ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Անցնող շաբաթը լեցուն էր եղելութիւններով, որոնք հիմնական փոփոխութեան մը նախակարապետը դառնալու երեւոյթը կը պարզեն:
Հայաստանի վերանկախացման 31-րդ տարեդարձը ուրախ տօն չեղաւ. այդ օրը աւելի սգատօնի կը նմանէր, որովհետեւ պարուրուած էր անկախութիւնը կորսնցնելու վախերով: Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը ձեւացնեն, որ արտակարգ ոչինչ պատահած է ու կեանքը կը շարունակուի իր բնական հունով, չէին կրնար պարտկել իրենց մտահոգութիւնը: Անկախութեան օրը սկսաւ արտակարգ ու պժգալի դէպքով մը, երբ ոստիկանները բռնութեամբ Եռաբլուրէն հեռացուցին զոհուած զինուորներու ծնողները, որոնք առաւօտեան կանուխ ժամերէն հաւաքուած էին հոն, արգիլելու համար Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանն ու պետական աւագանին կրցան անարգել ծաղկեպսակներ զետեղել առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Աւելի ուշ ծաղկեպսակները հեռացուեցան բողոքարկու ծնողներու կողմէ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսի այցելութենէն ու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, այդ օրը ուրիշ ոչ մէկ բան պատահեցաւ: Անկախութեան տխուր տարեդարձ:
Նոյն օրը, Նիկոլ Փաշինեան մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր յաջորդ օրը խօսք առաւ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովին: Փաշինեանի ծառը յատուկ նորութիւն չի պարունակեր: Յամառօրէն շարունակուող «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու թէզերուն ամփոփում մըն էր: Հարկ չկայ կրկնելու զանոնք, քանի որ անոնք աւելի քան հանրածանօթ են այլեւս: Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան բազմաթիւ ու բազմատեսակ հանդիպումներ ունեցան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առիթով հոն գտնուող մեծ ու փոքր երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու հետ: Անցնինք:
Շատ կը խօսուի պատերազմական գործողութիւններու պայմաններուն տակ միասնականութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Պատերազմին մասնակցելու գծով պատրաստակամութիւն կայ բոլորին մօտ: Այդ պատրաստակամութիւնը, որ չ՛ենթադրեր իշխանութեան վարած քաղաքականութեան հաւանութիւն տալ, պէտք ունի կազմակերպուելու, որ նոյն այդ իշխանութեան պարտաւորութիւնն է. կամաւորները պէտք է զինել, մարզել ու բաշխել ճակատներու վրայ, ըստ կարիքի: Ինքնակամ անփորձ ու անզէն գացողը, ըստ իր հայեցողութեան կրնայ ո՛չ միայն օգտակար չըլլալ, այլեւ խանգարիչ ըլլալ: Անգամ մը եւս իշխանութիւնը իրեն վերապահուած գործառոյթներուն մէջ կը թերանայ ու կամաւոր կերպով շփոթ կը յառաջացնէ պետութեան եւ իշխանութեան միջեւ:
44-օրեայ պատերազմի օրերուն առաջադրուած էր կազմել պատերազմի ղեկավարման վարչախումբ մը (շտապ), կազմուած` նախկին նախագահներէ, արտաքին գործոց նախարարներէ եւ այլ պաշտօնատարներէ, օգտուելու համար անոնց փորձառութենէն, գիտելիքներէն եւ կապերէն: Նոյն առաջարկը կրկնուեցաւ վերջին բախումներու նախօրեակին: Տագնապալի կացութեան մէջ, որեւէ իշխանութիւն պիտի ուզէր իր կողքին ունենալ հեղինակաւոր ու փորձառու «նախկինները»: Իսկական ժողովրդավարութիւնը այս կ՛ենթադրէ եւ ոչ թէ ընտրութեամբ մեծամասնութեան տիրելու եւ իշխանութիւն ձեւաւորելու խաբուսիկ իրողութիւնը: Լոկ ժողովրդավարութեամբ (այն ալ վախի պայմաններուն մէջ կատարուած ընտրութեամբ) խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել: Նման պայմաններու մէջ անհրաժեշտ է ամբողջ ազգը ընդգրկող լայն համախմբում: Իսկ նման համախմբում կարելի չէ ստեղծել անդադար ու ամէն առիթով, նոյնիսկ մղձաւանջային պայմաններու տակ, ընդդիմութիւնը քարկոծելով: Նման վարուելակերպ ո՛չ միայն միասնականութիւն չի ստեղծեր, այլեւ կը խորացնէ ու կը յաւիտենականացնէ պառակտումը:
Իշխանութեան կողմէ նախաձեռնութեան չկամութիւնը մղեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը խորհրդակցութեան հրաւիրելու հանրապետութեան նախկին նախագահները եւ Արցախի նախկին նախագահները: Աննախընթաց այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննելու ստեղծուած կացութիւնը: Հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ, որ հանդիպումները պիտի շարունակուին, թերեւս աւելի ընդլայնուած կազմով: Հանդիպումներուն նպատակը միջոցներ որոնելն է` երկիրը դուրս բերելու համար իր ներկայ ճգնաժամէն: Ազգը վերամիաւորելու, անոր զգօնութիւնը զօրացնելու կոչուած է այս նախաձեռնութիւնը: Բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները մոռնալով, երկիրը ամբողջական փլուզումէ փրկելու նպատակ կը հետապնդէ մօտաւոր անցեալին տարակարծիք, բայց պետութեան պահպանման նախանձախնդիր պաշտօնաթող ղեկավարներու համախմբումը:
Անիմաստ է անդրադառնալ նոյնիսկ նման համախմբումի մը մասին եղած ժխտական մեկնաբանութիւններուն: Ցոյցերը, հաւաքները, քայլարշաւները նպատակ չեն ունեցած իշխանութիւնը զաւթելու: Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու պահանջը նպատակ չէ. միջոց է շեղելու ու փոխելու «խաղաղութեան դարաշրջան» կոչուած կեղծ քաղաքական գործընթացը, որուն ձախողութիւնը բազմիցս խոստովանած է նոյնինքն խաղաղասէր ու զիջումներով բանակցող վարչապետը:
Կաթողիկոսին ու Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներուն հանդիպումներէն պէտք չէ անմիջական արդիւնք ակնկալել: Լաւապէս կշռադատուած, ուսումնասիրուած միասնականութիւն ստեղծելու կոչուած նոր շարժումի մը մեկնակէտին ականատես ենք հիմա: Մաղթենք յաջողութիւն ու համախմբուինք ազգային առողջ ուժերուն շուրջ, որոնք ո՛չ ռուսասէր են, ո՛չ արեւմտասէր, այլ պարզապէս հայասէր են: Ժամանակը եկած է, շատոնց դժբախտաբար, հայաստանակեդրոն քաղաքական ուղեգիծի մը որդեգրումին: Հայաստան ամէն բանէ վեր:
Read Time:2 Minute, 58 Second