Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23-ին, Ֆիլատելֆիոյ 79 տարեկանին յանկարծամահ եղաւ Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ գործակից՝ տիկին Աստղիկ Գազանճեան, սուգի մատնելով ամբողջ գաղութը։
Հանգուցեալը ծնած էր Յունիս 16, 1943-ին, Պաղեստինի մէջ։ Դուստրն էր տէր եւ տիկ. Նշան եւ Սաթենիկ Տէր Գալուստեան ամոլին, որոնք Պաղեստինէն անցնելով Լիբանան, ապաստանած էին Ամերիկա իրենց ընտանիքով, հետեւելով իրենց զաւկին՝ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. եւ երէցկին Վարդուհի Տէր Գալուստեաններուն, եւ շարունակելով իրենց եկեղեցակեդրոն կեանքը Նոր Աշխարհի մէջ։ Անցնող վաթսուն տարիներուն ընդհանրապէս եւ վերջին յիսուն տարիներուն յատկապէս, Աստղիկ Գազանճեան հանդիսացած էր նուիրումի, բարեգործութեան, ծառայութեան կենդանի տիպար մը՝ հասնելով Ֆիլատելֆիայի գաղութի բոլոր խաւերուն անխտիր եւ ի մասնաւորի Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական, ընկերային, մշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներուն։ Յատուկ յիշատակութեան արժանի է «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի անոր բոլորանուէր օժանդակութիւնը քառորդ դարու ընթացքին։
Անցնող քառասուն տարիներուն աստուածատուր իր տաղանդը օգտագործելով, անվհատ եւ յարատեւ աշխատանքի եւ զոհողութեան շնորհիւ, ան Ֆիլատելֆիոյ հայ գաղութին մէջ “Armenian Delight” վաճառատունը դարձուցած էր՝ առեւտրական բնոյթէն աւելի, հայ տոհմիկ խոհանոցը օտարներու ծանօթացնելու առաքելութիւն։
Ի գնահատութիւն իր բազմամեայ ծառայութեան, Մայիս 2022-ին Ֆիլատելֆիայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ընթացքին, տիկ. Գազանճեան պարգեւատրուած էր Ազգային Առաջնորդարանի «Բարի Սամարացի» գնահատագրով, ձեռամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։
Ծնողաց կողքին, Աստղիկ կորսնցուցած էր իր աւագ եղբայրը՝ Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանը, իր աւագ քոյրերը՝ տէր եւ տիկ. Անդրանիկ եւ Իսկուհի Պետրոսեան, եւ տիկ. Շաքէ Նաշալեան, որդին՝ Հրաչ Գազանճեան, եւ քրոջորդին՝ Վաչէ Պետրոսեան։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29-ին։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա), որ արդիւնքը պիտի բաժնէ եկեղեցւոյ, Ազգային Առաջնորդարանի որբերու ֆոնտին եւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին միջեւ՝ ի յիշատակ հանգուցեալին։