եւ ապա պիտի հարստացնէ իր շրջապատը, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ազնուագոյն շնորհքներով:
Վարձքը կատար Վեր. Դոկտ Վահան Թութիկեանին։ Կ’աղօթենք որ Աստուած իրեն պարգեւէ երկար եւ քաջառողջ կեանք որպէս զի շարունակէ ծառայել ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Իր եկեղեցիին եւ ի պայծառութիւն Հայ ազգին։