ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 8 Second

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այսօրուան Հայաստանը շունչը պահած կը սպասէ պատերազմի: Ժողովուրդը ահաբեկած է: Առօրեայ հոգերը մէկ կողմ ձգած, ազգաբնակչութիւնը կը խորհի ապաստարանները կարգի բերելու մասին: Այլեւս խաղաղ արեւածագի համար փառք կու տաս Աստուծոյ ու կ՚աղաչես Տիրոջ, որպէսզի ամենակարող ու ողորմած Աստուած արժանի ընէ քեզ վաղուան խաղաղ արշալոյսին:

Երբեմն ինքզինքս կը բռնեմ երազներու մէջ ճախրելու ատեն: Այդ պահուն անհուն տխրութիւն մը կը պատէ հոգիս: Հեռու երազներ այլեւս չենք կրնար ունենալ: Մեր երազները պէտք է կապենք քանի մը ժամու կամ օրերու հետ:

Պատերազմէն չեմ վախնար: Կը վախնամ Հայաստանս, Արցախս վերջնական կորսնցնելէ: Վտանգուած է հայոց պետականութիւնը: Պատերազմի վերսկսման պարագային վերջնականապէս պիտի կորսնցնենք մեր երկիրը, եթէ հայոց իշխանութեան շարունակեն տիրել չարի զաւակները: Իսկ անոնց դէմ պայքարը տակաւին էական արդիւնքի մը չէ հասած:

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը դիմաւորեցի վիրաւոր սրտով: Շնորհաւորեցի իմ երկիրը անկախութեան տօնի կապակցութեամբ՝ մաղթելով Տիրոջ օրհնութիւնն ու ողորմածութիւնը:

Երէկ՝ սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին, իմ ու շատերու անգործութեան, տկարութեան պատճառաւ, հայոց նեռին սպասարկող ստորաքարշ ոստիկանները՝ կարմիր պարետաւորները, զոհուածներու մայրերու, ծնողներու նկատմամբ վարուեցան խիստ անյարգալից ու անմարդկային: Ազգադաւ, հակառակորդի գործակալ, հայոց նեռ, մատաղ սերունդը մորթող՝ Նիկոլ Փաշինեանի ոտքերուն տակ մինչեւ Եռաբլուր փռեցին «կարմիր գորգ»: Զոհուածներու մայրերուն քարշ տալով, ստորնացուցիչ ձեւով հեռացուցին Եռաբլուրի շեմէն, որպէսզի հայոց նեռը կարենայ մուտք գործել մեր սրբատեղի ու պղծէ իրենց իսկ զաւակներու յիշատակը: Փաշինեան եկած էր փառաւորուելու ու լուսանկարուելու: Իսկ եթէ մենք, այդ գիշեր զոհուածներու ծնողներու հետ միասին ամբողջ գիշեր չքնանայինք, հսկէինք Եռաբլուրը, կենդանի վահան դառնայինք, նեռը դժուար թէ պիտի կարենար հասնիլ իր նպատակին: Այդ պիտի ըլլար մեր յաղթանակի սկիզբը: Նորէն յապաղեցանք, նորէն վրիպեցանք: Ներեցէք մեզի:

Ցաւն ու տագնապը հետզհետէ կը խորանան: Տրամադրութիւնները անկումային են: Մեր միակ փրկութիւնը Աստուծոյ դառնալն է ու Տիրոջ ողորմածութեամբ ազգադաւ իշխանութենէն ազատիլը: Ուրիշ ճանապարհ չկայ: Կը մօտենայ չարաբաստիկ սեպտեմբերի 27-ը: Ազգովին այնպիսի վտանգի մը եզրին կեցած ենք, որ 44-օրեայ պատերազմը կը թուի նախաբան: Ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ Հայաստանը մատնուած է կորստեան: Սահմանը կը սկսի համայն հայոց մայրաքաղաքէն՝ Երեւանէն, Հանրապետութեան հրապարակէն, կառավարութեան շէնքէն: Եթէ, Աստուծոյ ողորմածութեամբ կարենանք այստեղ յաջողութիւններ արձանագրել, Հայաստանը կը ստանայ շնչելու հնարաւորութիւնը: Երկիրը բուժելու համար նախապէս պէտք է վիրահատենք սիրտը: Իսկ Հայաստանի սիրտը կը բաբախէ կառավարութեան շէնքին մէջ:

Անհանգստութիւնն ու տագնապը հետզհետէ կը խորանան ու կը մխրճուին իմ ներաշխարհին մէջ: Ո՞ւր պիտի երթանք… Ո՞ւր պիտի ապրինք… Ա՜խ, ես Հայաստանէն դուրս ապրիլ չեմ ուզեր: Եթէ այլեւս Հայաստան չըլլայ, լաւագոյն որոշումը Ռուսաստանն է: Իսկ մեր սերունդները… մեր զաւակները… հայրենիքէն հեռու… պիտի կարենա՞ն մնալ հայ: Այստեղ անհուն տխրութիւն մը կը պատէ զիս: Զաւէնը վախով կը ղրկեմ մանկապարտէզ, իսկ եթէ ճանապարհին սկսի պատերազմը… եթէ երեխաս վախնայ, զինքը հանգստացնող, գրկող մը չըլլայ… կամ եթէ այլեւս չհանդիպինք… իսկ մենք, արդեօք մենք պիտի հասցնե՞նք հասնիլ ռմբապաստարաններ, թէ առաջին հարուածէն պիտի փլչի մեր շէնքը, կամ առաջին փամփուշտը, բեկորը արդէն պիտի չխլէ իմ, կամ իմ սիրելիներու կեանքը… Արդեօք Երեւանը պիտի հարուածե՞ն… Հակառակորդին ձեռքը բռնող չկայ, անշուշտ պիտի հարուածեն… կամ պիտի հասցնե՞նք փախչիլ, փրկել մեր երեխաներու կեանքը, թէ պիտի գերեվարուինք, ու մեր աչքերով ականատես ըլլանք նոր արհաւիրքի… Ոչ մէկը երաշխիք ունի ողջ մնալու, ապրելու:

Պէտք է խոստովանիմ, որ իմ բոլոր մտահոգութիւնները կապուած են ո՛չ թէ իմ ու իմ ընտանիքի կեանքը փրկելու, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան հետ: Պիտի կրկնեմ, ես չեմ վախնար պատերազմէն, ռումբերէն, անօդաչու թռչող հարուածային, գերճշգրիտ սարքերէն, ոչ ալ մահէն կը վախնամ, ես կը վախնամ էշ նահատակ ըլլալէն: Ես կը վախնամ Հայաստանի վախճանէն: Եթէ այսօր մենք ունենայինք ազգային իշխանութիւն, եթէ հայոց իշխանութիւնը գտնուէր ուշիմ ու գիտակից, արհեստավարժ, հայրենասէր ղեկավարութեան ձեռքին, ես մտահոգուելու առիթ չէի ունենար, պատերազմին չէի սպասեր տագնապած ու կախ սրտով: Ընդհակառակը: Պատերազմը լաւագոյն առիթն է կորսնցուցածը ետ բերելու: Պատերազմը հնարաւորութիւն է ապաշխարելու, դարձի գալու, այս աշխարհին մէջ Աստուծոյ կողմէ քեզի ի պահ տրուած հայրենիքի, երկրի ամբողջականութիւնը վերականգնելու:

Բոլոր նաւերը խորտակուեցան, սակայն յոյսը կ՚ապրի իմ մէջ:

Աստուած օգնական ու պահապան մեր Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն: Աստուծոյ օրհնութեամբ ու ողորմածութեամբ նորէն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, իմ միտքերը, ապրումներն ու սպասումները կիսելու հնարաւորութիւն ունենալու յոյսով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles