Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Երեք Հայամէտ  Լրացում

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացուց, թէ ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէական տարուան մէջ Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած յաւելեալ երեք հայամէտ լրացում:

Մասնաւորաբար, ընդունուած է 611-րդ լրացումը, որով Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները: Լրացման հեղինակը Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Էտըմ Շիֆն է:

Ընդունուած է Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիըրի ներկայացուցած լրացումը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղուի ներկայացնելու զեկուցում: Փաստաթղթաւորուած են Պայտընի վարչակազմին կողմէ «Ազատութեան աջակցման հռչակագիր»-ի 907-րդ լրացումը դարձեալ շրջանցելու պատճառները: Սփիըր  լրացման մէջ նաեւ պահանջած է, որ ներկայացուելիք զեկուցումին մէջ տեղեկութիւն ըլլայ այն մասին, թէ արդեօք Ատրպէյճանին ցուցաբերուած ամերիկեան աջակցութիւնը չէ վնասած Արցախի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ տրուի գնահատական Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն մինչեւ օրս Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ յարձակողական ուժի կիրարկման կամ Հայաստանի գերիշխան տարածքի ոտնահարման վերաբերեալ:

Ներկայացուցիչներու տունը նաեւ ընդունած է Քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոնի, Քրիս Փափասի եւ Կուս Պիլիրաքիսի լրացումը, որուն մէջ կը նշուի սահմանափակելու ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչներու եւ անոնց արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Որդեգրուած լրացումը կը բովանդակէ երաշխիքներ, թէ այդ օդանաւերը Յունաստանի օդային տարածքին դէմ ոտնձգութիւններու համար պիտի չօգտագործուին:

Յուլիս 13-ին Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած էր Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, ուր կը պահանջուի զեկուցում ներկայացնել Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ: 121-րդ լրացումը, մասնաւորաբար, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն կերպով նկարագրուած ըլլայ, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ կիրարկուած թրքական անօդաչու սարքերուն մէջ օգտագործուած եղա՞ծ են ամերիկեան արտադրութեան մասեր: Բացի ատկէ, զեկուցումին մէջ պէտք է ներկայացուին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ:

Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնկրէսի ղեկավարներուն, դաշնակից գործընկերներուն եւ կազմակերպութեան տասնեակ հազարւոր աջակիցներուն, որոնց շնորհիւ այս յաղթանակը կարելի դարձած է:

«Միասին աշխատելով` մենք կ՛օգնենք պաշտպանել Արցախը, յառաջ մղել Հայաստանը, պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը եւ դադրեցնել ամերիկեան զէնքի Թուրքիա հոսքը», յայտնեց  Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեանը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles