ԿիզակէտՅօդուածներ

«ՁԱԽՈՂԱԾ ՈՒԹՈՓԻԱՆ»․․․ՈՐՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻ (Չ)Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Խ. Տէր Ղուկասեան

«Մեր ժողովուրդի մէջ սոցիալական ատելութիւնը աւելի ուժեղ է քան ազգային զգացումը»

Մարինէ Պետրոսեան

(հայրենի բանաստեղծուհի)

Տը Փապլիք Տոմէյն Րիվիու (The Public Domain Review) պարբերաթերթի Հոկտեմբեր 19, 2016-ի համարին մէջ, Ճոն Թրէշ (John Tresch) անգլերէնի թարգմանած է 19-րդ դարու ֆրանսացի անիշխանական (anarchiste) Լուիզ Միշէլի (Louise Michel) մէկ գրութիւնը, որ լոյս տեսած է Լը Լիպերթէր (Le Libertaire) անիշխանական պարբերաթերթի 1895-ի 3-րդ համարին մէջ լոյս տեսած մէկ յօդուածը: Նախաբանին մէջ Թրէշ հակիրճ տեղեկութիւններ կու տայ այդ բացառիկ անձնաւորութեան մասին: Միշէլ, որուն բանաստեղծ Փօլ Վերլէն անուանած է «Մոնմարթրի Կարմիր Կոյսը», նամակցած է Վիքթոր Հիւկոյի հետ, եւ 1871-ի Փարիզի Կոմունային ակտիւ մասնակից եղած է որպէս վիրաւորներու տեղափոխման կառքի վարորդ: Իշխանութիւններու կողմէ հալածուած, բազմիցս բանտարկուած եւ մահափորձէ վերապրած այդ կինն է որ Սեւ Դրօշը վերածած է 19-րդ դարու անիշխանութեան խորհրդանիշին:

Թրէշի թարգմանութեամբ հրատարակուած Լուիզ Միշէլի յօդուածը կը վերաբերի 19-րդ դարու մէկ այլ գիտնական, մտաւորական եւ անիշխանական Օքթավ Օպտիւրանի (Octave Obdurant), որուն երբ Միշէլ կը հանդիպի Պրիւքսէլի մէջ կը յայտնաբերէ որ… կին է, մկրտութեան անունով Մարի Վիոլէթ Թրանշօ (Marie Violette Tranchot), որ ամբողջ կեանքը ապրած ու ստեղծագործած է որպէս տղամարդ: 19-րդ դարու սկիզբին, նոյնիսկ Լուսաւորութեան եւրոպայի մէջ, տղամարդ ըլլալը անհրաժեշտ պայման էր բարձրագոյն ուսում ստանալու, գիտական հետազօտութիւններ կատարելու եւ համալսարաններու մէջ դասախօսելու համար:

Օպտիւրան-Թրանշօ, կամ Օքթավ-Վիոլէթ ինչպէս Միշէլ կ’անուանէ զինք յօդուածին մէջ, համոզուած Պոզիտիվիստ (Positivist), իրեն ներկայացած ակտիւիստին կ’ըսէ. «Ապագան հասկնալու համար անցեալը կ’ուսումնասիրենք: Անցեալը լաւագոյնս կը գիտնանք իր ապագայի երազին ընդմէջէն»: Այսուհանդերձ, հասարակութեան երազները միշտ իրենց հասանելիութենէն աւելի են, եւ ուրեմն ձգտումներուն եւ իրականութեան մէջ պիտի տեսնել, կամ ինչպէս Օպտիւրան-Թրանշօ կը բացատրէ՝ «չափել», ութոփիայի ձախողութեան աստիճանը: Օպտիւրան-Թրանշօ իր տեսութիւնը բանաձեւած եւ զարգացուցած է Ամէն Հասարակութիւն կը Ստեղծէ այն Ձախողած Ութոփիան որուն Արժանի է (Every Society Invents the Failed Utopia it Deserves) գրութեան մէջ: Միշէլի յօդուածի իր թարգմանութեան նախաբանին համար Թրէշ փոխ առած է այս խորագիրը:

Առաւօտի 20 Օգոստոս 2021-ի համարին մէջ Աւետիք Իշխանեանի «Հայեացք ապագայից» յօդուածը հայկական ներկայ տիսթոփիային մասին է: «2020 թ. Փարիզում հրատարակուել է Ֆրանսիացի լրագրող Անթուան Դյուբուայի «Հայաստանի աւարտը» 254 էջանոց աշխատութիւնը», կը գրէ յօդուածին հեղինակը: Գրքի ամփոփ ներկայացումէն յետոյ կը տեղեկացնէ, որ աշխատութեան վերջին գլուխը ամենածաւալունն է, եւ կը վերաբերի 2020-22 թուականներու պատերազմական եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանին: Այդ վերջին գլուխէն է որ Իշխանեան Առաւօտի իր յօդուածին մէջ «թարգմանաբար» կը մէջբերէ հատուածներ, որոնցմէ դիպուկ է պատերազմի անմիջական աւարտի մասին պարբերութիւնը. «եւ ահա, Նոյեմբեր 9-ին, բոլորին համար անսպասելիօրէն յայտարարուեց Հայաստանի պարտութեան մասին: Հարիւրաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկան… սակայն յաջորդ օրն ամէն ինչ հանդարտուեց: Զարմանալիօրէն Երեւանում ոչինչ չփոխուեց: Երեւանեան ռեստորաններն ու այլ ժամանցի վայրերը լիքն էին, մարդիկ կատակում էին, ուրախանում»։

Երեւի ոմանք յիշեն այսպէս կոչուած Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ խանդավառ վերլուծաբան մը, որ ԱՄՆ-էն Հայաստան ժամանած էր եւ կամայ թէ ակամայ վերածուած Թաւիշի օրգանական մտաւորականներէն մէկուն, ի լուր անգլիախօս հայ Սփիւռքին ճիշդ այդ օր կ’ըսէր թէ Երեւանի մէջ ամէն ինչ նորմալ էր, մարդիկ իրենց առօրեայով կը զբաղէին: Այդ հաստատումը հարցականի տակ դնելու խնդիր չկայ: Հաւանաբար եւ այդպէս էր պարզ իրականութիւնը: Հարց էր սակայն այդ «նորմալի» հասկացողութեան ընկալումը թէ՛ հաղորդավարի եւ թէ՛ ալ իր ակընդիրներուն համար:

Երկու տարի յետոյ, հեռուէն դիտուած հայկական տիսթոփիայի (dystopia) համայնապատկերը աւելի ցայտուն է. տարեվերջի տօնական օրերուն համար, կը պատմեն, Երեւանի կեդրոնամասը բացառիկ լուսաւոր ու շքեղ է, «քու ճանչցած տօնական զարդարանքներէն շատ աւելի», կը փորձէ բաղդատել ականատես մը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ: «Եթէ նախապէս ճաշարանի մէջ չես վերապահած տեղդ պարապի մի՛ երթար, լեցուն է ամէն տեղ», կը նկարագրէ ուրիշ մը: Եթէ «նորմալ» ըլլային ժամանակները անկասկած այս բոլորը պիտի խանդավառէին, բարի նախանձի առարկայ ըլլային, հոն ըլլալու տրամադրութիւն առաջացնէին… Երեւանը՝ լաւ ապրելու վայր, ամէն հայու հպարտութիւն: Այդ լաւ կեանքին հակապատկերն է շրջափակման մէջ եւ մարդկային աղէտի եզրին գտնուող Արցախը, ուրկէ կու գան դեղորայքի պակասի, պարէնի սակաւութեան եւ ծանր հիւանդները Հայաստան չկարենալ տեղափոխելու մասին լուրերը: Հայկական տիսթոփիայի կենդանի պատկեր:

Հետեւաբար հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս հայրենի ժողովուրդը ստեղծեց իր «ձախողած ութոփիա»ն (Utopia):

Բանաստեղծուհի Մարինէ Պետրոսեան Դիմատետրի իր պատին վրայ 23 Օգոստոս 2022-ին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տիրող յուսահատութեան եւ ինքնախարազման զօրացող ալիքին, եւ արձանագրած. «Մենք վատն ենք, շատ վատն ենք, դրա համար պարտուեցինք, մենք էն գլխից էին վատը, մենք միշտ ենք վատն եղել: Հարց ա առաջանում՝ լաւ, բայց եթէ տենց ա, մենք Արցախեան առաջին պատերազմում ո՞նց էինք յաղթել: Պատասխանում են՝ ի՞նչ յաղթանակ, յաղթանակ չի եղել, բլըֆ էր: Ո՞նց թէ յաղթանակ չի եղել: Հա, տենց, յաղթանակ չի եղել, 88-ի ամբողջ շարժումն էլ սխալ էր, մենք մեր գլխին փորձանք բերեցինք»։ Պետրոսեան գիտէ, կը գրէ, որ այդ թրքական քարոզչութիւնն է: «Բայց Նիկոլն ու իրա թիմն էլ են էս քարոզչութեան ոչ պակաս շահագրգիռ շահառուն՝ յաղթանակը բլըֆ էր, վերջում մէկ ա պարտուելու էինք, Նիկոլը ստեղ առանձնապէս մեղք չունի, ով էր լինէր իրա տեղ մէկ ա նոյնն էր լինելու, Նիկոլը ճիշտ ա անում, ինքը թուրքերի ուզած զիջումները կ’անի, մենք կը հաշտուենք, կռիւները կը վերջանան:» Այս քարոզչութիւնն է որ Հայաստանի մէջ մեծ յաջողութեամբ կը տարածուի եւ պարտութեան յաջորդած յուսահատութիւնը անոր համար պարարտ հող ստեղծած է: «Սրա մէջ մահացու վտանգ կայ, քանի որ էս քարոզչութիւնը հայոց պետականութեան հիմքին՝ հայոց ինքնութեանն է խփում:»

Պետրոսեանի գրութիւնը կու գայ յուշելու որ «ձախողած ութոփիա»ն կը շարունակուի, եւ նոր թափով: Անոր ծննդոցը, սակայն, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն շատ առաջ էր: 2008-ի նախագահական ընտրութիւններն ու անոնց անմիջապէս յաջորդած Մարտ 1-2-ի արիւնալի դէպքերը հաւանաբար այն դարձակէտն է, որմէ յետոյ ամբողջ տասնամեակ մը Ապրիլ 2018-ին ժողովրդային զօրաշարժը գլխաւորած եւ իշխանափոխութիւն իրականացուցած հատուածին ղեկավար դէմքերը աշխատեցան քաղաքական դրամագլուխի վերածել օլիկարգային տնտեսակարգի առաջացուցած սոցիալական սուր բեւեռացումը: Այդ բեւեռացման ենթահողը կար: Ծնունդ առաւ սեփականաշնորհման ալան թալանով եւ ազատ շուկայական կարգերու անցումով, որ մենաշնորհային դրամատիրութեան յատուկ տնտեսակարգն ու անոր վերահսկող քաղաքական վարչահամակարգը ստեղծեց:

Հարստութեան վերաբաշխումը առաջացուց աննախընթաց սոցիալական անարդարութիւն երկրի հարստութեան տէր դարձած փոքրամասնական դասակարգին եւ օրապահիկին հետամուտ շարքային քաղաքացիին միջեւ: Անկախութեան սերունդը հասակ առաւ այդ սոցիալական բեւեռացման պայմաններուն մէջ, ականատես եղաւ փոքրամասնութեան ցուցամոլական շռայլութեան, եւ անդրադարձաւ թէ որքան դժուար է կենսամակարդակի բարելաւումը: Այն միջին խաւը որ կազմաւորուելու սկսաւ 2002-2008 տնտեսական աճի տարիներուն, տեսաւ թէ ինչպէս 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն յետոյ, իր այնպէս ալ դժուար սոցիալական վերելքը կը դանդաղէր, կը կասեցուէր մինչեւ իսկ, մինչ իշխող դասակարգը կը պահէր ու կ’ամրագրէր իր առանձնաշնորհումները: Սոցիալական բեւեռացման ենթահողին վրայ առաջ տարուած քաղաքական աշխատանքը, սակայն, «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ու բեմագրութեան տրամաբանութեամբ հրահրեց «սոցիալական ատելութիւնը», ինչպէս Պետրոսեան բանաձեւեց Երկիր Մետիայէն հեռարձակուած Վարդան Օնանեանի Ժառանգութիւն 28 Դեկտեմբեր 2022-ի յայտագրի ընթացքին: Սոցիալական բեւեռացումը վերաճեցաւ քաղաքական բեւեռացման «սեւ ու սպիտակ»-ի պարզունակ տրամաբանութեամբ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» խոստացաւ «լաւ կեանք», որ կարելի էր «նախկիններ»-էն խլելով իրենց կողոպտածը:

Այդ մէկը, անշուշտ, տեղի չունեցաւ: Իշխանութեան հասած հատուածը պետական մեքենային վերահսկողութիւնը կեդրոնացնելով իր ձեռքերուն մէջ ինքզինք հաստատեց միեւնոյն համակարգին մէջ, միեւնոյն առանձնաշնորհումներով, ընթացք տուաւ իր «լաւ կեանք»ին եւ սոցիալական վերելքի: Օլիկարգները պարզապէս նոր իրավիճակին յարմարեցան առաւել կամ նուազ չափով, համաձայն իշխանութեան կարմիր շրջանակի իրենց մօտիկութեան: Որպէս առանձնաշնորհեալներ, ութոփիայի պէտք չունէին: Ութոփիան ամբոխներուն սպասումները վառ պահելու համար է:

«Արցախը տանք եւ լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութիւնը կա՞ր սոցիալական ատելութեան ենթահողին վրայ քաղաքական զօրաշարժի պահ ստեղծելու Թաւիշի պատասխանատուներու աշխատանքային օրակարգին վրայ: Երկու Նախագահները որոնց իրենց թիրախին կիզակէտին էին Արցախէն էին, եւ այդ իրողութիւնը կամայ թէ ակամայ զանգուածներու հաւաքական երեւակայութեան մէջ առնոազն հակա-Արցախ տրամադրութիւն առաջացուցած կրնայ ըլլալ: Ապրիլ 2018-էն մինչեւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին արտաքին քաղաքականութեան հակասութիւնները, ստեղծած շփոթը եւ ապիկարութեանց շարքը, որ հաւանաբար արագացուց Ալիեւի որոշումը ընդհանուր յարձակումի անցնելու, լաւագոյն պարագային անորոշութեան ձգեցին Արցախի հիմնախնդրով իշխանութիւններու բուն նպատակը: Պատերազմէն յետոյ արդէն յստակ է. իշխանութիւնները հրաժարած են Արցախի ապահովութեան երաշխիքի յանձնառութենէն, եւ ատով իսկ վերասահմանած «ձախողած ութոփիան» «Արցախը տանք եւ լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութեամբ:

Մարինէ Պետրոսեան, նոյն յայտագրին մէջ, նշելով սոցիալական ատելութիւնը կ’ըսէ թէ ան աւելի զօրաւոր է քան ազգային ինքնութիւնը: Իսկ այս վերջինին «նոր ձեւակերպումը», որ բանաստեղծուհին կը համարէ իր «գլխաւոր խնդիրը» Դիմատետրային վերոնշեալ իր գրառումին մէջ, աւելի անդին կ’երթայ քան «Արցախը տանք եւ լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութիւնը: Թուրքիան դարպասելու իր ճիգին մէջ, Դեկտեմբերի սկիզբը կայացած Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Համաշխարհային Ֆորումի իր բացման խօսքին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ թէ հայ ժողովուրդն ալ մասնակից է «ատելութեան խօսք»-ի տարածման, եւ բերաւ իրեն վիրաւորելու նպատակով «թուրք» ըսողներուն օրինակը: Առանց ոչ մէկ բառ ըսելու Ցեղասպանութիւնը գործադրած եւ զայն ուրացող պետութեան եւ հասարակութեան մէջ հակահայ ատելութեան այնքան բազմաթիւ երեւոյթներուն մասին: Թէկուզ եւ օրինակի կարգով, ան թիրախաւորեց Ցեղասպանութեան զոհը, եւ այդ ձեւով, կամայ թէ ակամայ, ոճիրի նսեմացման ճամբով ժխտղական քաղաքականութեան քաջալեր հանդիսացաւ:

ՔՊ-ական պատգանաւոր Անդրանիկ Քոչարեան մէկ քայլ անդին անցաւ Դեկտեմբերի վերջին շաբաթը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ժամանակ, երբ Նեմեսիս Գործողութիւնը հաւասարեցուց ոճրագործութեան եւ կոչ ուղղեց անոր պատմական վերատեսութեան: Թաւիշի «ձախողած ութոփիան» հետամուտ է ազգային ինքնութեան «նոր ձեւակերպումին» առանց Արցախի Հայաստանով եւ «խաղաղութեան դարաշրջանով» Ցեղասպանին հետ «չթշնամանք»-ի յարաբերութիւններու բնականոնացումով: Անշուշտ՝ առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարահատոյցի պահանջատիրութեան, ինչ որ թրքական նախապայմաններէն մէկն է: Իշխանեանի գրիչով ֆրանսացի Անթուան Դյուբուայի «Հայաստանի աւարտը» կրնայ յոռեգոյն տիսթոփիան չըլլալ: Թեհլիրեանները, Շիրակեանները, Երկանեանները, Թորլաքեանները եւ Նեմեսիս Գործողութեան մասնակից բոլոր նուիրեալները մարդասպանի կարգին դրած Անդրանիկ Քոչարեաններէն սպասելի է ոչ միայն Ցեղասպանութեան լռեցում, այլ թերեւս մինչեւ իսկ Թալէաթի գերեզմանին այցելութիւն ի խնդիր խաղաղութեան եւ (հայկական) «ատելութեան խօսք»ի արմատախլման:

Գրելով Օպտիւրան-Թրանշոյի «ձախողած ութոփիայի» տեսութեան մասին, Լուիզ Միշէլ այնուամենայնիւ գրութիւնը չի՛ նկատեր յուսահատութեան կանչ մը: Կամ՝ ոչ միայն: Հոն կը տեսնէ «յոյս եւ սորվելիք»: Կը մեղադրէ Մարքսն ու Էնգելսը որոնք 19-րդ դարու անիշխանութեան գլխաւոր տեսաբան Պաքունիին մերժած էին եւ անոր ութոփիական ընկերվարութեան հակադրած իրենց «ենթադրաբար գիտական» ընկերվարութիւնը: Օպտիւրան-Թրանշօ սակայն, կ’ըսէ Միշէլ, հասկցաւ որ ութոփիական եւ գիտական ընկերվարութիւնները իրարմէ անբաժան էին. «պատմութիւն մը առանց ութոփիայի մեռած է իր ոգիով եւ իրողաբար, բայց ապագան չի կրնար բացառաբար երազներով ապրիլ, եւ իր կոռունին արժանի որեւէ գիտութիւն աշխարհի վրայ կեանքը լաւացնելու տեսլականէն զատ այլ նպատակ չի՛ կրնար ունենալ»։

Այսօր թերեւս միայն կարելի է գրել հայկական տիսթոփիայի մասին: Կը գրեն անոնք որոնք մօտէն թէ հեռուէն կրնան տեսնել լուսաւոր եւ տօնական Երեւանի ու ցրտահար շրջափակուած Արցախի համայնապատկերը իր չարագուշակ հակասութեան մէջ: Ռաֆֆիի Խենթին երազը այսօր կարելի չէ թարմացնել, այժմէականացնել, որովհետեւ տակաւին կը տիրապետէ հայկական «ձախողած ութոփիան»: Եթէ տիսթոփիան յաջողի Օպտիւրան-Թրանշոյի տեսութեան հետեւումով «չափել» Թաւիշի ութոփիային՝ հայ ազգային ինքնութեան «նոր ձեւակերպում»ին ձախողութեան աստիճանը, թէկուզ եւ պատկերաւոր ձեւով, եւ զայն ընկալելի դարձնել ժողովրդային լայն զանգուածին, հասանելի՝ աշխարհասփիւռ հայութեան, թերեւս այն ժամանակ որպէս ազգային հաւաքականութիւն փաստենք որ Թաւիշի «ձախողած ութոփիային» արժանի չենք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը՝ Թեհրանում
13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

Դեկտ. 11-ին Լիբանանից Թեհրան է ժամանել ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:

Տէր-Խաչատուրեանը այս տարւայ՝ ՀՅԴ 132-ամեակի առթիւ որպէս բանախօս, ելոյթ է ունենալու կազմակերպւած հանդիսութեանը: Մինչ այդ, սակայն, ըստ նախատեսւածի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպումներ է ունենալու ինչպէս համայնքի ազգային, այնպէս էլ ժողովրդական եւ մարզա-մշակութային կառոյցների անդամների ու ներկայացուցիչների հետ:

Թեհրանեան այցից բացի, նա շաբաթավերջին երկօրեայ այցով մեկնելու է Նոր Ջուղա, ուր հինաւուրց համայնքի ազգային-հասարակական միաւորների ինչպէսեւ՝ ժողովրդի հետ անմիջական հանդիպումներ կունենայ:

 

 

 

 

 

 

Համազագայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի ութնեակը ժողովուրդին վերազարթնումի կոչ ուղղեց «Սարդարապատ» երգով։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր սրտին խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար եպս. Աշգարեան։ Սրբազան հայրը անդրադառնալով Դաշնակցութեան ծառայութեան ու ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը երբ կարիքը եղաւ ծառայեց իր բահով, երբ կարիքը եղաւ ծառայեց իր գրիչով, երբ կարիքը եղաւ ծառայեց իր սուրով, իսկ երբ հարկ եղաւ թափեց իր արիւնը, որովհետեւ հաւատաց հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախ ապրելու իրաւունքին….» ։

Սրբազանը պարզեց որ ծառայութիւն եզրոյթին արմատը ծառ բառն է, իսկ ծառը ունի արմատներ, պաշտպանի դեր, ծառին բարիքներէն կ՛օգտուի իր շրջապատը․ այսպէս ալ եղաւ Դաշնակցութիւնը, որ ծնաւ ժողովուրդի ծոցէն ամուր արմատներ նետեց անոր մէջ ու 132 տարի գործեց ի խնդիր հայ ազգին ու անոր դատին ծառայութեան։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր

 

աղօթքով եւ «Մշակ, Բանուոր» քայլերգով։

Աւելցնենք, որ հանդիսութիւնը ուղիղ սփռումով ներկայացուց «Ռատիօ Երազ»- ը։

Վեհան Պարսումեան

 

 

 

 

 

 

 

Արշակ Չօպանեան եւ Ասատուր Կիւզելեան Անթիլիասի Մէջ
Հրատարակութեան պատրաստեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

✎ ՏԱՐԲԵՐԱԿ21
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 6, 2022ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 7, 2022

——————————————————————————————————————————-

Մուտք

Գրող, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ Դատի նուիրեալ, ներկայիս Լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանի արձագանգը՝ Արշակ Չօպանեանի մասին «Տարբերակ21»–ի մէջ Շաքէ Մանկասարեանի յօդուածին (տես՝ https://bit.ly/3HfYl5y)․

Սիրելի Շաքէ,

Այսօր հետաքրքրութեամբ ու մեծ հաճոյքով «Տարբերակ21»–ին մէջ կարդացի Արշակ Չօպանեանի մասին գրած յօդուածդ։ Կը շնորհաւորեմ։ Մեծ գրողը՝ նոյնքան մեծ ազգային մեծ գործիչը ճանչնալու եւ իր ներկայութիւնը վայելելու հաճոյքն ու պատիւը ունեցայ, երբ ան 28 Սեպտեմբեր 1952-ին Լիբանան եկաւ եւ շուրջ վեց ամիս Անթիլիաս մնաց (Խմբգ. Գարեգին Յովսէփեանց Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով): Ես, 22 տարեկան երիտասարդ մը՝ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտ էի։ Կից կը ղրկեմ քանի մը լուսանկար այդ շրջանէն: Շաքէ ջան, ղրկուած նիւթերը քու սեփականութիւնդ են. ազատ ես ընելու ինչ որ կը փափաքիս:

Ասատուր

——————————————————————————————————————————-

 

Կը պատմէ Ասատուր Կիւզելեան․

«Դպրեվանքի մէջ մենք յաճախ վիճաբանական երեկոներ կ’ունենայինք։ Չօպանեան անոնցմէ մէկուն ներկայ գտնուեցաւ։ Վիճաբանութիւնը նուիրուած էր հայ ժողովուրդի ծագման հարցին։ Դանիէլ Արզումանեանն (ներկայիս Դոկտ. Տէր Զաւէն Աւ. Քհնյ., Լոս Անճելըս[1]) ու ես կը պաշտպանէինք այն վարկածը, ըստ որուն՝ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած էր տեղական ցեղերէ, իսկ Գէորգ Վրդ. Կարպիսեանի[2] խումբը կ’աշխատէր փաստել, որ հայերը եկուոր Արմէններէն[3] սերած են։

Վիճաբանութեան աւարտին, երբ դատական կազը (Սիմոն Սիմոնեան[4], Շահան Պէրպէրեան, Բիւզանդ Եղիայեան[5], Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեան[6]) առանձնացաւ իր որոշումը կայացնելու համար (միջանկեալ ըսեմ որ մեր խումբը շահեցաւ…), ուսանողները խնդրեցին որ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ը արտասանեմ՝ Չօպանեանի ամենէն սիրած բանաստեղծութիւններէն մէկը: Ան Դուրեանի մասին գիրք հրատարակած էր եւ այդ տարիներուն կը նկատուէր մեծագոյն դուրեանագէտը։

Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է նշել որ ասմունքի իմ ուսուցիչս եղած է դպրեվանքի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան դասախօս, երգահան-երաժշտագէտ, արուեստաբան, գրականագէտ Շահան Պէրպէրեանը[7]։ Նախակրթարանէն մէջս արմատացած արտասանական «սխալ ոճը» հիմնայատակ քանդելու վճռակամութեամբ, ան շաբաթ մը ամբողջ «հոգիս հանեց…»: «Խիստ կերպով քննադատեց՝ նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աղջիկներուն պէս, բարաբաբամ, բարաբաբամ, բարաբաբամ ոճով” արտասանելս։ Իրեն յատուկ բածխնդրութեամբ, բացատրեց որ բառերը, բացի իրենց իմաստային արժէքէն, ունին նաեւ ձայնային արժէք, որ բանաստեղծութիւն մը ճիշդ արտասանելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ։ Արտասանողը պարտաւոր է բառին իմաստը զգեստաւորել ձայնային ճիշդ արժէքով։ Օրինակ՝ կարելի չէ «զեփիւռ» եւ «փոթորիկ» բառերուն ձայնային նոյն արժէքը տալ…։ Զեփիւռը մեղմ է, քնարական, իսկ փոթորիկը՝ հուժկու, աղմկահարոյց։

Ամիս մը յետոյ յաջողած էի դժուարահաճ Շ. Պէրպէրեանի բոլոր պահանջքները գոհացնել։ Ապացոյց որ Վարդանանց 1500-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսութեան, ինծի վստահեցաւ Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ի արտասանութիւնը։

Վերադառնանք վիճաբանական երեկոյթին։

Այդ երեկոյ երբ աւարտեցի «Տրտունջք»ը, Չօպանեան զիս քովը կանչեց, ճակատս համբուրեց եւ խնդրեց որ յաջորդ օր իր սենեակը երթամ։ Երբ գացի քովը, իր հեղինակութիւններէն մակագրուած գրքոյկ մը նուիրեց ինծի եւ ըսաւ.

-Տղաս, խորհուրդ կու տամ որ «Տրտունջք»ը տարին առաւելագոյն երկու անգամ արտասանես, որովհետեւ արտասանած պահուդ ոչ թէ մահամերձ Դուրեանի ապրումները կը թարգմանես, այլ անոր հոգեվիճակը կ’ապրիս, վնասելով առողջութեանդ»։

Ասատուր Կիւզելեան եւ Արշակ Չօպանեան
Առ ի տեղեկութիւն

1952-ին, հայ մշակոյթի 80-ամեայ ալեհեր դեսպան Ա. Չօպանեան պիտի հրաւիրուէր Պէյրութ՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով ու տարի մը պիտի մնար Լիբանան: Այդ շրջանին հոն կը գտնուէր ՌԱԿ-ի կեդրոնը ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը: Լիբանանի գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը աւարտած Չօպանեան պիտի վերադառնար Փարիզ (Աղբիւր՝ Արա Ահարոնեան, Զարթօնք, 2014):
Գրող, բանաստեղծ, հայագէտ, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ Դատի եռանդուն նուիրեալ, ներկայիս Լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեան ծնած է Ալեքսանտրեթի նահանգի Սովուգ Օլուգ հայկական գիւղը: Ան հայ ազգային իրականութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է կրթական, հրապարակագրական, եկեղեցական եւ հասարակական մարզերու մէջ իր տարած աշխատանքով:
Ասատուր Կիւզելեան Անթիլիասի դպրեվանքին պատիւ բերող մտաւորական մը եղաւ: – Եզնիկ Բալիկ Բալայան

5 Յունիսի 2019-ին, Երեւանի Cinematographers միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասատուր» փաստա-վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը: Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը` ազգային, հասարակական, գրական, մշակութային եւ եկեղեցական գործիչ, գրող-հրապարակախօս, հայ բարերար եւ մեծ մտաւորական լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանն է:
Ասատուր Կիւզելեան ցարդ հրատարակած է երեք գիրքեր՝
«Համոյ եւ Ֆատիլէ» չափածոյ սիրավէպը, որ լոյս տեսած է տպարան «Սեւան»էն 1960-ին: Գիրքը երկրորդ անգամ հրատարակուած է Երեւանի մէջ 2009-ին, անգլերէն թարգմանութեան հետ համատեղ:

«Թերթելով Մամուլը», լոյս տեսած է Պէյրութ, 2011-ին: Գիրքը կը պարունակէ Ասատուր Կիւզելեանի խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն հատընտիրը։ Այս հատորի «Դէմքեր» խորագրուած բաժնին մէջ հեղինակը, ի միջի այլոց, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ հնդիկ հանճարեղ բանաստեղծ Ռապինտրանաթ Թակորի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը: Գիրքի «Ճամբու Նոթեր» բաժնին մէջ, Ասատուր Կիւզելեան կը ներկայացնէ սփիւռքի զանազան հայաշատ քաղաքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները, ինչպէս օրինակ, Պոլսոյ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին իր սիրած բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի եւ Մաթէոս Զարիֆեանի աճիւնները:

«Կը Խօսին Նամակները» հատորը նուիրուած է Ասատուր Կիւզելեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի՝ Ասատուր Կիւզելեանի եւ Վահրամ Մավեանի տպաւորիչ նամակագրութիւններուն։ Գիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2014-ին։

«Յարատեւող Բարեկամութիւն», հեղինակ` Ալբերտ Փարսադանեան, հրատարակուած` 2004-ին, Երեւան: Գրքի երկրորդ եւ նոր նիւթերով ընդարձակուած տարբերակը լոյս տեսած է Երեւան, 2009-ին, որուն մէջ կան Ասատուր Կիւզելեանի բազմաթիւ յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները։
Ասատուր Կիւզելեանի մասին՝ https://bit.ly/3iIGM48
Հրատարակութեան պատրաստեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

[1]Հայ Եկեղեցականներ Նահատակ Ցեղասպանութեան, Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան http://abakanews.org/ September 25, 2015: Հայր Զաւէն Արզումանեան, որ Գահիրէէն Անթիլիաս ժամանած էր 1949-ի Սեպտեմբերին: Ապագայ Շաբաթաթերթ, էջ 14, 6 April 2020

[2] Հոգելոյս Տ. Գէորգ Ծ. Վարդապետ Կարպիսեան Հաճըն թաղի Սուրբ Գէորգ եւ Ռըմէյլի, Խալիլ Պատաուի թաղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ էր: Նաեւ Դարուհի Յակոբեան եւ Տէմիրճեան դպրոցներու մէջ Կրօնք կը դասաւանդէր: Խեղդամահ եղած է Լիբանանի ծովին մէջ:Այս մասին կը տեղականամ գրող՝ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանէն:

[3] Հայալեզու ցեղախումբ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, Արմենի-Շուպրիա երկրի հիմնական բնակչութիւնը։

[4] Սիմոն Սիմոնեան (24 Մարտ 1914, Այնթապ – 11 Մարտ 1986, Պէյրութ ), հայ գրագէտ: «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» տպագրատան ու հրատարակչատան (Պէյրութ) հիմնադիր։ 1954–ին կ՛ուղարկուի Սովետական Հայաստան, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան, որպէս անդամ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի պատուիրակութեան։

[5] Բիւզանդ Եղիայեան (1900 Ատանա – ԱՄՆ,1995) Տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած է Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին, Պէյրութի «Դարուհի Յակոբեան» եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդ. վարժարաններուն եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Տարսոնի եւ Զմիւռնիոյ ամերիկեան քոլէճներուն, Աթէնքի կրօնից Վարժարանին, Ժընէւի Institut Universitaire de Hautes Études Internationalesի եւ Birmingham.Woodbrooke College, (Անգլիա) Selly Oak Colleges մէջ՝ մասնագիտնալով մանկավարժական, աստուածաբանական, միջազգային-օրէնսգիտական եւ քաղաքական – տնտեսութեան ճիւղերուն մէջ:

[6] Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեան (Նիկոսիա), Լիսանիէ Մանկավարժական Գիտութեանց, Պրիւսէլի Համալսարանէն (1940): Հետեւած է նաեւ Փոլիթէքնիքի, «Օրիանթասիոն Փրոֆէսիոնէլ»ի եւ Գրականութեան ճիւղերուն: Աղբիւր՝ Յուշարար Պաշտօնաթերթ, ՀԲԸՄ, Նիւ Եորք, 1 Յունուար 1946, Էջ 9: Դասախօս էր Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ:

[7] Շահան Պէրպէրեան (1 Յունուար 1891, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 9 Հոկտեմբեր 1956[1], Փարիզ, Ֆրանսա), հայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող։ Նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանի հայրը։ 1911-ին ծանօթացած է Կոմիտասին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած է արուեստի հարցերու շուրջ։ 1922-ին Գեղամ Գաւաֆեանի, Վահան Թեքեանի, Յակոբ Օշականի եւ Կոստան Զարեանի հետ խմբագրած է «Բարձրավանք» ամսաթերթը, որ կը բաղկանար արուեստի եւ գրականութեան բաժիններէ։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button