ՀԱՅԱՍՏԱ՞ՆՆ ԱԼ ԱՐՑԱԽ Է… ԵՒ ՎԵ՞ՐՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 16 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Վերոյիշեալ հաստատումը դուռ կը բանայ զանազան մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու: Նոյնիսկ կարելի է տարբեր իմաստներով ընկալել, մեկնաբանել եւ դիտարկել…եւ այդ ալ Հայաստանի վերանկախացման 31-ամեակին առթիւ:

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, եւ մասնաւորաբար 27 Սեպտեմբեր 2020-ին սկիզբ  առած 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, վարչապետ Փաշինեանի Ստեփանակերտ այցելութեան օրը (խորքին մէջ վերջին այցելութիւնն էր), Ազատութեան հրապարակին վրայ ամբոխահաճ ելոյթ մը ունեցած էր եւ ինքնավստահօրէն՝  «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարած էր, բուռն ծափահարութիւններ հնձելով ոգեւորուած բազմութենէն: Իսկ հիմա, Արցախի մեծ մասը արդէն Ատրպէյճանի կողմէ խլուած է (մաս մըն ալ նուէր տրուած, վերջինը՝ Բերձորի գօտին), մնացեալն ալ շուտով կրնայ բռնել Նախիջեւանի ճամբան, որովհետեւ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» գոռացողը 180 աստիճան շրջադարձ կատարած է եւ Արցախի ապագան կը տեսնէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ…

Այդ հաւաքին մասնակիցներէն շատեր յետոյ նահատակուեցան: Անոնք եթէ ողջ ըլլային, «ազգընտիր»  վարչապետէն 2020-ի նոյեմբերեան օր մը պիտի լսէին ոչ-ամբոխահաճ արտայայտութիւն մը, թէ՝ Շուշին տժգոյն ու դժբախտ քաղաք է: ․․․Չենք ուզեր հաւատալ, թէ այդ արտայայտութեան համամիտներ կան հայութեան մէջ:

Ատենէ մը ի վեր, «թաւշեայ վարչապետ»-ը նմանօրինակ՝ զիրար հակասող յայտարարութիւններ, աւելի ճիշդը՝ ձաբռտուքները կը շարունակէ. եւ մտային խաւարի մատնուած ամբոխը ստիպուած կը զգայ վարժուելու այս արտառոց սովորութեան: Յաճախ պետութիւն եւ ղեկավարութիւն, անձ եւ հաւաքականութիւն իրարու խառնելով՝ վարչապետը բարձրաճակատ, եւ հաշուետուութեան նուազագոյն պարտաւորութենէն զերծ զգալով՝  կը յանկերգէ, թէ իր վրայ կը վերցնէ ամէն պատասխանատութիւն, առանց ըմբռնելու, որ գլուխը հողին մէջ կը պահէ ջայլամի նման եւ կը հաւատայ, թէ անտեսանելի է:

Մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ է, հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի դարձեալ բեմ հրաւիրելու իր «մանտաթ»-ը ունեցող վարչապետը եւ հարց տալու. ՀԱՅԱՍՏԱ՞ՆՆ ԱԼ ԱՐՑԱԽ Է… ԵՒ ՎԵ՞ՐՋ: Այսինքն՝ պարո՛ն վարչապետ, որոշած էք եւ համաձայնա՞ծ՝ թէ Հայաստանն ալ, կամ անկէ մասեր պիտի մատնուին Արցախի ու Նախիջեւանի ճակատագիրին, որովհետեւ, ինչպէս ձեր խոստացած՝ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու ցնորքները յօդս ցնդած են ազերիական նորագոյն յարձակումներուն փաստին դիմաց,  նոյնպէս ալ, ձեր այս իմաստո՜ւն եւ անմեկնելի «քաղաքականութեան» հետեւանքով, վաղը կրնան չքանալ նա՛եւ ձեր այն յոյսերը, թէ Հայաստանէն գոնէ 29 800 քառ. քլմ. տարածութիւն պիտի փրկէք նոր համաձայնագիրի մը ստորագրումով: Գիտցէ՛ք սակայն, որ բանականութենէ չհրաժարած ժողովուրդը այլեւս հաւատք չունի ձեր խոստումներուն, հաւաստիքներուն, պատրաստ չէ խաբուելու:

44-օրեայ պատերազմին ողբերգութէնէն ետք, այլեւս ի՞նչ սպասել փուլ եկած պետական կառոյցէն:  Փլուզումն ու քայքայումը կը շարունակուին: Եթէ պահ մը մոռնանք արցախեան հողատարածքներու յանձնումը՝ Ատրպէյճանին, հիմա արդէն հայրենի հողատարածքէն մասեր մասնավճարներով կը յանձնուին թշնամիին, սկսելով Սեւ լիճէն մինչեւ Սոթք, Ջերմուկի բարձունքները, Շուռնուխ եւ այլ շրջաններ: Վաղը կարգը պիտի գայ Տիգրանաշէնի եւ այլ «կղզեակներու», որոնք մեր հայրենապաշտպա՜ն վարչապետը ի սկզբանէ կը նկատէ ազերիապատկան, ձայնակից է Ալիեւի սուտերուն: Եւ ո՞վ երաշխիք կու տայ, թէ ան շուտով երեւանեան եւ այլ շրջաններու մէջ պիտի  չընդունի ազերիներու ներկայութիւնը: Չէ՞ որ Ալէն Սիմոնեան եւ այլ պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ ազերի խմբակներ ներթափանցած են Հայաստան եւ անոնց հետքը տակաւին չէ գտնուած: Մարդիկ ո՞ւր պէտք է որոնեն այդ խմբակներուն գործակիցները…

Դժբախտաբար այսպէս է մեր «ազգընտիր» վարչապետին գործելաձեւը: Անոր անատակութեան եւ անկարողութեան հատորները կը բազմանան օր ըստ օրէ: Ճիշդ են անոնք, որ զինք դաւաճան կոչելը արդար չեն նկատեր, որովհետեւ անոր ըրածը դաւաճանութենէ շա՜տ անդին կ’երթայ եւ… ինք անկարող դարձած է հասկնալու, թէ ի՞նչ կ’ընէ: Վարչապետն ու իր լծակիցները նոյնիսկ չեն գիտակցիր, որ ճանաչողական խառնաձայնութիւն (cognitive dissonance) մը կը կատարեն:

Դիւանագիտական դաշտն ալ վարչապետին ափին մէջ կը գտնուի:  Երբ ազերիական յարձակումը սկսաւ 13 Սեպտեմբերին, արդեօք ճիշդ պիտի չըլլա՞ր նախ եւ առաջ, ու հետեւողական ձեւով, թակել Քրեմլի դուռը, շեշտելու՝ թէ այս անգամ նոյնինքն Հայաստանի հողերն են, որոնք պատառ-պատառ կը խլուին: Պէտք չէ՞ր մտածել, որ Մոսկուայի հետ Հայաստանի ունեցած դաշինքը այս անգամ ճիշդ յօդուածներով պէտք է գործածել եւ ապահովել դաշնակիցին աւելի՛ ազդու գործակցութիւնը, մինչ անդին, Իրանն իսկ, իր շահերէն մեկնելով, քանիցս կը կրկնէ, թէ դէմ է Հայաստանի հետ իր սահմանին խզման…: Եւ սակայն, ունինք այն՝ ինչ որ ունինք, կը տեսնենք այն՝ ինչ որ առնուազն շահաբեր չէ Հայաստանին:

Միւս կողմէ, Նէնսի Փելոսիի եւ անոր պատուիրակութեան Հայաստան ժամանումով, սպասելի էին աւելի արդիւնաւէտ  եւ ազդեցիկ յայտարարութիւններ, սակայն լսեցինք փաղաքշական, մակերեսային արտայայտութիւններ, շնորհակալական խօսքեր եւ… ամերիկեան պատուիրակութիւնն ալ մեկնեցաւ: Պէ՞տք է բաւարարուինք եւ գոհ զգանք, որ Փելոսի յիշեցում կատարեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման (խորհրդարան, նախագահ), պէ՞տք է ուրախանանք, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը կը նպատակադրէ ականազերծում, աւելին, այդ ինչպիսի՞ բարենիշ մը տրուեցաւ Փելոսիի եւ կողքին եղողներուն կողմէ, թէ՝ Ուաշինկթըն կը քաջալերէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը: Երեւանը մանրանկարն է ոստիկանական պետութեան մը, եւ… ժողովրդավարութի՞ւն:

Սխալ չհասկցուինք. Հայաստան պէտք ունի թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ եւրոպական, ինչո՞ւ չէ նա՛եւ չինական, հնդկական եւ մեր հողերուն ու իրաւունքներուն զօրակցող բոլոր երկիրներուն աջակցութեան: Հոն հասնելու համար, Երեւանի այսօրուան դիւանագիտութիւնը ինքզինք անկարողութեան մատնած է, որովհետեւ կը շարունակէ հետեւիլ  բարեկամ(ներ) վանելու եւ ուրիշ մը հրաւիրելու վարքագիծին, մինչդեռ, կրկնենք, բոլոր ազդու ուժերուն հետ կամուրջները պահպանելը աւելի՛ քան հրամայական է, դէմ դնելու համար համաթուրանականութեան իրակա՛ն վտանգին: Սա անկարելի չէ մինչեւ իսկ աշխարհի այսօրուան հակամարտութեանց հորիզոններուն դիմաց:

Պաքու կրնայ շուտով կրկին յարձակիլ: Վարչապետն ու գործակիցներն անգամ անուղղակիօրէն կը հաստատեն, թէ Ատրպէյճան խաղաղարարութեան տրամադրութիւն ցոյց չի տար, կը խափանէ խաղաղութեան ընթացքը (եւ այլն), իսկ Հայաստան կը յամառի կառչած մնալ խաղաղութեան հասնելու… ցնորքին:  Այն ատեն՝ ՀԱՅԱՍՏԱ՞ՆՆ ԱԼ ԱՐՑԱԽ Է… ԵՒ ՎԵ՞ՐՋ:

Ահազանգը կը կրկնուի ամէն օր: Բոլոր ընդդիմադիրները, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, կոչուած են անյապաղ մարմնաւորելու միակամութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի  կարելի ըլլայ դուրս գալ այս յորձանուտէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles