Ատրպէյճանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Մեկնի Լոս Անճելըսէն` Ետին Ձգելով Խաբէութեան Հետք

0 0
Read Time:3 Minute, 38 Second

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնած է Լոս Անճելըսէն` դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը Գերմանիոյ մէջ: Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետք թողած է: Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս Ատրպէյճանցի կասկածելի «դիւանագէտ»-ին:

Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն: Անցեալ շաբաթ «Թուիթըր» եւ Դիմատետրի ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական մը, որ կը կրէր Լոս Անճելըսի գաւառի հինգ վերահսկիչներէն չորսին ստորագրութիւնները. անոր մէջ երախտագիտութիւն կը յայտնուէր` Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին իր ծառայութեան համար:

Առաջին ակնարկը, թէ բան մը սխալ էր, այն էր, որ վկայականին մէջ չկար Լոս Անճելըսի գաւառի հինգերորդ վերահսկիչ Շէյլա Քիւլի անունը: Նման փաստաթուղթեր սովորաբար կը ստորագրուին բոլոր` հինգ վերահսկիչներուն կողմէ, ինչ որ դիւանագիտական արձանագրութիւնն է: Պէտք է որ յատուկ պատճառ մը ըլլար, թէ ինչո՞ւ կը բացակայի վերահսկիչ Քիւլի ստորագրութիւնը: Երբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (Արեւմտեան շրջան) հարցուց վերահսկիչ Քիւլի աշխատակազմի անդամներուն, թէ ինչո՞ւ անոր ստորագրութիւնը չկայ վկայականին վրայ, անոնք պատասխանեցին, որ խնդրած են Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակէն` չաւելցնել անոր ստորագրութիւնը: Կը պարզուի, որ մնացեալ չորս վերահսկիչները նոյնպէս թոյլտուութիւն չեն տուած իրենց անունները աւելցնելու համար վկայականին:

Կարճ ժամանակ անց, երբ Աղայեւ վկայականը տեղադրեց իր թուիթըրեան եւ դիմատետրեան էջերուն վրայ, չորս վերահսկիչներէն իւրաքանչիւրը` Հոլի Միչըլ, Հիլտա Սոլիս, Քեթրին Պարկըր եւ Ճենիս Հան, թուիթըրեան առանձին գրառումներով Հայ դատի յանձնախումբին տեղեկացուցին, որ իրենց ստորագրութիւնները «սխալմամբ աւելցուած են վկայականին` առանց իրենց թոյլտուութեան»:

Չորս վերահսկիչները իրենց «Թուիթըր»-ին կցած են Լոս Անճելըսի գաւառի վերահսկիչներու արձանագրային գրասենեակի ղեկավար Լուրտ Սաապի կողմէ ներողութիւն խնդրելու նամակը: Նամակը յղուած է բոլոր չորս վերահսկիչներուն: Ահա՛ հատուած մը` վերցուած այսօրինակ նամակէ մը. «Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակը սխալմամբ աւելցուցած է վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ստորագրութիւնը անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուած վկայականին եւ կը փափաքի հրապարակայնօրէն նշել սխալը»:

Այն բանէն ետք, երբ ես կապ հաստատեցի Լոս Անճելըսի գաւառի գրասենեակի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Պրենտա Տիւրանի հետ` անկէ խնդրելով պարզաբանել Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականին կարգավիճակը, ան գրաւոր պատասխանեց. «Լոս Անճելըսի գաւառի արձանագրային գրասենեակը ներողութիւն կը խնդրէ որեւէ շփոթութեան համար: Վերահսկիչներու ստորագրութիւնները սխալմամբ կիրարկուած են: Համապատասխանաբար գրասենեակը կը յայտարարէ, որ չարտօնուած վկայականը անվաւեր է եւ պէտք է հեռացուի ընկերային լրատուական բոլոր միջոցներէն կամ որեւէ այլ հարթակէ: Քանի որ Լոս Անճելըսի գաւառը կապուած չէ գրասենեակի կողմէ այդ գրասենեակի լիազօրութիւնները գերազանցող չարտօնուած եւ սխալ գործողութիւններու հետ, ոչ ոք պէտք է հիմնուի այդ վկայականին վրայ` իբրեւ Լոս Անճելըսի գաւառի որեւէ տեսակի յայտարարութիւն»:

Այսուհանդերձ, Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականը տակաւին տեղադրուած է անոր թուիթըրեան եւ ֆէյսպուքեան էջերուն մէջ` այն կեղծ պնդումով, որ իբր թէ ան մեծարուած է Լոս Անճելըսի շրջանի վերահսկիչներուն կողմէ: Այդ վկայականը ոչինչ կը նշանակէ, եւ սխալ տրուած այսպիսի վկայականի մը հրապարակումը անպարկեշտութիւն է: Ամչնալու փոխարէն` Աղայեւ քննադատած է Հայ դատի յանձնախումբը այս սխալ վկայականը վերահսկիչներու ուշադրութեան յանձնելուն համար:

Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, քանի որ առաջին անգամը չէ, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հանդէս կու գայ նման խայտառակ եւ անպարկեշտ պահուածքով: Կայ չորս օրինակ եւս: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին ես յօդուած մը գրեցի` բացայայտելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հրապարակած է Սեն Տիեկոյի քաղաքապետին կողմէ հրապարակուած եւ հետագային չեղեալ նկատուած հռչակագիրը: Քաղաքապետը ներողութիւն խնդրեց, յաջորդ օրը չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ խոստացաւ Ատրպէյճանի վերաբերեալ հռչակագրեր չհրապարակել հետագային: Նմանապէս, Պոսթընի քաղաքապետ Մարտին Ուոլշ փետրուար 2021-ին հրապարակեց եւ աւելի ուշ չեղեալ յայտարարեց այսպէս կոչուած «Խոջալուի օր»-ը յիշատակելու մասին հռչակագիրը: Քաղաքապետը երկու շաբաթ անց չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ ներողութիւն խնդրեց հայ համայնքէն:

Նոյն դէպքը կրկնուեցաւ Մէյն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին Սնայտըր 17 փետրուար 2021-ին ի սկզբանէ հռչակագիր հրապարակեց` ի յիշատակ «Խոջալուի յիշատակի օրուան»: Սակայն 1 ապրիլ 2021-ին քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշած եմ չեղեալ համարել քաղաքապետին հռչակագիրը… Անգամ մը եւս կը հայցեմ ձեր ներողամտութիւնը` սոյն հռչակագրի հրապարակման պատճառած ցաւին ու վնասին համար»:

Վերջապէս, 15 հոկտեմբեր 2021-ին Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը հռչակագիր հրապարակեց` նշելու «Ատրպէյճանի օր»-ը: Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընսի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրին ըսաւ, որ քաղաքապետարանը` «Սխալմամբ հռչակագիր հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւնները հռչակած էին Ատրպէյճանի ազգային օր` անոր ուժի մէջ մտնելուն նոյն օրը: Հաշուի առնելով յարակից տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները` քաղաքային իշխանութիւնները յարգանքով խնդրած են Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն` ջնջել յայտարարութիւնը լրատուական բոլոր միջոցներէն»:

Սակայն Սեն Տիեկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները կը մնան գլխաւոր հիւպատոս Աղայեւի ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Զարմանալի է, որ նման ապաշնորհ եւ անպարկեշտ գլխաւոր հիւպատոսին պաշտօնանկ ընելու փոխարէն` աւելի կը բարձրացնեն` զայն նշանակելով Գերմանիոյ դեսպան: Նկատի ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ Աղայեւի բազմիցս կրկնուող ոչ դիւանագիտական պահուածքը` նախագահ Ալիեւ աւելի վատ ընտրութիւն չէր կրնար ընել, քան` դեսպանի կոչում շնորհել անոր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles