Հայաստանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ, յառաջիկայ օրերուն պիտի հասնի Միացեալ Նահանգներ եւ տեսակցութիւններ ունենայ, տեղւոյն ամերիկահայ գաղութներուն հետ: Այս տարի նկատի առնուած քաղաքներն են Ֆիլատելֆիա, Տիթրոյթ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լոս Անճելըս: Այցելութիւնը պիտի սկսի Հոկտեմբեր 3ին եւ աւարտի՝ 14ին:
Ֆիլատելֆիոյ հետ գաղութին տեսակցութիւնը պիտի կատարուի Հոկտեմբեր 4ին: Հանդիպում տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ հանրածանօթ »Մէրիըթ Ուէսթ« (Ուէսթ Քանշոհոքըն) պանդոկին մէջ: Ապա, Եովանովիչ պիտի մեկնի Տիթրոյթ, ուր տեղւոյն Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն շրջանի մասնաճիւղին մէջ, պիտի տեսակցի Տիթրոյթահայ գաղութին հետ:
Ապա, դեսպան Եովանովիչ պիտի մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ եւ Հոկտեմբեր 7ին, տեսակցութիւններ պիտի ունենայ տեղւոյն »Մէրիըթ Մարքի« պանդոկին մէջ: Լոս Անճելըսը, պիտի ըլլայ, Ւովանովիչի վերջին հանգրուանը: Որոշուած թուականն է Հոկտեմբեր 12ը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է այցելել Հայաստանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կայքէջը:
Նշենք թէ, սովորութիւն դարձած է, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը տարեկան դրութեամբ, այցելէ ամերիկահայ զանազան գաղութներ: Անցեալ աշնան, դեսպան Եովանովիչ այցելած էր Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ուաշինկթըն եւ Շիքակօ, եւ զանազան տեսակցութիւններ ունեցած էր տեղւոյն գաղութներուն հետ, ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու կատարած ներդրումները տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս: