Հ.Հ. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ Ե. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԵՒ ՊՈՍԹԸՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second

Նիւ Եորք (»Թերթ«, »Արմինիա Նաու«).Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովի 65րդ նստաշրջանի գագաթնաժողովին առթիւ Նիւ Եորք ժամանած, Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ բազմաթիւ տեսակցութիւններ, որոնց կարգին Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարին եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:

Նախարար Նալպանտեան մեղադրեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմքը կազմած երեք հիմնարար սկզբունքներէն երկուքը չյարգելու մէջ, նշելով թէ անոնք գլխիվայր շրջած են ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ ուժի չկիրառման սկզբունքները:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Փոլուխով յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Արցախեան հարցը:

Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը տեղեակ պահեցին եւ Դեկտեմբեր 2010ին տեղի ունենալիք ԵԱՀԿի վեհաժողովին մասին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նախանցեալ օր Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանդտեանի եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպըրթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հանդիպման ընթացքին Նալպանտեան գնահատած է համանախագահ երկիրներու ջանքերը, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նստաշրջանին ընթացքին ազերի բանաձեւի նախագիծի քննարկման յետաձգման գծով:

Նաեւ, Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալեմի հետ: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին վերջերս համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններուն մէջ նկատուող աշխուժութեան առնչութեամբ եւ համաձայնեցան յաւելեալ աշխատանքներ տանիլ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման համար:

Սեպտեմբեր 26ին Նիւ Եորքէն Պոսթըն ժամանեց նախարար Նալպանտեանը, իր  պատուիրակութեան անդամներով: Պոսթըն կը գտնուէր նաեւ, Ուաշինկթընի մօտ, Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան: Նախարարը իր շքախումբին հետ անմիջապէս այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի կառուցման վայրը՝ »Ռոզ Ֆիցճերըլտ Քենետի Կրինուէյ«, ուր Սեպտեմբեր 9ին, Ներկայութեամբ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մասաչուսէց նահանգի կառավարիչ Տիւվալ Փէթրիքի, կատարուած էր հիմնարկէքը: Այս առթիւ, Նալպանտեան ծանօթացաւ վերջին տարիներու կատարուած աշխատանքներուն եւ յուշարձանի կառուցման մանրամասնութիւններուն: Ապա երեկոյեան, դեսպան Մարգարեանի հրաւէրով եւ տէր եւ տիկին Նշան եւ Մարկարիթ Աթէնիզեաններու հիւրասիրութեամբ Հարվըրտի »Շերաթըն Քոմէնտըր« պանդոկի սրահին մէջ, ընդունելութիւն տրուեցաւ ի պատիւ նախարարին եւ իր շքախումբին, գաղութի բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու եւ երեւելի անձնաւորութեանց մասնակցութեամբ, ուր կատարուեցաւ զրոյց: Ապա յաջորդ օրը, »Թաֆթց« համալսարանի »The Fletcher School of Law & Diplomacy« հիմնարկէն ներս, Նալպանտեան դասախօսեց »Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները« նիւթին շուրջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles