Ա.Ա.
Սեպտեմբեր 26, 1869-ին (հին տոմարով) Կուտինայի մէջ լոյս աշխարհ կու գար հայ երաժշտութեան պահապան հրեշտակը, անկրկնելի եւ անփոխարինելի Կոմիտասը,որուն կեանքին ոդիսականը պատմութիւնն է սուրբի մը, որ ստիպողաբար պայքարեցաւ խաւարամիտ եկեղեցականութեան, դրամով եւ փառքով յղփացած աշխարհական մեծամիտներու եւ նախանձոտներու հսկայ բանակի մը դէմ, որպէսզի մաքրազտէ եւ իրենց կատարելութեան ու մաքրամաքուր բնական վիճակին մէջ ներկայացնէ հայ գեղջկական եւ ժողովրդական երգն ու պարեղանակները։
Անկարելի է մեծ վարդապետին կեանքն ու գործունէութիւնը տեղաւորել յօդուածի մը սահմաններուն մէջ, որովհետեւ կարելի չէ զանց առնել նոյնիսկ ամէնէն յետին մանրամասնութիւնը, որ կապ ու առնչութիւն ունի աննման Կոմիտասի կատարած աշխատանքին, ապրած կեանքին եւ տառապանքին հետ։ Սակայն կ՛արժէ անդրադառնալ ահաւոր այն երկու շաբաթներուն, զորս անմահանուն Կոմիտաս ապրեցաւ Չանղըրըի մէջ, իբրեւ աքսորական քշուելով Անատոլուի խորերը, պոլսահայութեան ընտրանիին ամէնէն արժէքաւոր զաւակներուն հետ, որոնցմէ պէտք է նշել, Ռուբէն Սեւակը, Սիամանթոն, Դանիէլ Վարուժանն ու միւսները։
Երիտասարդ թուրքերը ծրագրած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միայն կը սպասէին յարմար առիթի մը, որպէսզի գործադրեն իրենց մեծ ոճիրը։ Առիթը ներկայացաւ Յուլիս 28, 1914-ին, երբ պայթեցաւ համաշխարհային առաջին պատերազմը։ Ամէն ոք կը զգար, թէ ահաւոր բան մը պիտի պատահի հայ ժողովուրդին։Կոմիտաս եւս ունեցաւ այդ զգացումը եւ պահ մը փոխադրուեցաւ Գերմանիա, աւելի ձեռնտու պայմաններու մէջ աշխատելու համար։ Սակայն Կոմիտասի նման մեծութիւններ չեն կրնար անջատուիլ իրենց հարազատ միջավայրէն եւ ժողովուրդէն։ Այս պատճառով ալ՝ Կոմիտաս, չափազանց անբարենպաստ պայմաններու մէջ վերադարձաւ Պոլիս, ուր դասապահեր վերցուց Ազգային Կեդրոնական եւ Նիկողոսեան վարժարաններուն մէջ։ Գիշերներն ալ ազգագրագէտ Տիգրան Չիթունիի հետ ձայնագրեց Վասպուրականի ժողովրդական երգերն ու պարերգները։
Բաւական յատկանշական է Երիտասարդ թուրքերու Պոլսոյ մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ Մարտ 1915-ին կազմակերպուած հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կոմիտաս։ Հալիտէ Էտիպ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ այս հանդէսին մասին, թէ անոր կիսուն բեմ բարձրացած են Թուրք Օճախի նախագահ համտուլլահ Սուպհի եւ Կոմիտաս։Սուպհի մեծ գովասանքով խօսեցաւ Կոմիտասի մասին։ Այս թուրքը ակնեցի էր եւ հայկական միջավայրի մը մէջ հասակ նետած էր։ Ան հանդէսին ներկայ գտնուող թուրք երաժիշտներուն խորհուրդ տուաւ, հետեւելու Կոմիտասի օրինակին՝ պրպտող միտք ունենալու եւ թուրք ազգին գեղարուեստական ճաշակը յղկելու համար։
Կոմիտասին չար բախտէն հանդէսին ներկայ էին Թալաաթ, Ճեմալ Ազմի, Էնվէր եւ Երիտասարդ թուրքերու միւս ոճրագործները….
……Քսաներեք ապրիլ 1915։ Ուշ գիշեր էր եւ Կոմիտաս կ՛աշխատէր մոմի լոյսին տակ։Դուռը թակեցին եւ գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանի ու Կոմիտասի խոհարար Գէորգ դուռը հազիւ բացած՝ թուրք ոստիկաններ խուժեցին ներս եւ շնական ժպիտով մը Կոմիտասը ոստիկանատուն հրաւիրեցին՝ սխալ հասկացողութիւն մը պարզելու համար։Ապա ոստիկանապետ Սիւլէյման հրամայեց բնակարանը խուզարկել։ Կոմիտասի տարիներու տքնաջան աշխատանքին արգասիքը՝ տրցակներով թուղթ պատռտեցին եւ գետին շպրտեցին թուրք ոստիկանները, որոնք վարդապետը հրմշտկելով բնակարանէն դուրս հանեցին։
Կոմիտաս կեդրոնական բանտին մէջ հանդիպեցաւ իր մտերիմներուն եւ ընկերներուն։Հասկցաւ, որ զուր տեղը յոյս կապած է թուրք էֆենտիներուն,որոնք միայն ամիս մը առաջ զինք լորձնաշուրթն գովաբանած էին։ Երբ մօտեցաւ Ռուբէն Սեւակի եւ Դանիէլ Վարուժանի, որպէսզի իմանայ Գրիգոր Զոհրապի եւ միւսներուն ճակատագրին մասին, թուրքին խարազանը իջաւ ուսերուն, մեծ վարդապետին հոգեկան աշխարհը տակնուվրայ ընելով։ Այս խարազանի հարուածը եղաւ առաջին ցնցումը, որուն պիտի գումարուէին միւսները, ի վերջոյ անմահանուն մեր մեծ վարդապետը ինքնամփոփ «խելագար»-ի մը վերածելով։
Լուսաբացին ձերբակալեալները՝ պոլսահայութեան ընտրանին, բաժնեցին երկու խումբի։ Առաջին խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Այաշ, երկրորդը՝ դէպի Չանղըրը։ Այաշ գացողներէն ոչ ոք ողջ մնաց։
Կոմիտաս՝ իր բախտակիցներուն հետ, որոնց շարքին էին բժիշկ Թորգոմեան, Գէորգ Ծ. վարդապետ Պալաքեան, Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթօ եւ Դանիէլ Վարուժան, մերթ շոգենաւով, ապա գնացքով, բայց շատ աւելի հետիոտն, կտրեց Անատոլուի կեդրոնական ամբողջ մասը՝ Չանղըրը հասնելու համար։ Աքսորականներուն իջեւա՞նը։Ախոռ մը, ինչպէս Թորգոմեան կը պատմէ իր յուշերուն մէջ։ Ամբողջ գիշերը Կոմիտաս կու լար եւ նոյնիսկ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ միւսներուն յորդորները չէին կրնար զայն հանգստացնել եւ հանդարտեցնել։ Յանկարծ խոր լռութեան մէջ լսուեցաւ վարդապետին զմայլելի ձայնը։ Ան երգեց Անտունին……Սիրտս նման է էն փլած տներ, կոտրել գերաններ, խախտել են սներ….
Յաջորդ օրը կիզիչ արեւուն տակ բեռնատար քառասուն երկու կառքեր կանգ առին խանի մը դիմաց, որպէսզի յոգնատանջ եւ հիւծած տարագիրը քիչ մը հանգստանան։ Բոլորն ալ ծարաւ էին,բայց ոստիկանները չարտօնեցին,որ ջուր խմեն։ Պատճառաբանութիւնը պարզապէս անմարդկային էր։ Նախ ոստիկաններուն ձիերը պէտք է յագեցնէին իրենց ծարաւը, ապա միայն՝ տարագիրները։ Երեւակայեցէք։Կոմիտաս, Սեւակ, Սիամանթօ, Վարուժան եւ միւս աքսորականները պիտի սպասէին, որ ձիերը ջուր խմեն, ոստիկանները զանոնք լուան, ապա միայն մօտենային հորին ու ջուր խմէին։ Այդ իրարանցումին մէջ, ինչպէս վերապրող տարագիրները կը պատմեն իրենց յուշերուն մէջ, Արմէն Դուրեան եւ Փաստրմաճեան յաջողեցան դոյլ մը ջուր ճարել եւ մօտեցնել Կոմիտասի, որ տեսնելով ջուրը, սկսած էր թեւերը թափահարել ուրախութեամբ։ Ճիշդ այդ պահուն ալ մեր անզուգական վարդապետը ստացաւ իր ներաշխարհը խարանող հարուածը։ Թուրք ոստիկաններէն մին՝ տեսնելով,որ Կոմիտաս ջուր պիտի խմէ, կից մը տուաւ դոյլին եւ ջուրը թափեց, նախքան որ Կոմիտաս դոյլը շրթունքներուն մօտեցնէ։ Ասիկա դեռ ոչինչ։Ուրիշ մը քմծիծաղով իր ընկերակիցներուն ըսաւ։ «Հայտէ, վնաս չունի, այս անասուններն ալ ջրեցէք»։
Կոմիտաս լսեց այս խօսքերը եւ երկվայրկեանի մը մէջ վերածուեցաւ լռակեաց ինքնամփոփի մը։Քենցաւ եւ ալ ջուր չխմեց։ Քաշուեցաւ անկիւն մը ու լռեց։ Ալ ոչ խօսեցաւ, ոչ ալ պատասխանեց ու հակազդեց։Վարդապետ Պալաքեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ,որ ճիշդ այդ պահուն ալ սկսաւ Կոմիտասի տառապալից անձկութիւնը, որ աւելի ուշ ախտի մը պիտի վերածուէր։
Մինչ ճամբան կը շարունակէին, կառքին մէկ անկիւնը սեղմուած՝ Կոմիտաս Պալաքեանէն խնդրեց, որ պահպանիչ մը ըսէ իր գլխուն եւ սկսաւ ճամբաներուն երկու երկայնքին շարուած ծառերը ողջունել եւ անոնց հետ խօսիլ։ Ջղագառութեան նոպաները սկսած էին։
Կոմիտաս թուրքին անմարդկային ոճիրին ապրող նահատակը եղաւ։ Ասիկա պէտք է լաւապէս ըմբռնենք։ Մանաւանդ այս օրերուն թուրքին թմբուկին կշռոյթներուն վրայ հայկական պար պարող պետական պատասխանատուները։