Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Ինտիըն Օրչըրտ (Մասաչուսէց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխականները վայելեցին վերանորոգման եզակի առիթ մը, դիմաւորելով Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը եւ սրբալոյս նորոգ օրհնուած միւռոնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագը մատուցանեց ու քարոզեց։ Յաւարտ սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։
Նշենք, թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, վերջերս Երեւան մեկնած էր եւ Սեպտեմբեր 30-ին ղեկավարած էր Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, որ ներկայացուց էր Դանիէլ երաժիշտի հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր մեղեդիները՝ «Արուեստ եւ ժողովրդական պար», «Ուստի՞ կու գաս» եւ «Պետրոս Ղափանցի» մշակումները, Մոցարթի համանուագ թիւ 29-էն եւ Շոսթաքովիչի սենեկային համանուագէն հատուածներ եւ Սարգիս Ասլամազեանի գործեր՝ հայկական ժողովրդական երգերու թեմաներով: Տէր Հայրը իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի եւ Սան Փեթերպուրկի մէջ, մասնագիտանալով խմբավարութեան մէջ։