ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»
Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 8, Գերմանիոյ Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնէական միջեկեղեցական մեծագոյն կառոյցներէն մէկուն՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հերթական՝ 11-րդ համաժողովը: Այս կառոյցը ստեղծուած է 1948 թուականին: Խորհուրդին կ՛անդամակցին շուրջ 350 եկեղեցիներ աշխարհի 120 երկիրներէ: Խորհուրդը, ներկայացնելով քրիստոնէական եկեղեցիներու ընդարձակ ներկապնակ մը, աշխարհի տարածքին կը համախմբէ աւելի քան 500 միլիոն մարդ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրագոյն ժողովը համաժողովն է, որ տեղի կ՛ունենայ եօթը տարին անգամ մը: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին՝ իբրեւ մաս արեւելեան ոչ քաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին, լիիրաւ անդամ է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ անոր աշխատանքներուն կը մասնակցի զոյգ՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւններով: Խորհուրդի վերջին համաժողովի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընտրուեցաւ իբրեւ խորհուրդի ութ նախագահներէն մէկը՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը միջազգային եւ միջեկեղեցական մակարդակներու վրայ շատ մեծ դերակատարութիւն ունի անդամ եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները համակարգելու իմաստով: Այս ծիրին մէջ խորհուրդը շատ յաճախ քրիստոնէական զօրակցութեան եւ համերաշխութեան ձայն կը բարձրացնէ աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ անդամ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն դէմ հալածանքներու եւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներու գծով, ինչպէս նաեւ բազմիցս կողքին կանգնած է ազգային արդար դատերուն: Այս առումով աւելի քան բարացուցական է, որ միջեկեղեցական այս կառոյցը տակաւին երկու տարի առաջ շատ հատու եւ յստակ շեշտով դատապարտած էր ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի դէմ՝ Արցախեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմին ընթացքին:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր վերջին համաժողովին անգամ մը եւս ընդունեց Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնները եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ու անկէ ետք այդ երկրի՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման քայլերը դատապարտող յայտարարութիւն մը: Համաժողովի ընթացքին կազմուած էր միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբ մը, որուն զեկուցաբերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանն էր, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ վերոյիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան աշխատանքին մէջ:
Իբրեւ քաղաքական հիմնական շեշտադրում, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր տարածած յայտարարութեան մէջ եկաւ իր համերաշխութիւնը արտայայտելու Արցախի բնիկ ժողովուրդի մղած պայքարին՝ յանուն անոր ինքնորոշման իրաւունքին: Այս առումով ալ յատկանշական էր, որ համաժողովը խորհուրդէն եւ անոր անդամ բոլոր եկեղեցիներէն խնդրեց շարունակել քրիստոնէական համերաշխութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ հետ՝ աջակցելով անոնց արդար եւ կայուն լուծում մը գտնելու արցախեան հիմնահարցին: Այստեղ երկու հիմնական բանալի հասկացութիւններ կան, որոնք հիմքը կը կազմեն արցախեան հարցին վերաբերեալ միջեկեղեցական զօրակցութեան: Նախ կայ դատին հետ քրիստոնէական համերաշխութեան գաղափարը, երկրորդ՝ այդ դատին արդար լուծում ապահովելու գաղափարը: Երկու հասկացութիւններուն պարագային ալ խնդիր կայ ոչ թէ սոսկ բարոյական կեցուածք արտայայտելու, այլ յստակ քաղաքական յանձնառութիւն դրսեւորելու եւ առանց վերապահումներու հայութեան եւ Արցախի դատի կողքին կանգնելու:
Քրիստոնէական բարոյական յանձնառութիւնը կը դրսեւորուի յայտարարութեան յաջորդող բաժիններուն մէջ: Համաժողովը կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակուին բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան: Քրիստոնէական վարդապետութեան եւ մտածողութեան մէջ գերիներու ազատութեան գաղափարը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի: Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խախտելու մարդու ազատութեան սկզբունքը, բռնի ուժով զրկելու զայն իր ազատութենէն, առաւել եւս գերութեան մէջ ինկողները մարմնական, ֆիզիքական կտտանքներու ենթարկելու, որուն ապացոյցները մենք շատ տեսանք թէ՛ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, թէ՛ ալ քանի մը շաբաթ առաջ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ կատարուած նոր ներխուժումներուն ընթացքին: Ուրեմն, մարդու ազատութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը սրբութիւններ են քրիստոնէական հասկացողութեամբ, եւ ծանր յանցագործութիւն է այս սրբութիւններուն կոպիտ ու բռնի խախտումը: Մենք այս սկզբունքներուն եւ բարոյական հասկացութիւններուն մասին կը խօսինք, երբ պատերազմական գործողութիւններէն երկու տարի ետք թշնամին տակաւին քովը կը պահէ մեծ թիւով ռազմագերիներ:
Բնական էր նաեւ, որ միջեկեղեցական այսպիսի մեծ կազմակերպութեան մը համաժողովին որդեգրած յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ յատկացուէր հայկական պատմամշակութային եւ եկեղեցական կոթողներուն, կառոյցներուն, որոնք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք մնացին ատրպէյճանական բռնագրաւումին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ: Այս առումով ալ, մեկնելով Արցախի սրբավայրերը պղծելու վերաբերեալ տեղեկութիւններու տարածման երեւոյթէն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ յարգելու այդ սրբավայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց հայկական պատմամշակութային կոթողներուն եւ սրբավայրերուն վիճակին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային ընկերութեան բոլոր կարելի եւ համապատասխան միջոցներուն ձեռնարկելու՝ այդ կառոյցները պաշտպանելու նպատակով: Վերը նշեցինք արդէն, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդու ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը, մարդկային կեանքը ընդհանրապէս սրբութիւններ են, այս առումով ալ դատապարտելի են, մահացու մեղք են մարդը իր կեանքէն զրկելու արարքները: Այս գծով յատուկ նշում կայ յայտարարութեան մէջ, ուր յստակօրէն կը դատապարտուին քիմիական զէնքի եւ տարանջատուող ու միջազգայնօրէն արգիլուած զինատեսակներու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ պատերազմական այլ յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:
Վերոյիշեալ յայտարարութենէն զատ եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ համաժողովէն ետք միջեկեղեցական շարժումը շարունակեց իր հայանպաստ կեցուածքները: Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի գերիշխան տարածքներուն դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարները Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) յղեցին միացեալ նամակ մը, որուն մէջ անոնք կոչ կ՛ուղղեն միջամտելու՝ անմիջապէս կասեցնելու համար ատրպէյճանական կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումը, զինադադար հաստատելու եւ արդար ու մնայուն լուծում պարտադրելու շրջանին մէջ: Երկու կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարները նաեւ յիշեցուցին Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան 11-րդ համաժողովի որդեգրած յայտարարութեան մէջ Արցախի հարցին խաղաղ միջոցներով եւ քաղաքական երկխօսութեամբ արդար լուծում մը տալու կոչը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Ահաւասիկ մենք կը տեսնենք, թէ քանի մը առիթներով միջեկեղեցական համաշխարհային շարժումը անվերապահօրէն իր դիրքը կը ճշդէ հայ ժողովուրդի արդար դատին կողքին եւ աներկբայօրէն հասցէական յայտարարութիւններով կը դատապարտէ Ատրպէյճանի հայատեաց, յարձակողապաշտ եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը: