Սեպտեմբեր 28, 2022
Ճիշտ էք, Ընկերներ։ Ճի՛շտ էք։ Ռուսաստանը մեր հրեշտակն է։ Ռուսաստանը մեր սատանան է։ Եւ բոլոր նրբերանգնե՛րը՝ այդ երկուքին միջեւ։ Տեսականօրէն անառարկելի է այս գնահատականը։ Բայց գերակշիռ իրականութիւն մըն ալ կայ այսօր, որ կը ճշտէ էութիւնը այդ յարաբերութեան։ Այդ իրականութիւնը Մոսկուայի սանձերուն տիրապետող մարդերն են։
Բոլոր ռազմավարական նկատումներէն առաջ եւ ետք՝ այդ մարդե՛րն են, որոնք կ՚ըսեն եւ պիտի ըսեն վերջին խօսքը։ Ալիեւ յաջողած է մտնել այդ համակարգէն ներս եւ այդ մարդերուն վրայ խարսխել իր քաղաքականութիւնը։ Մի մոռնաք, որ Իլհամ Ալիեւ այդ բոլշեւիկեան հին համակարգի ծնունդն է։ Իր հայրը՝ Հայտար Ալիեւ ոչ միայն հզօր դիրք ունէր Խորհրդային Փոլիթ Բիւրոյին մէջ, այլեւ ՔԿՊ-ի։ Իլհամ թրծուած է այդ աշխարհի բնազդներով։ Ինք կը պատկանի բոլշեւիկեան Մոսկուայի քաղաքական ճահիճին, որ կը կառավարուի իր ներքին օրէնքներով։ Այդ ճահիճը, բոլոր իր վայրի կենսունակութիւններով, կրցած է վերապրիլ Ռուսական Դաշնութեան մայրաքաղաքին մէջ եւ լիովին կը տիրապետէ Դաշնութեան քաղաքական բեմին։
Ես յաճախ գործածած եմ «կաշառք» բառը…Բայց պահ մը անտեսենք ուղիղ կաշառքի հաւանականութիւնը (որ յամենայն դէպս գոյութիւն ունի գրեթէ ամէն տեղ նախկին խորհրդային երկիրներէն ներս)։ Ատկէ ետք ալ տակաւին անկարելի է անտեսել հետեւեալ ցնցիչ իրականութիւնը։ Զէնքի իր յարատեւ եւ ծաւալուն պատուէրներով, Ալիեւ կրցած է մեծ գործօն մը ըլլալ Ռուսաստանի ռազմական ճարտարարուեստին մէջ։ Ան այդ ճարտարարուեստի կենսունակութեան կնքահայրն է։ Ալիեւի գնումներէն կ՚օգտուին ոչ միայն ճարտարարուեստը, այլեւ Մոսկուայի տէրե՛րը՝ իրենք։ Այդ աշխարհին մէջ, երբ այդպիսի մեծ գումարներ ձեռք կը փոխեն, տեղի կ՚ունենան նաեւ երկրորդական վերաբաշխումներ։ Յանկարծ մարդի՛կ կը հարստանան եւ establishment-ն է, որ ինքզինք կը պարարտացնէ եւ կը մշտնջենաւորէ իր գոյութիւնը։ Պարարտացող establishment-ը ինքնաբերաբար կը պարարտացնէ նաեւ զինք ուժականացնող համակարգը…եւ փոխնիփոխ։ Տեղի կ՚ունենայ փոխ-սնուցում (symbiosis)։ Այսինքն սնանող բեւեռները կը փոխսնուցեն զիրար իրարու մէջ տեսնելով մէկզմէկու կենսաւորումը։ Այժմ պէտք է տեսնենք կապը Ազրպէյճանի պատերազմական խուժդուժ գործողութիւններուն եւ Մոսկուայի իշխող համակարգի ընչաքաղցութեան միջեւ…
Ալիեւ կրցած է ստեղծել addiction-ի փոխյարաբերութիւն մը իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ Մոսկուայի մէջ բոյն դրած համակարգի ինքնագոյատեւման հրամայականներուն միջեւ…Գոյութիւն ունի հզօր շահակցական շերտ մը – մէկ հզօր ատրպէյճանամէտ լոպպի — , որուն առաջնահերթ խնդիրն է զօրակցիլ Ալիեւի պատերազմին, որպէսզի դէպի Մոսկուա հարստութեան ներհոսքը չկասի։
Կայ սադայէլական ծննդաբանութիւն մը, որ կը պարենաւորէ եւ կը խթանէ մեր հայրենիքի աստիճանական բնաջնջումը։ Կասպեան ընդերքը կը վերածուի փողի։ Փողը կը վերածուի զէնքի։ Զէնքը կը վերածուի հայաջնջման գործիքի։ Հայաջնջման գործիքը կը վերածուի Մոսկուայի իշխող համակարգի մշտնջենաւորման…Մինչ այդ փանթուրքիզմը կը թափանցէ Ռուսաստանի կենսական տարածութիւններէն ներս…Փութին կը յուսայ, որ ճամբուն վրայ, տեղ մը, ինք պիտի կրնայ ապահովել Ռուսաստանի կենսական շահերը։ Թերեւ՛ս…շեշտը «թեր»-ին վրայ պահելով։ Քաջ գիտնալով, որ Էրտողանն ու Ալիեւը վէգ խաղալով չեն զբաղուած։ Եւ յամենայն դէպս մենք կը կորսնցնենք Սեւանը եւ ատիկա մեր վերջն է։
Այս գորդեան հանգոյցն է, որ պիտի կտրենք անպայման եւ ԱՅՍՕՐ։