ՆՇՄԱՐՆԵՐ.- ՎԵՐԱՀԱՍ ՎՏԱՆԳՆ ՈՒ ՇԵՂԵԼՈՒ ԹԱԿԱՐԴՆԵՐ…

0 0
Read Time:6 Minute, 5 Second

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Սեպտեմբեր 2022

 

Հայաստանի եւ հայուն համար պատմական տարեդարձերը շատ արագօրէն կը պարպուին իրենց բովանդակութենէն, անկախ անկէ, թէ տուեալ տարեդարձը հպարտառի՞թ, թէ՞ կսկծալի դէպքեր կը յուշէ: Աւելի՛ն, կարծէք թէ թաքուն ծրագիր մը կը գործադրուի, բազում թակարդներ լարուած են, որպէսզի խնդրոյ առարկայ տարեդարձ(եր)ը կորսուի «կողմնակի» աղմուկներու մէջ, վերահաս վտանգն ալ կորսուի բարձրացող փոշիի վարագոյրին ետին:

***

Քանի մը օր առաջ, Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձը կորսուեցաւ Եռաբլուրի մէջ պատահած ամօթալի դէպքերէն բարձրացած աղմուկին մէջ: Նահատակներու մայրեր քաշքշուքի եւ անարգանքի ենթարկուեցան: Մինչդեռ, անկախութեան տարեդարձը, մինչեւ իսկ քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներէն ետք, չէր կորսնցուցած իր հմայիչ երեսը: Նախապէս, անշքացման մատնուեցան Բանակի օրը, Մայիս 28-ը, մինչեւ իսկ Ապրիլ 24-ը եւ այլ յիշատակելի հանգրուաններ, մաս մը՝ հպարտառիթ, ուրիշներ՝ սուգ ու պայքարի կամք խորհրդանշող:

Եւ ահա, անշքացումի եւ անիմաստ աղմուկի մէջ կորսուելու մատնուեցաւ 27 Սեպտեմբերը՝ 44-օրեայ պատերազմին շղթայազերծման 2-րդ տարեդարձը: Նախայարձակ Ատրպէյճանն ու զէնքով, ահաբեկիչներով եւ այլ միջոցներով անոր օգնութեան հասած Թուրքիոյ ոճիրները կարծէք թէ մոռացութեան տրուած են, մինչեւ իսկ երկու տարի կամ երկու շաբաթ առաջ ինկած մեր նորագոյն նահատակներուն յարգանքի տուրք տալը լուսանցքայնացուած է: Ըստ Երեւանէն տրուած տեղեկութեանց, միայն սգաւոր ընտանիքները եւ սահմանափակ թիւով քաղաքական դէմքեր գացած են Եռաբլուր, յարգելու համար զոհերուն յիշատակը: Իսկ այս օրերուն, Եռաբլուրը դարձեալ նոր տարածքներ կը նուաճէ…

Պետական այրեր, 21 Սեպտեմբերի դառն փորձառութենէն թելադերուած՝ զգուշացան անգամ մը եւս անարգանքի քայլ առնելէ: Ո՛չ մէկը Եռաբլուր գնաց: Պատաճա՞ռը. իբրեւ թէ հոն, պետական այրերու դէմ սադրանքի նախանշաններ նկատուած են:

Չմանրամասնենք, որովհետեւ անիմաստ են բոլոր բացատրութիւնները: Սակայն կարելի չէ հարց տալ: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է ապուշի տեղ դնել ժողովուրդը, ծիծաղիլ անոր վրայ, մեծ ու աւելի՛ մեծ սուտերով կիզակէտներէն շեղել անոր ուշադրութիւնը…

***

27 Սեպտեմբերէն ուշադրութեանց շեղումը ունէր երկու գլխաւոր ազդակ: Առաջինը՝ վարչապետին նիւ-եորքեան ճառն էր ու անոր հետեւած՝ քաղաքական ու դիւանագիտական հանդիպումները, որոնք վարչապետը հասցուցին Փարիզ: Բնականաբար մարդիկ գոհունակութեամբ լսեցին ՄԱԿի բեմէն Ատրպէյճանի հասցէին հնչած՝ փաշինեանական մեղադրանքներն ու դատապարտումի հայցը, յետոյ նաեւ նախագահ Մաքրոնի ու ամերիկացի պետական մարդոց այն կոչերը, որ Ատրպէյճան չի կրնար ուժի լեզուով խօսիլ, պէտք է հեռանայ Հայաստանի հողերէն, վերադառնայ «ելման գիծեր»: Հոս արդէն կայ «շան գլուխ» մը, որ կը կարօտի երկար բացատրութեան եւ մեկնաբանութեան: Բաւականանանք միայն արձանագրելով, որ ելման կէտ ըսելով, թէ՛ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ թէ մեզի նպաստելու պատրաստակամութիւն յայտնողները յստակօրէն… չեն գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ այս եզրոյթէն: Ըստ բաւականին յստակ է, սակայն, որ ատիկա կը նշանակէ այլեւս չմտածել Արցախը հայկական հող, ուրեմն՝ անոր ընդունուած սահմանները «ելման գիծ» նկատելու մասին, այլ՝ ձեւով մը իտէալականացնել 9 Նոյեմբերի ա՛յլապէս աղէտալի համաձայնութեան տրամադրութիւնները, պայմաններ՝ որոնցմէ Ատրպէյճան տրամադիր է իրականացնելու միայն անոնք (այդ ալ՝ իր նախընտրած մեկնաբանութեամբ), որոնք համապատասխան են իր… համաթուրանական ծրագիրին:

Աղմկայարոյց էր Փաշինեանի ճառին երկրորդ բաժինը, ուր ան դարձեալ հանդէս եկաւ խաղաղութեան մուրացկանի դերով (մոռնանք Հայաստանի ժողովրդավարութեան մասին իր գովերգը), ու տակաւին, խնդրեց, որ Ատրպէյճանի նախագահը (ա՛յն Ատրպէյճանին՝ որուն մասին քանի մը վայրկեան առաջ դատապարտանք կը խնդրէր բարեկամներէ եւ արդարադատներէ) ըսէ իրեն, թէ ի՞նչ սահմաններով կը պատկերացնէ Հայաստանը, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյանայ:

Հոս այլ հարց տանք. այս մարդը որքա՞ն ատեն կրնայ ապուշի տեղ դնել իր ժողովուրդը, իրեն քուէ տուողը (անկախ անկէ, թէ կոյր համակիրներ տակաւին պատրաստ են քուէ տալու իր խմբակին): Ալիեւ քանիցս, եւ բառերը առանց ծամծմելու, սպառնացած է խլել Սիւնիքը («Զանգեզուրի միջանցք»), հասնիլ Երեւան եւ Սեւան: Անոր ուժերը արդէն նոր թափանցումներ կատարած են Հայաստանէն ներս, երէկ, Նախիջեւանի մէջ դարձեալ տեղի ունեցան թուրք-ազերիական միացեալ ռազմափորձեր, ամէն օր ահազանգեր կը հնչեն, թէ ո՛ւր որ է՝ Ատրպէյճան այս անգամ Նախիջեւանէն նոր յարձակում մը պիտի գործէ, հաւանաբար հասնելու համար Ջերմուկ, որուն մօտակայ բարձունքները արդէն իր տիրապետութեան տակ են եւ քաղաքը կրակոցներու, հրթիռարձակումներու կ’ենթարկուի, մարդիկ կը պատրաստուին հեռանալու նաեւ այս գօտիէն: Որքա՞ն կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ (չըսելու համար՝ ապուշ ձեւանալ), որպէսզի չտեսնեն վերահաս վտանգը: Եւ այս պայմաններուն մէջ, հարց տալ, թէ Ալիեւ ի՞նչ սահմաններու մէջ կը պատկերացնէ Հայաստանը, կամ, տակաւին, հրճուիլ, որ ամերիկացիք կրնան Հայաստանի զէնք տրամադրել (չէ՞ որ Փաշինեան քանի մը շաբաթ առաջ լալական ոճով յայտարարեց, թէ զէնք գնելու դրամ ունի, բայց մէկը իրեն զէնք չի վաճառեր: Հիմա, ամերիկացիներուն փէշերէն կախուելու ժամանակը հասա՞ծ է): Ու քիչեր կը տեսնեն ու հարց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներ կամ արեւմտեան այլ երկիրներ Հայաստանը պիտի զինեն, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ… ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիո՞յ եւ անոր կամքին ենթակայ Ատրպէյճանի՞ դէմ… Միայն քաղաքական «հանճար» կամ անկարելի հեռատեսութիւն պէտք է ունենալ, կախուելու համար նման չուաններէ:

«Իմաստութեան» յաջորդ քայլերը պիտի ըլլան… Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ Փաշինեանի հաւանական հանդիպումները, մինչ այդ, փոխ վարչապետներ, նախարարներ եւ այլք կը թութակեն նոյն յանկերգները:

***

Աղմկայարոյց (կրկնենք՝ իսկական, մտահոգիչ կացութենէն ուշադրութիւն շեղելու միտող) նորագոյն դէպքը արձանագրուեցաւ նախկին նախագահ (եւ այսօրուան վարչապետին հոգատարը հանդիսացող) Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ ասուլիսով: Ան ճիշդ բաներ ըսաւ (ինչպէս ըրած էր Փաշինեան՝ ՄԱԿի բեմէն), սակայն յետոյ շրջեց սեղանը: Չ’արժեր մէկ առ մէկ կանգ առնել ինքզինք հակասող եւ դատարկաբանութիւններու աճուրդ ցուցադրող այդ խօսքերուն իւրաքանչիւր բաժինին վրայ, սակայն կարելի չէ խուսափիլ մէկ քանի կէտէ: Հանճարե՜ղ… իմաստակը չանդրադարձա՞ւ, թէ մարդիկ ապուշ չեն, նախ լսելով՝ թէ ինք ծանօթ չէ հաւանական «ցաւցնող» համաձայնագիրին մասնրամասնութիւններուն եւ սակայն, անհրաժեշտ կը նկատէ ստորագրել զայն: Եթէ սա փոքէրի խաղ մը ըլլար, մարդիկ կրնան առանց մրցակիցին խաղաքարտերը տեսնելու՝ գումար գրաւի դնել, շահելու եւ կորսնցնելու վտանգները աչք առնելով: Սակայն երբ նման՝ բախտախաղի «տրամաբանութեամբ» կը խօսի պետական մարդ մը, եւ կը պնդէ, թէ բոլորը պէտք է բոլորուին զայն ստորագրելու պատրաստուողին շուրջը, այսինքն՝ մասնակից ըլլան անխուսափելի կորուստին (շահու ակնկալութիւնները շատո՜նց ասֆալթին տակը անցած են, փաստերը չցանկագրենք հոս), եւ սպասե՜լ, որ ապուշներ հետեւին նման «իմաստութեան»…:

Յետոյ, այդ ո՞ր տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին անձնատուութեան ենթարկուած Ճափոնը բաղդատելի է Հայաստանի հետ: Այդ ո՞ր ապուշը կրնայ ընդունիլ, որ նման «տրամաբանութեամբ» (չենք խօսիր կարողութիւններու մասին), Հայաստանը, ուրեմն, նախայարձակ էր, անիրաւ ու կայսերական ծրագիրներ հետապնդող (ինչպէս որ էր Ճափոնը), հետեւաբար Հիրօ Հիթոյի քայլերուն պէտք է հետեւի… Իսկ մէկը կը յիշէ՞ Ֆրանսայի զօրավար Փեթէնի «հերոսութիւնները»…

***

Թող կրկնութիւն չսեպուի, եթէ նշենք, որ այս ու նման աղմկարար «նախաձեռնութիւններ», գիւտեր՝ կը ծառայեն պարզապէս վերահաս, ու շատերու կողմէ անխուսափելի նկատուող վտանգներէ շեղել ժողովորւդին, նա՛եւ ընդդիմադիրներուն ուշադրութիւնը:

Պէտք է կանգ առնել եւ առանց բառերը ծամծմելու ահազանգել.

Ժողովո՛ւրդ, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան արդէն պատրաստ են 44-օրեային, քառօրեային եւ եռօրեային վրայ աւելցնելու նոր …օրեայ մը, խլել նոր հողեր, կտրատել եւ ասֆալթին տակ անցընել Հայաստանը:
Լաւ եւ արդար են այս մասին հնչած ահազանգերն ու ճիշդ մեկնաբանութիւնները, որոնք կը կատարուին ընդդիմադիրներու, պատմագէտներու, քաղաքական իմաստուն մարդոց, պետական եւ դիւանագիտական փորձառութիւն ունեցող պաշտօնատարներու կողմէ, ահազանգեր՝ որոնց խորքին ծանօթ են իշխանութիւնները, սկսած են խոստովանիլ, որ Արցախը տալով՝ Հայաստանը վտանգէ զերծ չեն կացուցած, Ատրպէյճանը չէ այն խաղաղասէրը, որ կ’երազեն (եւ կը մուրան) իրենք: Սակայն այդ բոլոր ախտաճանաչումներն ու ճիշդ նշումները այլեւս անբաւարար են երկիրը նորանոր կորուստներէ փրկելու:
Ո՞ր օրուան կը սպասենք, Հայաստտանէն մինչեւ Սփիւռքեան օճախներ՝ մեր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ դնելու, վասն փրկութեան: Որքա՞ն կարելի է սպասել, որ իրենց անկարողութիւնը խոստովանած իշխանաւորները շարունակեն սահմաններուն անպաշտպան թողուիլը, ընդհանուր զօրաշարժ չյայտարարուի քաղաքական, դիւանագիտական, ժողովրդային եւ կարելի բոլոր-բոլո՛ր գետիններուն վրայ: Արդեօք կը սպասենք՝ որ վաղը-միւս օրը Ատրպէյճանը (եւ Թուրքիան) նոր քայլե՞ր առնեն, աւելի քան դարէ մը ի վեր յայտարարուած եւ հիմա նոր փուլի մը հասած համաթուրանականութեան ծրագիրին իրականացման ճամբուն, որպէսզի յետոյ նոր էջ մը բանանք… ողբի եւ կորուստներու մասին աւաղումի:
Ձեռքերը, բոլո՛ր ձեռքերն ու կարողականութիւնները ի մի բերելու եւ ԳՈՐԾԻ անցնելու պահը երէկ էր, անցեալ տարի էր, երկու տարի առաջ պայթած 44-օրեայ պատերազմի օրերուն էր. բազմաթիւ պահեր կորսնցուցինք, հասանք վիհին յատակը: Այդ վիհէն դուրս գալու պատասխանատուն ամբողջ ժողովուրդն է, որ ունի միայն մէկ ուղի՝ ստիպել, որ ընդդիմադիրները, իրա՛ւ ընդդիմադիրներն ու հայրենապաշտպանները ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ առաջնորդեն փրկութեան պայքարը՝ ԱՅՍՕ՛Ր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles