ԼԱՅՔ ԸՆԵԼ, ՔՈԼ ԸՆԵԼ, ՄԷՅԼ ԸՆԵԼ ՄԵԹԷՈՆ ՔՈՆՍԻՒԼԹԷ ԸՆԵԼ…

0 0
Read Time:2 Minute, 22 Second

 

            Քաղաքապետի 11 Նոյեմբերի աւանդական ընդունելութեան ներկայ ըլլլալէ ետք, Կեդրոնականցին եւ Էլպիս այցելութեան եկան: Արմենակ, իր բնակած քաղաքի յայտնիներէն Ժեղոմ Ասատուղին ծա-նօթացեր է, որ իրեն ներկայացուցեր է արեւելքէն Ֆրանսա գաղթած իր նոր կինը, Սամանթան, որ լոյսերու քաղաքը չհասած, քիթ, բերան ականջ, շուրթ, թուշ, յօնք, բերան թարմացուցած էր, պոթոքսային գեղուհի դաձած էր, Սրբուհին ալ փոխարինած էր Սամանթայով:

            Քչախօս Էլպիս, իր կարգին խօսեցաւ եւ պատմեց, ինչ որ լսած էր իրենց թաղի արեւելքէն եկած կիներէն: Սամանթայի մայրը, Ագա-պին, իր ոսկեղէնները ծախած եւ ծախսած էր,  իր աղջիկը գեղեց-կացնելու համար: Արեւելք անոր բախտը չէր բացուած: Արեւելքցիի հնարամտութեամբ, ինքնութեան թուղթին մէջ քառասունի դռներուն հասած Սամանթայի տարիքը եղած էր քսանեօթը, Վաթսունի դռներուն հասած Ժեղոմին ծանօթացուցած էին պճնուած Սամանթան, որ թաղի նախակրթարանէն սորված հայերէնը կը համեմէր       ար-դիականացածի ֆրանսերէն բառերով: Հիմա ալ քոմփիւթըրային յա-ռաջդիմութեամբ՝ անգլերէնով :

Ժեղոմ Ասատուղ, Սամանթա, Էլպիս եւ Արմենակ զրուցած են սպասե-լով քաղաքապետին ճառը:

            Քաղաքապետը իր ճառին մէջ  յիշեցուցած է, Ժեղոմին նայելով, որ հայերն ալ կռուած են իենց կողքին, բայց չէ ըսած, որ իրենք անոնց տրուած խոստումները մոռցած են:

            Արմենակ ըսաւ.

            – Մակա՛րս, հնամաշ ճաբոնական պուպրիկի նմանող Սաման-թան մեզ տպաւորելու համար անուններով եւ երկիրներով մեզի պատ-մեց, որ աշխարհի չորս կողմէն մէյլեր կը ստանայ եւ կը պատասխանէ, կը ստանայ պատկերներ եւ եութիւպնեեր, անմիջաապէս լայք կ’ընէ, եթէ մօտիկ անձ է ղրկողը՝ քոլ կ’ընէ, մէյլ կը ղրկէ ըսաւ նաեւ, որ  այս եղանակին տունէն դուրս գալէ առաջ մէթէոն քոնսիւլթէ ըրած է: Եթէ Ժեղոմը եւ Սամանթան, նորոյթին հետեւելով Հայաստան երթան քա-ղաքապետին հետ, դեռ հայերէն խօսող հայաստանցին պիտի ըսէ, որ բոլոր հայրենասէր  տուրիստներուն պէս ասոնք ալ վապշէ մոդեռն հայերէն կը խօսին: Մակա՛րս,արդէն ներսի եւ դուրսի հայերը վապշէ զիրար կը լսեն: Վապշէ լսելով վապշէ կը գործակցին, վապշէ հայ-րենիքի համար:

            Դրան առջեւ, Արմենակ, ինչպէս միշտ, ըսաւ, որ բարեկամ խըմ-բագիրներուս գրեմ, այս մասին, թող գրեն, եթէ դեռ լսողներ եւ ընթեր-ցողներ կան: Եթէ Ժեղոմ եւ Սամանթա Քաղաքապետի պատ-ուիրակութամբ Հայաստան երթան գան, ազգը կը հզօրանայ նոր ղեկա-վարով մըն ալ: Թերես՝ երկու:

            Կար ժամանակ երբ հայրենահանուած հայերը ներկայ կ’ըլ-լային իրենց հայրերէն  Էրգրի խլուած գիւղերու եւ քաղաքներու անու-նով հայրենակցական միութիւններու           յիշատակի հանդէսներուն, եւ կը յուզուէին, այդ հանդէսներուն կը խօսուէր հերոսամարտի եւ հե-րոսներու մասին: Եթէ այսօր կազմակերպուէր հայրենատիրական-բնակեցման-վերադարձի  հերոսամարտը… Փոխանակ գոհանալու օրինակելի կերպով նոր երկրին եւ քաղաքին համարկուած ըլլալու հաճոյախօսութեամբ, որ Էրգրի հերոսամարտերու ուրացումն իսկ է:

            Այսօր հայկական մեծ ու պզտիկ կազմակերպութիւնները եւ անոնց մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, իրենց հաշուետուութիւններուն մէջ քանի՞ հոգիի վերադարձով եւ որքա՞ն տարածքի բնակեցում իրա-կանացնելով, Հայաստանի բեկոր Հանրապետութեան ապահովու-թեան նպաստեցին: Հանրապետութեան ղեկավարութիւնները քանի՞ հայրենահանուածի ժառանգներու վերադարձին նպաստեցին, միշտ՝ հայրենատիրութեան լիցք տալու համար: Նպաստեցին, միշտ՝ հայրենատիրութեան լիցք տալու համար:

            Օր մը Ժեղոմը եւ Սամանթան Սիսիանէն կամ Աշտարակէն Մէյլ եւ քոլ պիտի ընե՞ն… Ժեղոմը մերուելու համար յատուկ անուն է, չշփոթել ոչ Յեղկոմի եւ ոչ ալ Ժողկոմի հետ…

            Եթէ գրաբարը թանգարան դրած չըլլայինք, պիտի կրկնէինք իմաստուն խօսքը. «Հաւատք քո կեցուցէ զքեզ»…

 

Մակար ի  Գաղիա, 12 Նոյեմբեր 2022

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles