Դոկտ․ Արա Սայեղ
Վերջին տասնամեակներուն, տպագիր գիրքերու աւանդավարժ ընթերցասէրներուս համար, ոչ միայն ականատեսներն ենք, այլ բարեվարժ օգտագործողներն ենք առցանց, ելեկտրոնային թուայնացած արհեստագիտութեան օժանդակութեամբ հայերէն բազմիմաց գիրքեր կարդալու։
21-րդ դարու հաղորդակցական տարաբնոյթ սարքերը, համակարգիչներէն մինչեւ բջիջային հեռախօսները անրջական կը դարձնեն տպագիր հրատարակութիւնները։ Բայց եւ այնպէս հայ իրականութեան առջեւ բացուող հաղորդակցական հսկայ կարելիութիւններու պարտադրող ազդեցութեան հետ համակերպելով, համակարգիչի պաստառին առջեւ նստած, կը վայելենք թուային արհեստագիտութեան բազմօգուտ եւ հաճելի կիրառումը, համացանցի տարբեր հարթակներու վրայ թուային գիրքերու միջոցով մեր ոսկեղնիկին հետ դարձեալ գլուխ-գլխի գալով, համակ եւ յօժարակամ նուիրումով կ՛ըմբոշխնենք մեր գեղահրաշ հայերէն լեզուի խոհեմիմաց գեղեցկութիւնը։
Այս պարագային հայերէն գիրքի մը թուայնացած օրինակ մը ստանալը իմ առաջին փորձս չէ, ամէնօրեայ իմ աշխատանքի ընթացքին մէկ մասնիկն է։ Ճիշդ է, որ գրասէր ամէն մարդու նման պիտի նախընտրէի մակագրուած շահեկան տպագիր նոր հատորով մը յարդարելու գրադարանիս առլեցուն դարանները, ուր պիտի փորձեր գտնել իր պատուոյ տեղը։
Բայց այս անգամ աւանդական կամ թուայնացած գիրքի մը օրինակը ստանալու աննշան մտահոգութիւնն իսկ չէր։ Դէմ յանդիման էի «Սփիւռքը» միայնակ բառով գիրքի խորագրին հետ, որուն ելեկտրոնային տարբերակը ստացած էի հեղինակէն, մեր սիրելի մտաւորական՝ Գէորգ Պետիկեանէն։ Հետաքրքրութեանս գլխաւոր նիւթերէն մին հանդիսացող խրթնայայտ «Սփիւռք»ն է, մեր ազգի համար այնքան կնճռոտ, տագնապայարոյց, հոգեխոցի համազօր եւ համայն ժամանակներու համար ահազանգերով յագ ու վճռական, որ տակաւին կը մնայ աղերսահայց եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան կարօտ։
Փակագիծ մը բանալու համար, ժամանակի արագընթաց շունչով եւ սփիւռքահայուն ակնկալութիւնները գոհացնող նորաստեղծ լուրջ պարբերականի մը, բաւարարող հարթակի մը հարկաւորութիւնը ներկայիս զգալի է, նոյնիսկ առցանց համապարփակով՝ «ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ» կամ «ՍՓԻՒՌՔ» վերնագրով, սփիւռքի ձայնը հանդիսացող պարունակով, իբրեւ նոր հիմնաշաղախ մը։ Նման նախաձեռնութիւն մը գործնական խօսուն արտայայտիչը պիտի ըլլայ հայ սփիւռքի կառոյցներու, հայկական համայնքներու զանազան միաւորներու՝ միասնական, հաւաքական ու համատեղ գործունէութեան, ոչ միայն իբրեւ համահայկական տագնապները արտայայտող, մարտահրաւէրները արձագանգող, այլեւ դառնալու գործնական ու հեռատես ռազմավարութեան առաջնահերթութիւն մը, մեր ներուժը համախմբելու, համագործակցութեան հարթակներ ստեղծելու, հայ մտաւորականներու փաղանքները համախմբելու, գերանհրաժեշտ օրակարգերու, հիմնական ծրագիրներու շուրջ, որ կը կոչուին Սփիւռքի գոյառումի գերխնդիրներ։ Բայց այդ մէկը երեւի մեր հաւաքական ակնկալութիւններէն հեռու է։ Կարելի՞ է այդ ակնկալութիւնը փոխարինել անհատի մը, մտաւորականի մը կողմէ «Սփիւռքը» վերնագրով պարկեշտ հատորի մը հրատարակութեամբ։ Փակենք փակագիծը եւ վերադառնանք մեր նիւթին։
Գէորգ Պետիկեանի «Սփիւռքը»ը արգասիքն է հայօրէն մտածող, զգացող եւ գործող, յիսունէ աւելի տարիներու իր մտաւորական փորձառութեամբ, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ կրթական վաստակաշատ դաստիարակ, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակիցին։ Անակնկալ մը չեն նաեւ սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան տագնապները ամէնօրեայ ղօղանջներու նման հնչեցնող, սթափեցնող, ազգային արմատներուն թափանցելու եւ կառչելու խրախուսիչ իր դիտարկումները, հրապարակախօսականները։ Պայծառատեսիլ եւ լուսամիտ հայու կերպարով ներշնչուելու, ապրելու իր խանդավառող գրութիւնները, ուր ընթերցողին համար այնքան թելադրող են, իրենց տողատակի պարունակով՝ հոգատար ու հսկողական, գրական աւանդով՝ եզախորհուրդ։ Սպասելի էր, հայապահպանման ամէնօրեայ սուր ու անհաւասար պայքարը իրը դարձուցած յանձնառու նման մտաւորականի մը կողմէ «Սփիւռքը» վերնագրով քաջիմաստ գիրք մը գրելու յղացումը կամ դրդումը։
Կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այս խորագիրը: Ի՞նչ կը պատգամէ այս մտախոհ վերնագիրը, եւ ի՞նչ կը ներշնչէ անոր բովանդակութիւնը։ Արդեօ՞ք հեղինակը կարիքը ունէր տասնամեակներ սպասելու Արամ Ա վեհափառի՝ 2022-ը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելու պատգամին ու անոր յորդորող խորհուրդին։ Բնական է, որ այս գիրքին մէջ գրուած ենթախորագիրներէն մէկը արձագանգած է այդ կոչին։ Բայց պահ մը կարելի է կռահել թէ հեղինակը ի՞նչ պիտի պատասխանէ եթէ նման վերեւ յիշուած հարցումները ուղղուին իրեն, մանաւանդ, որ ինք իր յօդուածներէն մէկուն խորագիրն իսկ ընտրած է՝ Շատերու քիչ «Ծանօթ» եւ նոյնքան ալ «Անծանօթ» սփիւռքը։ Բայց Ի՞նչ լուծումներ, ինչպիսի՞ ելքեր կ՛առաջարկէ ժամանակակից հայ «Սփիւռք» կոչուած խրթնայայտ առեղծուածին, հայ սփիւռքի խուճապուտ իրականութեան, գոյարումին, սերնդափոխութեան, նոր սերունդի շահագրգռուածութիւնը, պատրաստակամութիւնը բարձր պահելու վճռական պահերով լեցուն մեր մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր մտածող միտք, կը դիմէ իր գրիչին եւ գրիչը ամուր սեղմած կը հետեւի իր մտածումներով սնանող գրիչի տողանցքին: Գ․ Պետիկեան հեղինակը հաճելի բարեխառնութեամբ, երբեմն խրախուսող ու համոզող, երբեմն ալ այպանական ու հեգնական մեկնաբանութեամբ բնութագրած է իր մտարթուն մտորումները, սրամիտ պատասխանները։ Իր մտատիպարը կը յայտնուի բազմատասնեակ իր յօդուածներու վերնագիրներով եւ անոնց բովանդակութիւններով ու մանաւանդ իր հրապարակած տասնեակ մը գիրքերով՝ «Մայթերու Անցորդը» (հրատարակուած 1997), «Անգոյն Տերեւներ» (2001), «Գրադարանս» (2004), «Բարեւ Հալէպ» (2007), «Դիմատետրս» (2011), «Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր» (2015), «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» (2017), «Ես Տեսայ Անին» (2019), «Տարին, որ Անցաւ» (2021), «Սփիւռքը» (2022), որոնց կողքին հրապարակած է գրական երկեր, երկուական արարներով ներկայացուած թատերգութիւններ։
Գ․ Պետիկեան, սփիւռքեան շուրջբոլոր իր դեգերումներու քառուղին բոլորած է անցնելով իր թագաշուք ծննդավայր Հալէպէն, հայակերտումի լուսասնունդ դարպասէն՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։ Այս առիթով հեղինակը լայնօրէն բացած է իր յիշողութեան պատուհանները եւ յիշատակներու արկղները, ուր ամբարած է իր յուշերը։ Այդ բոլորը ընթերցողին համար միայն լուսանկարներ չեն այլ վառվռուն շարժանկարներ։ Ան Ճեմարանի մէջ սնանած է գիր, գրականութիւն, ազգային բարձր կրթութիւն, առողջ հայրենասիրութիւն, գօտեպնդուած է ազգային կամքի գարունագեղ երազներով, թեկուզ անցնելով այդ կրթական օճախին անցեալի թիթեղեայ կամ քարէ երդիքներուն տակէն։
Իրերայաջորդ տարիներով եւ միաժամանակ հայագիտականի իր ճաշակած սնունդով փայփայած է խրովահեղ ազգային եւ հայատրոփ գրական-մշակութային ներշնչանքով ինքնամշակում՝ փառազուարճ Պէյրութէն։ Այդ գիտելիքներն ու փորձառութիւնը դարձեալ կուտակած է իր հոգեմտաւոր արկղներուն մէջ, եւ ապա հասնելով բազմահամ, բայց միաժամանակ բազմահոգ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, հաստատուած է Կլէնտէյլ քաղաքի մէջ 1980-ին, ուր արդէն հասած է իր գրական եւ ստեղծագործական վերարտադրութեան պատեհ ժամանակը։
«Սփիւռքը» վերնագրով հատորը խտացուած է 208 էջերու մէջ։ Գեղեցիկ ու անմիջական պատումներով հատորը, լոյս տեսած է ԱՄՆ-ի մէջ, Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի մեկենասութեամբ իր վաղամեռիկ տիկնոջ՝ Հանգուցեալ Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի քաղցր յիշատակին։ Հատորին խմբագիրն է Դոկտ. Ալիս Քրիւմեան։ Հեղինակը «Սփիւռքը» հատորը ձօնած է այս տարի զուգադիպող Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին։
Հայաշխարհի իրավիճակին եւ մանաւանդ սփիւռքահայու խոհերուն լաւատեղեակ ու խռովքներուն քաջածանօթ հեղինակը աղերսահայց հենք մը ունի։ Յիսունի բարեւ տուող գրական բարեճաշակ իր գրութիւններուն ամէն մէկ համեմուած եւ սրտախօսիկ ենթախորագրին մէջ, ինչպէս՝ «Աւարայրն ու նոր Աւարայրները», «Հիմնահարցերէն՝ էականները», «Մեզի եւ իրենց» եւայլն, ընթերցողը մագնիսացած կը դարձնէ իր հաճելի պատումներուն։ Պետիկեան հայ սփիւռքի տագնապները ապրող մըն է իր պատումներուն մէջ, համբերատար է հայը որոնող իր դեգերումներուն մէջ։ Հեղինակը լաւապէս գիտնալով, որ կարելի է իբրեւ հալէպահայ, սփիւռքահայ թէ ամերիկահայ ըլլալ, սակայն երբեք միտքէն չէր անցուցած հայու նոր տեսակին՝ ֆէյսպուքահայի կերպարին մասին, որուն հայ ինքնութիւնը ենթակայ է աղօտելու վտանգին, մանաւանդ անդէմ ու անդիմագիծ ինքնութեամբ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը դառնալու կամ դիմակայելու տագնապին։ Հեղինակը լաւապէս գիտնալով, որ ժամանակը սփիւռքահայուն եւ բոլորիս համար ալ քմահաճ, անողոք եւ անզիչող է, բայց եւ այնպէս ան լաւատես սպասող մըն է, խակ արդարացումներ փնտռող մը չէ, գործին հաւատացող մըն է եւ անտրամադիր է հաշտուելու անըմբռնելիին հետ, որով ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին։
Զինք լաւապէս ճանչնալու, ընկալելու համար պէտք է մտնել հայու իր մորթին տակ, նախապայման է լսելու անոր հոգիի թրթռոցը։ Հաւատացող մըն է, որ կենսունակ եւ հայեցի սփիւռքը հայրենիքին ալ յոյս եւ ուժ կը ներշնչէ։ Լաւատեղեակ ըլլալով, որ այդ մէկը կը պահանջէ հայու սպառնացող հոսանքներուն դէմ նաւարկելու, ուր պէտք է գիտնալ խոհեմ եւ դրական լուծումներ ծրագրելու կերպերը։ Պահ մը լաւատեսութամբ կը միաձուլէ հեղինակի իր արշալոյսներու ոգեորող ձգտումը, որ նաեւ ընթերցողներուս ալ կը կարծես ըլլայ։
Անուրանալի են հեղինակի գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ խոստովանանքի համազօր փաստագրութեան եւ վկայագրութեան հայահունչ աւանդը, զգայուն անհատականութեան կերպարը, նկարագրի գեղեցիկ երանգն ու որակը, որոնց հետ դժուար է չհամաձայնիլ։
Սփիւռքի ժամանակաշրջանները վերադիտող ու վերագծող մըն է իր քննարկող մեկնաբանութիւններով։ Վերաբնութագրող մըն է ամենասովորական երեւոյթները, որոնք կը յատկանշուին տարբեր ջերմութեամբ, թելադրութեամբ, ներգործութեամբ եւ իմացական շահեկանութեամբ։ Վերծանող մըն է ոչ միայն սփիւռքի անտեղի խորշոմներուն, այլ իր յիշեցումներով, մատնանշումներով զգուշացնող մըն է սփիւռքահայու անհամ բարդոյթէն։ Հեղինակը իր հատորին մէջ հաստատ հաւատքով ու անխախտ թափով պատգամաբեր մըն է, կը շարունակէ թաթխել իր գրիչը մելանառին մէջ, սրտապնդող մեծ յոյսով վերաբնութագրելու, խորաչափելու սփիւռքահային անչափելի ինքնութեան ճշմարտութիւնը, խանդավառ հաւատքով դիմակայելու սփիւռքի շնչասպառ իրականութիւնները, խորազգալու տեսակաւոր անկոչ տագնապները։
Գ․ Պետիկեանի գրութիւնները «Սփիւռքը» հատորին մէջ միայն գրական շարադրանքներ չեն եւ ոչ ալ վիպական պոռթկումներ, անոնք կը միտին ըլլալ թափանցող, անյապաղ եւ սրտահաճոյ հրաւէր մը բոլորիս՝ նոր տեսլականով ծրագրելու, նախագծելու եւ դիմագրաւելու մանաւանդ ներկայ ժամանակներու սփիւռքի սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները, լաւ գիտնալով, որ այդ տրամախոհութիւնը միայն բարի ցանկութիւններով չըլլար, իր բաղձանք հրաւէրը՝ անժամանակ է, արդար եւ իրաւ է։ «Սփիւռքը» հատորին մէջ, Գ․ Պետիկեանի ահազանգը հնչեղ է, ցայտուն եւ հաստատակամ է, այդ մէկը կարելիէ հաստատել իր խոհուն դիտարկումներէն մէկուն մէջ՝ «այլեւս յոգնած ենք կարգախօսներ լսելէ, իրարու հետ վիճելէ, զիրար ատելէ, մեր բախտը ուրիշին կապելէ: «Ես»ն ու «անձնական»ը գերադասած ենք «մենք»ին: Վկա՛յ՝ Սփիւռքի ու հայրենիքի մեր ժողովուրդի իրավիճակը»: Յանուն ապագայի եւ մանաւանդ յաջորդող սերունդներուն համար, ստիպուած ենք սրատես, կառուցողական եւ գործնական մտածելու, մասնաւորաբար ծրագրելու գալիք ժամանակներու սփիւռքահայութեան գերխնդիրները։
Հեղինակին այս հատորն ալ, ինչպէս նախորդները հարուստ են ներգործութեամբ, նկատառելի նշանակութեամբ կը համակեն ընթերցողը, երբ սքանչելի բառագանձը կարդանք իր արձակ գրութիւններուն մէջ։ Հեղինակին բնատուր գրական շնորհքը կը թեւածէ հաճելի, մտերիմ եւ նոյնքան ալ սրտայորդոր պատումներու վերապրեցնող բովանդակութեամբ, անոնք էապէս վերականգնողական եւ աղերսախառն իմաստ մը ունին, ընթերցողներս կը մղեն իր ներշնչած անձայն խոկումի հոգեվիճակներուն հետ ապրելու։
Կը մնայ ջերմօրէն յանձնարարել այս հատորին ընթերցումը, որուն վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ մեծապէս հոգեկան բաւարարութեան անխառն վայելքը։ Իսկ հեղինակին՝ ցանկալով անկաշկանդ գրական թռիչք եւ նոյն ուղիով ու կիզակէտով նորանոր եւ տեսիլաստեղծ խորագիրներ։
Գրախօսականներու թագն է դրուած մեր ամենասիրելի ու թանկագին Գէորգ Պետիկեանի գրական վաստակին: Փրոֆ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂԻ Ara Sayegh ներբողալից, խորաթափանց ու բացառիկ գրախօսականը շատ համահունչ է ԳԷորգ Պետիկեան անձին ու անոր գրական արժեւորումին, որ ամբողջականութեամբ բացայայտուած է գրող Պետիկեանի ներաշխարհը, անոր գրիչէն բխող միտքերուն խորախորհուրդ ծալքերը: Գրիչդ բեղուն սիրելի Արա Սայեղ .. Պետիկեանը արժանիներուն արժանին է: Շաքէ Մանկասարեան: Seta Mangassarian Baliozian Lucy Mangassarian
Սիրելի մտաւորական բարեկամ Դոկտոր Արա Սայեղ Ara Sayegh, Գրախօսական գրելը արուեստի վերածած ամուսնոյս Պէպոյին տարիներու ընթացքին գրած գրախօսականները կարդալով եկած եմ այն եզրակացութեան, որ ուրիշ հեղինակի մը միտքի ու հոգիի արգասիքը հանդիսացող հատորը ըստ արժանւոյն ներկայացնել է եւ գնահատելը կ՛ենթադրէ հոգեկան ազնուականութիւն, բարձր ոգի, անանձնական մօտեցում: Ոչ միայն Գէորգ Պետիկեանի գիրքը ներկայացուած է նուիրուած սփիւռքին, այլ զայն հեղացող հեղինակին մտաւորական գրական պատրաստութիւնը:
Խոր կերպով վերլուծման ենթարկուած են հատորը կազմող գրութիւնները, գաղափարներուն ճշմարտութիւնը, լեզուական բարձր արժէքը, հայրենասիրական եւ ազգային բացառիկ ենթահողը:
Արա Սայեղի գրելաոճը եւ գործածուած արեւմտահայերէնը կը նշեն բարձր մտաւորականի մը հեղինակաւոր ներկայութիւնը սոյն գրախօսականի ետին: Այսքան ամբողջական ձեւով ներկայացումը «Սփիւռք» հատորին կը հրաւիրէ ընթերցողը անձամբ կարդալու գիրքը եւ հաստատելու Ա. Սայեղի կատարած դատումները: Այսքան սրտառուչ գրախօսական որ առաջնորդէ ընթերցողը դէպի գրախօսուած գիրքը եզակի երեույթ է հայ իրականութեան մէջ:
Հեղինակ Պետիկեան եւ գրախօսող Սայեղ բարձրահասակ կը կանգնին այս գրական խրախճանքին դէմ յանդիման:
Հոգեկան վայելք էր այս փորձառութիւնը, որուն համար անհունօրէն շնորհակալ եմ իմ արժէքաւոր եւ թանկագին բարեկամ դոկտոր Արա Սայեղին: Azadouhi Kalaidjian Simonian