Մարք Յարութիւնեան
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարտութեան եւ ձախողութեան էջերը կը դարձնէ, նոր էջ կը բանայ, եւ որպէս մարգարէ քաղաքական իր նոր դոկտրինով,- ՏԵՍՈՒԹԻՒՆով,- հրապարակ կու գայ, նոր դարագլուխ բանալու պէս: Ցարդ ամէնքն ալ սխալած են: Իր ձախողութիւնները եւ Հայաստանի ներկայ եւ գալիք պարտութիւնները անցեալի, մի՛շտ՝ նախկիններու սխալներու, հետեւանք են, ինք ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունի:
29 Հոկտեմբերին, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան համաժողովին, ուր գիտէր որ ոչ ոք դէմ պիտի արտայայտուէր, խօսած է Նիկոլ Փաշինեան, եւ ի պատիւ իրեն, խոստովանած է, որ Հանրապետութիւնը կանգնած է պատի առջեւ, իր ճակատագիրը տնօրինելու բոլոր հնարաւորութիւնները կորսնցուցած է:
Հայաստանի ԱՌԱՒՕՏ թերթէն նոյնութեամբ կ’արտագրեմ ելեկտրոնային էջը.
«Պարզուեց, որ Հ.Հ.–ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները. Փաշինեան ամենակարևոր լուրերը Հայաստանից՝ Telegram-ում Հոկտեմբեր 29, 2022 14:15
Մենք երբեք չենք մտածել, որ ղարաբաղեան հարցն այն հարցն է, որը մենք պէտք է օգտագործենք՝ իշխանութեան մնալու կամ ներքաղաքական հարցեր լուծելու համար,- այսօր ՔՊ 6-րդ համաժողովին իր ելոյթում ասաց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Նա կրկին յայտարարեց, որ 2007-ին մադրիդեան սկզբունքներով ՀՀ-ն ոչնչացրեց ըստ էութեան ԼՂ անկախութեան հռչակման իրաւական հիմքերը. «Մենք, իշխանութեան գալով, առերեսուելով այս իրավիճակի հետ, փորձեցինք, մեզնից կախուած ամէն ինչ արեցինք, որ ՀՀ պետականութեան հիմունքները նորոգենք: Մենք արձանագրեցինք, որ ՀՀ–ն պետական իշխանութեան մակարդակով 1990-ից մինչեւ 2018-ը հետեւողականօրէն քայքայել է պետութեան հիմքերը, այդ յետոյ պարզեցինք, որ մենք, մեր բոլոր ջանքերով այլեւս ի վիճակի չենք վերականգնել: Երբ որ մեզ քննադատում են, այդ քննադատութեան ընթացքում ես խնդրում եմ աղմուկի մէջ ուշադրութիւն դարձրէք ենթատեքստերին ու բառերի գենետիկային: Քննադատներից մէկն ասում է՝ երբ որ Ատրպէյճանը յոյսը կտրեց, որ բանակցային ճանապարհով կը կարողանայ հասնել նրան, ինչն ուզում է, պատերազմ արեց: Սա նշանակում է, որ ՀՀ իշխանութիւնները իրենց ողջ գործունէութեան ընթացքում մի գիծ են տարել՝ Ատրպէյճանին շարունակաբար յոյս տալ, որ իրենք առանց պատերազմի կը կարողանան հասնել նրան, ինչն իրենք ուզում են: Փաշինեանի խօսքով՝ սա թուում է խելացի քաղաքականութիւն, կարող են դա անել մէկ–երկու, նոյնիսկ 20 անգամ, բայց դա աւարտ պէտք է ունենայ ու 2018-ին Սերժ Սարգսեանն արձանագրել է դրա աւարտը: Փաշինեանի խօսքով՝ 30 տարուայ ընթացքում ՀՀ–ն կորցրել է Ղարաբաղի հարցի նկատմամբ վերահսկողութիւնը. «Պարզուեց, որ ՀՀ–ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները: Այո, եթէ մենք սխալ ենք արել, այդ սխալը հետեւեալի մէջ է, որ մենք չենք հնազանդուել այդ որոշումներին, բայց այդպէս վարուել ենք ոչ միայն ԼՂ խնդրի համատեքստում, այդպէս վարուել ենք, որովհետեւ հասկացել ենք, որ դրանով կը կորցնենք ինքնիշխանութիւնն ու պետականութիւնը: Մենք հասկացել ենք, որ իրականում գուցէ Ղարաբաղի հարցը ամբողջ պատմութիւնը չէ, պատմութեան մնացած մասը վերաբերում է ՀՀ–ին, նրա անկախութեանը, ինքնիշխանութեանը, սուվերենութեանը: Ինչպէս ՀՀ հիմնադիր փաստաթղթերում, այսօր էլ ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, սուվերէնությունը մեզ համար բարձրագոյն նպատակ է եւ այսօր էլ պէտք է բարձր յայտարարենք, որ որեւէ պարագայում մեր պետականութիւնը, մեր սուվերէնութիւնն ու անկախութիւնը որեւէ մէկի չենք զիջի: Մենք կուսակցութիւն ենք, որը պետք է տէր կանգնի մեր անկախութեանը, ինքնիշխանութեանը, պետականութեանը»: Ըստ Փաշինեանի, ՀՀ պետականութիւնը նոր տեսութեան կարիք ունի, որովհետեւ 30 տարի բզկտուած տեսութիւնը այլեւս չի կարող գոյութիւն ունենալ. 2018-2020-ի մեր գործունէութիւնը այդ տեսութիւնը փրկելուն, կենդանացնելուն, իրագործելուն էր ուղղուած: Բայց պարզուեց, որ քաղաքական ձեզ յայտնի հատուածում կայ որոշում, որ այդ տեսութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի: Այսօր մենք պէտք է նոր տեսութիւն ունենանք մեր պետութեան համար: Մեր բոլորի աչքի առաջ աշխարհի հին յարաբերութիւնները աշխարհակարգը փլուզուում են: Մենք պիտի չմնանք այդ փլատակների ներքոյ եւ պէտք է նոր տեսութեամբ նոր պետութիւն կառուցենք:
Յայտարարութիւնը, իր շեշտադրումով, կը նմանի Պետութեան Օրէնսդիր Ժողովին առջեւ, երկրի աւագ պատասխանատուի հաշուետուութեան, ԵՐԿՐԻ ՎԻՃԱԿի մասին:
Ուշադրութեամբ պէտք է ընթերցել եւ մանաւանդ իմանալ.
Առաջնորդող քաղաքական նոր միտքը.
՝՝Պարզուեց, որ ՀՀ-ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները…՝՝…
Ազգային Ժողովի անդամ եւ ապա վարչապետ Փաշինեան գիւտարարի պէս այսպէս խօսած է:
Արդէն գրեթէ հինգ տարի է, որ Փաշինեան կը վարէ Հայաստանի քաղաքականութիւնը, եւրոպական մայրաքաղաքներ, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիոյ Դաշնութիւն եւ անոր քաղաքները, Իրան, գնաց եւ եկաւ, նո՞ր միայն հասկցեր է, որ, միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները…
Վարչապետի խոստովանութենէն ի՞նչ հասկնալ որ այն, որ ինք, եւ իր նախարարները, ինչպէս կ’ըսեն «թիմ»-ը, հազարաւոր մղոններով չափած են երկինքի ճանապարհները, ի՞նչ եզրակացնելու համար: Կրկին ընթերցել. խոստովանութիւնը, որ կը թուի չքմեղանք ըլլալ.
՝՝Պարզուեց, որ ՀՀ–ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները…՝՝…
Որ Հանրապետութիւնը ինքնուրոյն քաղաքական կամք չունի, ինքնիշխանութիւն չունի:
Ի՞նչ բանած են ինք եւ իր թիմը հինգ տարի: Այս խոստովանութիւնը ժողովուրդին ըսելու համար, միթէ՞ հինգ տարի պէտք էր սպասել, քանի որ, ընդունուած կարգով, ժողովուրդն է դատաւոր: Այս խոստովանութիւնը կը նշանակէ, որ այլեւս Հանրապետութիւնը բանակցող կողմ չէ:
Եթէ այդ է Փաշինեանի եզրակացութիւնը, ի՞նչ պէտք է որ ըրած ըլլար, եւ ի՞նչ պէտք է ընէ հիմա:
Եթէ Հանրապետութիւնը դատապարտուած է փեչատողի դերին, ինչպէս նամակատան պաշտօնեան, որ կը կնքէ նամակները, վարչապետի, նախարարի եւ այլ պաշտօնեաներու կարիք չկայ:
Բայց վարչապետը եւ իր թիմը իմաստութեամբ հասած են այս եզրակացութեան: Բայց չեն ըսեր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, ի հարկէ՝ միշտ նախկինները բանակցած են, չեն պարտուած, չեն ուզած հայուն պատկանող տարածքներէն հրաժարիլ:
Վարչապետը չէ ըսած, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հանրապետութեան կամ իր նոր տեսութեամբ վարելիք քաղաքականութիւնը, քանի որ, իր բառերով, ՝՝Պարզուեց, որ ՀՀ-ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները…՝՝…
Այսի՞նքն…
Այս կացութեան դիմաց, ի՞նչ կը մտածէ եւ ի՞նչ պէտք է ըսէ ներսի եւ դուրսի մտաւորականութիւնը: Հայրենատէրի գիտակցութեամբ Կրաւորականութենէ դուրս պիտի գա՞ն Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի ՀԱՅը եւ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ:
Այսօր, Հայաստանի ՀՐԱՊԱՐԱԿ թերթին մէջ կարդացի Սոֆիա Յովսէփեանի յօդուածը, որ «Անցեալում ՔՊ-ի մօտ կար հեռահար գաղափարներ իրականացնելու ցանկութիւն, հիմա կայ հակահայ ծրագրեր իրականացնելու անկաշկանդ պրակտիկա»…
Յաւելեալ մեկնաբանութիւներու կարիք չկայ:
Ներսի եւ դուրսի հարազատ մտաւորականութիւնը իր առաջնորդողի պատմական պահու պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ: Վաղը արդէն ուշ պիտի ըլլայ: Այդ պիտի չընեն ո՛չ ներսի եւ ո՛չ դուրսի մէկ օդանաւէ միւսը ցատկող երեւելիութիւն խաղցողները: