Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Արցախ Այցելեց

0 0
Read Time:31 Second

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.-  Յուլիս 12-14-ին Արցախ ժամանեց  .Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Այցելութեան առաքելութիւնը հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունէր` հանդիպումներ պետական տարբեր օղակներու հետ եւ ներքին կազմակերպական հարցեր, որ կը ներառէր Կեդրոնական կոմիտէին հետ. որոշ աշխատանքներու ծրագրում, հանդիպումներ Հ.Յ.Դ. շարքերուն հետ:

Այցելութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ.-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցաւԱրցախի Հանրապետութեան նախագահին, պետական նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ: Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցան Արցախի հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վարուող բանակցութիւններուն վերաբերեալ Արցախի տեսակէտը, քննարկուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրները, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին Արցախի կարգավիճակին հետ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles