ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎՏԱՆԳԻ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

Ա.Ա.

Սոչիի վերջին հանդիպումէն ետք Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ ռուսական հրապարակուած պաշտօնական կեցուածքը, թէ հարցին քննարկումը պէտք է ձգել յաջորդ սերունդներուն, այլ խօսքով՝ տագնապը պէտք է սառեցնել, կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան յամառօրէն կառչած կը մնայ իր համոզման վրայ, թէ Ղարաբաղի տագնապ գոյութիւն չունի, որովհետեւ անիկա լուծուած է քառասուն չորսօրեայ պատերազմով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ ռուսական նման կեցուածք գոյութիւն ունի: Ան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ռուսերը բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են, թէ ըստ իրենց, ճիշդ մօտեցումը Արցախի կարգավիճակի հարցին յետաձգումն է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ առարկայականօրէն ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ՝ գտնելու այնպիսի կարգավիճակ մը, որ ընդունելի կ՛ըլլայ կողմերէն։ Այսինքն՝ պաշտօնական Պաքու կտրականապէս կը մերժէ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գոյութիւնը։
Սոչիի հանդիպումէն բխած յայտարարութիւնն ալ ընդհանուր քննարկումներու եւ բանակցութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնար, որովհետեւ յստակ ոչ մէկ որոշումի մը գործադրութեան մասին ակնարկութիւն կար։ Իսկ երբ նկատի կ՛ունենանք Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգման մասին հայկական կողմին առաջարկը մերժուեցաւ, պատկերը առաւել յստակ կը դառնայ, թէ Արցախ կը գտնուի չափազանց վտանգաւոր գօտիի մը մէջ, ուր արցախցիին՝ իբրեւ ժողովուրդ ինքնորոշման իրաւունքը ոչ մէկ ձեւով նկատի կ՛առնուի միջազգային ընտանիքին կողմէ։ Այս իրողութիւնը հայկական ճակատը դէմ յանդիման կը դնէ դառն իրողութիւններու, ուր կշիռը կը թեքի ուժի եւ ոչ թէ արդարութեան կողմը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումները, թէ Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ անիկա լուծուած է պատերազմի միջոցով, կացութիւնը առաւել կը ծանրացնէ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն իսկական միտումները կը բացայայտէ՝ արցախցիները ատրպէյճանական օրէնքով պատժելու, նոյնիսկ բնաջնջելու իմաստով, որովհետեւ ատրպէյճանական լուծին տակ արցախ մը շուտով, գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ մը կրնայ հայաթափուիլ։
Հայաստանի պետութիւնը այլեւս երաշխաւորը չէ Արցախի եւ արցախցիներուն ապահովութեան եւ գոյութեան։ Ասիկա առաւել քան յստակացաւ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Պապայեան, մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով, զգուշացուց, թէ առանց ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, Արցախը գոյութիւն չ՛ունենար։ Պապայեանի այս հաստատումը կը նշանակէ, որ արցախցիներուն գոյութեան եւ Արցախի ինքնիշխան տարածքներուն ապահովութեան երաշխաւորը ոչ թէ Հայաստանի պետութիւնը, այլ ռուսական խաղաղապահ ուժերն են։ Մոսկուա այս իրականութիւնը շատ լաւ գիտէ եւ զայն կը դիտէ հարաւային կովկասեան իր ընդհանուր դերակատարութեան ծիրին մէջ։ Հայկական կողմը այս տուեալին վրայ առաւելաբար պէտք է սեւեռէ իր ուշադրութիւնը, որպէսզի Արցախը փրկուի հայաթափումէ, որովհետեւ ատրպէյճանական որոշ կեցուածքներ Արցախի գոյութեան սպառնալիքին թարգմանն են։ Առաջինը կը վերաբերի նոյնինքն ռուսական խաղաղապահ ուժերուն,որոնց առաքելութեան երկարաձգման համար հայկական առաջարկը մերժուեցաւ Ալիեւի կողմէ։Երկրորդ սպառնալիքը կ՛առնչուի ատրպէյճանական կեցուածքին, որուն մասին խօսեցաւ Փութին, երբ կենսական համարեց Ատրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ Արցախի մասին նշումին, որ սակայն անկարելի է, եթէ Ատրպէյճան համաձայն չգտնուի։ Իսկ երրորդը կը վերաբերի Ալիեւի կեցուածքին, որ հակառակ Փութինի պնդումներուն, շեշտեց, որ այլեւս Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles