Յ. Պալեան
Ժողովուրդներու պատմութիւնը երբեք չէ ներած ուշացումը: Եւ միշտ պէտք է յիշել ու կրկնել՝ որ վաղը միշտ ուշ է:
Ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ չըրինք, ո՞ւր կանգնած ենք այսօր որպէս ազգ, ինչպիսի հայրենիք մը ունինք եւ ի՞նչ պիտի փոխանցենք մեր յետնորդներուն, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք ունենան եւ պահեն, չըլլան պատմութեան աննշան մանրուք եւ մանրապատում:
Քաղաքական համարուած ամլացնող մրցակցութիւններէն եւ ազգի միտքի հորիզոնը մթագնող եսերու, բառ ու խօսքի հեղեղէն դուրս գալով, իրատեսութիւն եւ յանդգնութիւն պիտի ունենա՞նք հաշուեկշիռ մը ընելու, տեսնելու համար, թէ որպէս ազգ տեւելու, հայրենիք ունենալու եւ պահելու համար, ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ չըրինք, ի՞նչ կրնանք ընել եւ ի՞նչ պէտք է ընել: Այս հաշուեկշիռը պէտք է ընել հրաժարելով ինքնարդարացման եւ իշխանատենչական ամէն կարգի ճապկումներէ, ամբոխավարութենէ եւ անոր այլասերումէն յառաջացած ամբոխահաճութենէ, հայրենատիրական եւ ազգապահպան քաղաքական պարտքին տալու համար իրա՛ւ գաղափարական բովանդակութիւն:
Հզօրներու միջազգային խաղին մէջ ինքնիշխանութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն պահելու համար մեր հայրենիքի տարածքը փոքրացած է, մեծ թիւ չենք: Այսինքն միջազգային բեմի վրայ դերակատար ըլլալու եւ ճնշումներու դիմանալու համար ուժ չենք: Այս գիտակցութենէն մեկնելով, չենք հասկցած, որ ներազգային կոտորակումները քիչն ալ ինքնապաշտպանութեան ուժի վերածելու խոչնդոտ են: Եթէ հասկնայինք առաջնորդուիլ այն պարզ ողջմտութեամբ, որ մեր կացութեան մէջ գտնուող բաժան-բաժան եղած ժողովուրդ մը, որ հայրենիք կորսնցուցած է եւ ծուարած անոր մէկ բեկորին վրայ, առաջնահերթութիւն պիտի համարէր միացումները, ըսելով՝ որ հայրենիքը եւ ազգը իրաւունք ունին, ո՛չ անհատները եւ ո՛չ ալ խմբաւորումները:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հին եւ նոր կուսակցութիւններ կան, որոնց վրայ կը գումարուին անոնց այլախոհներու եւ դժգոհներու խմբաւորումները՝ իրենց տեսակէտներով: Միթէ՞ մեր ժողովուրդին համար, նաեւ անոր հայրենիք Հայաստանի բեկոր Հանրապետութեան համար կառավարման բազմատասնեակ քաղաքական հնարներ եւ իմաստութիւններ կան, երբ գիտենք, որ տարբերութիւնները անհատական փառասիրութիւններ շպարելու կը ծառայեն միայն, բառերով եւ խօսքերով:
Եթէ սկսէին եւ սկսէինք ՄԻԱՑՈՒՄՆԵՐ իրականացնելու օրակարգով առաջնորդուիլ, ծրագրել եւ գործել:
Սփիւռքը ո՛չ ազգ է ո՛չ պետութիւն, ան հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու տարտղնուած ժողովուրդ է, որ շրջապատի ուղղակի-անուղղակի լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական ճնշումներուն ենթակայ ըլլալով, աստիճանաբար կը հեռանայ իր ինքնութեան պահպանման ազդակներէն եւ հայրենազրկուածի գիտակցութենէն: Ապակեդրոն, ինքնագլուխ, զանազանեալ ճիգերով կազմակերպութիւն եւ նախաձեռնութիւն, տեղական եւ տեղայնացող, ժամանակի գիծին վրայ պիտի կծկուին, պիտի դառնան փոքրամասնութիւններու ապարդիւն եւ անօգուտ թափահարումներ, զանգուածները պիտի հիւլէանան, այդ է հոլովոյթը, առաւել կամ նուազ թափով, ըստ աշխարհագրական շրջաններու:
Այս կացութեան մէջ, բազմապատկուող «ղեկավարութիւնները» կը զբաղին «կղզեակ»ներով, երբ «հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու» ենթադրեալ զանգուածները կը հեռանան հասարակաց կոճղէն, բայց զանոնք առաջնորդելու կոչուած «ղեկավարութիւնները» ոչ թէ կը խմբուին վասն գործի, այլ կը բազմանան վասն երեւելիակական, կամ աւելի պարզ՝ շահակցութիւններու: Ո՞վ, ո՞ր ուժերը, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք, իրապէս տէր եւ առաջնորդ են անորոշ միլիոններով աշախարհագրականօրէն, հոգեբանօրէն ազգային տեսիլքի յարաբերաբար իրարմէ հեռացած-հեռացող զանգուածներուն: Ի՞նչ է այդ զանգուածներու վաղուան հեռանկարը:
Ո՞վ կրնայ ճշգրիտ թիւը ըսել հայկական միութիւն-կազմակերպութիւն-կուսակցութիւններու, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ) գումարած: Անոնց թիւով բազմապատկուող վարչութիւններ եւ ղեկավարներ, նախագահներ: Բազմութիւն: Յիշել հայոց Տիգրան թագաւորի Հռոմի զօրավար Պոմպէոսին հետ բանակցութեան ղրկած բազմանդամ պատուիրակութեան դրուագը: Պոմպէոս, ի տես մեծաթիւ պատուիրակութեան ըսած է. «Եթէ կռուելու եկած էք, քիչ էք, եթէ բանակցելու եկած էք, շատ էք»: Այդպէս են առաջնորդելու կոչուած մեծաթիւ երեւելիները, անոնք քիչ են կառուցողական գործի համար: Հայաստանի տասնեակներով «կուսակցութիւններ»ու կէսը եթէ դադրի բան կը փոխուի՞ քաղաքական հորիզոնի վրայ: Նոյնը՝ սփիւռքի բազմահարիւր վարչականներու եւ «նախագահներ»ու պարագային, որոնք նոյն բաները ըսելով եւ ցանկալով, զիրար կը քննադատեն եւ կը մրցին:
Տարտղնուելով ինչպէ՞ս ուժ կը ստեղծուի:
Կը մնանք նոյն տեղը, կը սպառինք, կը նահանջենք եւ կը պարտուինք:
Հիմնականը զոր չենք ըրած, մեր ունեցած հնարաւոր ուժերու կեդրոնացումն է, միացումը: Միացում, զոր պէտք է իրականացնել, միշտ խորհելով, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտքի մասին: Իրաւունք՝ որ յաճախ կը շփոթուի եսի եւ շահի հետ: Ի՞նչ պէտք էր ընէինք, որպէսզի հայրենատիրութիւնը իմաստաւորուէր, ըլլլար նպատակասլաց:
Առաջին հերթին յաջող հայրենադարձութիւնը օրակարգ պէտք էր ըլլար եւ գործնական նախաձեռնութիւններով իրականանար: Չենք յաջողած ընել այնպէս, որ Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ Սփիւռքը նայէին նոյն ուղղութեամբ, առանց գերադասի եւ ստորադասի, առանց արուեստական խոչնդոտումներու մասնակցութիւն իրականացնելու համար:
Չենք մտածած եւ չենք մտածեր անգամ լեզուով միացում ստեղծելու մասին, ինչպէս ըրաւ Իսրայէլը, որպէս ազգային հասարակաց գրական լեզու վերականգնելով եբրայերէնը, բազմաթիւ լեզուներով խօսող տարտղնուած համայնքները միացնելու եւ նոյն ինքնութեան շուրջ խմբելու համար:
Այս ընելու համար կենսական է հայ հաւաքականութիւններուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք, փոխանցել եւ ընել այնպէս, որ ան իւրացնէ իր ընտանիքի եւ նախնիներու յիշողութիւնը: Եւ ազգային հասարակաց լեզուն ճշմարիտ շտեմարանն է այդ յիշողութեան, վարձու սենեակի նմանող այլազան լեզուներով ստացուածը արուեստական է, խորքէ եւ հարազատութենէ զուրկ: Այս «խորքային բարեկարգում»ը այսօ՛ր պէտք է ընել, որպէսզի յաղթահարուին մեր տարբերութիւնները: Այս ազգային իրաւ քաղաքականութիւն է:
Այսօր եթէ չմտածենք թէ ի՞նչ բան, ի՞նչ բաներ էական են ազգային իրա՛ւ վերականգնումի համար, եթէ չգործենք զանոնք իրականացնելու ուղղութեամբ, կ’ըլլանք պատմութեան պարտուած ժողովուրդներէն մին, ինքնագոհ անհատներ կրնան գոհունակ ապրիլ այլ աշխարհագրական եւ հոգեկան աշխարհներու մէջ, բայց շարունակութիւն ըլլալէ կը դադրին: Կոտորակումներու վրայ հիմնուած էսթէպլիշմընթներն ալ ժամանակ մը կը տեւեն որպէս յիշատակի գեղեցիկ դամբարաններ: Հովերն ալ տարած կ’ըլլան մեր վէճերը եւ ճառերը:
Պատմութիւնը ոչինչ պիտի պահէ մեր տարակարծութիւններէն եւ փառասիրութիւններէն, երբ հայ անհատները եւ հաւաքականութիւնները այլացած ըլլան, ծառայեն ամբողջացնելու ուրիշ ժողովուրդներու համրանքը, ազգերու ներդաշնակութենէն դուրս ձգելով գոյն մը, ձայն մը, երանգ մը:
Պարզ պէտք ըլլայ, որ այդ ներդաշնակութենէն դուրս մնացած ըլլալու սխալը մենք գործած պիտի ըլլանք, քանի որ «ղեկավարութիւններով», յոգնակի, նաւը ճամբայ չ’երթար պատմութեան ովկիանոսին վրայ:
Միացումով ղեկավարում ստեղծելու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք, ներսը եւ դուրսը:
Միթէ՞ այնքա՜ն մաշած ենք, որ բջիջային պատեաններէ դուրս գալով, անկարող ենք բազմաճակատ գոյապահպանական միացում ստեղծելու: Այդ անկարողութիւնը ներքին թշնամի է, որ եթէ չյաղթահարուի, ոչինչ կարելի է ընել արտաքին թշնամիին դէմ:
Ղեկավարութիւններ, մտաւորականներ, պետութիւն եւ զանգուած հաւաքաբար պատասխանատու են, գտնուելով նոյն նաւուն վրայ:
Այսօ՛ր պէտք է ըսել եւ գիտնալ, թէ ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով: