Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Համար Մտահոգիչ Են Հայաստան- Թուրքիա Բանակցութիւնները Եւ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքի Արգիլումը

0 0
Read Time:24 Second

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կատարեց դիմատետրեան գրառում մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլելու հարցին: Գրառումին մէջ Վեհափառը կը նշէ.- «Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով: Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ` մասնաւորաբար սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան վրայ: Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցուին հանրութեան»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles