Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Հրաւէրով Ուաշինկթըն Ժամանեց Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը

0 0
Read Time:3 Minute, 3 Second

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հրաւէրով` պաշտօնական այցով Ա.Մ.Ն.-ի մայրաքաղաք ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը: Սեպտեմբեր 17-ին, ան ելոյթ ունեցաւ Վուտրօ Ուիլսընի տուն-թանգարանին մէջ` Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած Արցախի անվտանգութեան եւ ազատութեան նուիրուած ճաշկերոյթին:

Դաւիթ Բաբայեան հիմնականապէս անդրադարձած է Արցախի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան գծով սփիւռքի դիւանագիտական աջակցութեան: Նախարար Բաբայեան ելոյթի ընթացքին մէջբերած է նաեւ փոքր ազգերու անհետացման սպառնալիքի վերաբերեալ նախագահ Ուիլսընի յայտնի մտահոգութիւնը:

Դաւիթ Բաբայեան Ուաշինկթըն հրաւիրուած է Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի ռազմավարական քննարկումներուն` դաշնային քաղաքականութեան սեմինարին մասնակցելու համար, որուն կը մասնակցին Հայ Դատի Ամերիկայի կեդրոնական յանձնախումբի անդամները Ա.Մ.Ն.-ի շարք մը նահանգներէն:

Դաւիթ Բաբայեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն, նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանն ու իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19-ին Բաբայեան հանդիպումներ ունեցաւ Քոնկրէսին, վերլուծական կեդրոններուն, համալսարաններուն, եկեղեցական ու համայնքային շրջանակներուն մէջ: Ան նաեւ, ելոյթ ունեցաւ Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Քոնկրէսի հայկական խումբին հետ համագործակցաբար:

Օրուան հանդիսավարն էր Հայ Դատի գրասենակի ղեկավար Արամ Համբարեանը, որ շեշտեց, թէ Բաբայեանի այս այցելութիւնը կը պատահի Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցելութենէն քանի մը օր ետք, որուն պատուիրակութեան մաս կը կազմէր արդէն իսկ վերադարձած եւ այս ձեռնարկին ներկայ Ֆրանք Փըլոնը։

Բաբայեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Արցախի մէջ ապրիլը առաքելութիւն մըն է, ոչ թէ լոկ կենցաղային առօրեայ: «Բոլորս լաւ հասկնանք եւ լաւ ալ կը հասկնա՛նք, որ թշնամիին նպատակն է մեզ ոչնչացնել, ու անոնք չեն թաքցներ, չեն ծածկեր իրենց այդ նենգ նպատակները: Հետեւաբար, մենք պէտք է դիմանանք, կանգնինք մինչեւ վերջ, այո՛, մինչեւ վե՛րջ, որովհետեւ մենք կը պաշտպանենք մեր հայրենիքը, մեր ընտանիքը, մեր երեխաները․․․մեր հողը»։

Ան աւելցուց, թէ թշնամին կրնայ հասնիլ իր նպատակին, կրնայ տեղի ունենալ նոր ցեղասպանութիւն, այս անգամ վերջնական։ «Մենք այդ մէկը պիտի չթոյլատրենք, պարզապէս պիտի չթոյլատրենք, պատմութեան առջեւ, Աստուծոյ առջեւ իրաւո՛ւնք չունինք, պէտք է մինչեւ վերջ դիմադրենք, կանգնինք, կանխենք մեր կորուստները», ըսաւ ան։

Ըստ Բաբայեանի, Ատրպէյճան զինուորական եւ այլ միջոցներով կը փորձէ հոգեբանօրէն ազդել Արցախի հայութեան վրայ, վհատեցնել ժողովուրդը, որպէսզի մարդիկ կտրեն իրենց յոյսը եւ փոխեն Արցախի մէջ ապրելու հեռանկարները, սակայն այդ փորձերը ձախողած են: Այս գծով ան շեշտեց, որ Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ առաքելութիւն դարձած է:

Բաբայեան յայտնեց, թէ էական չէ, թէ ի՛նչ զինատեսակներ կը գործածէ ատրպէյճանական զինուժը Արցախի դէմ, քանի որ հիմնական նպատակը նոյնն է` հոգեբանականը եւ աշխարհաքաղաքականը, ոչ թէ ռազմականը: Ան աւելցուց, թէ այս կատարուածը բազմաշերտ քաղաքականութիւն է եւ, թէ նպատակը մէկ է` հայաթափել Արցախը: «Իսկ եթէ հայաթափուի Արցախը` լրիւ այլ իրավիճակ կը ստեղծուի ո՛չ միայն Անդրկովկասի, այլ նաեւ հսկայական շրջանի մը մէջ` Հիւսիսային Կովկաս, Մերձաւոր Արեւելք, Միջին Արեւելք, Կեդրոնական Ասիա, Վոլկայի շրջաններ, Սեւ ծովու աւազան», յայտնեց արտաքին գործոց նախարարը:

«Պէտք է հանգիստ վերաբերինք այդ ամէնուն եւ շարունակենք մեր աշխատանքը, մեր ծառայութիւնը: Այդ փորձերը, վստահաբար, չեն ազդեր, բայց պէտք է այնպէս ընենք, որ աւելի ամրապնդենք մարդոց յոյսն ու հաւատքը: Այս պատճառով անհրաժեշտ է համապարփակ, միասնական մօտեցում, ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն, ճիշդ ներքին քաղաքականութիւն պէտք է վարենք․․․», եզրակացուց ան։

Ներկայացուցիչ Ճուտի Չու (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) շեշտեց, թէ ամէն գնով պիտի պայքարի որպէսզի օժանդակութիւն չկատարուի Ատրպէյճանի։

Ծերակուտական Ատըմ Շիֆ (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա), իր կարգին շեշտեց, թէ հետեւողական ձեւով բանաձեւեր պէտք է գործադրել եւ քուէարկել, մանաւանդ որ ազերի լոպիինկն ալ գործի լծուած է։

Քոնկրէսական Ճիմ Քոսթայի (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) համար մտահոգիչը Պաքուի վարած քաղաքականութիւնն է եւ կիրարկած յետադիմական գործելաձեւը։

Ռոտ Այլընտի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Սիսիլին (Դեմոկրատական) մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Արցախի մասին եւ կարեւորեց, թէ անյապաղօրէն պէտք է պայքարիլ Պաքուի կատարած յարձակումներուն դէմ։

Իսկ Ֆրանք Փըլոն շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի բանակը պէտք է, որ անպայման հեռանայ վերջին օրերուն գրաւած հայրենի հողաշերտերէն։

Նշենք, թէ օրուան հաւաքը սկսած էր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ագթաւուքեանի աղօթքով։ Իսկ աւարտին, աղօթեց Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ հովիւ  Յովսէփ Կարապետեան։

Դաւիթ Բաբայեանի հետ Ուաշինկթըն կը գտնուին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles