ԵՐԵՒԱՆ․- Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտ, որ վերջերս Հայաստան ժամանած էր, Յուլիս 27-ին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանի, Մ․Ա․Կ․-ի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի եւ Երեւանի մէջ Մ․Ա․Կ․-ի մնայուն համակարգողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրս Եահիայի ընկերակցութեամբ:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Շահիտ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակաքարոզջական գործի լծուելով, շուտով հակազդեց եւ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, յայտնելով, թէ Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը օգտագործուած է իբրեւ հայկական միակողմանի թեզերու գործիք: Նաեւ, հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, թէ Շահիտ ստանձնած է այնպիսի պաշտօն, որ պէտք է ըլլայ արդար եւ անկողմնակալ։