Գլխաւոր
ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐՆԵՐ…ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՓՈՂՈՑԻ ՓՈՒՌԸ
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Վերջին տարիներուն, մեծ հռչակ սփռած է Երեւանի վրացական թաղի փուռը, որ կը պատկանի հիւսիսի դրացի Զվիաթի Կավիաշվիլիի:
Քառասուն տարեկան վրացին ժպտերես է:
Կատակասէր Երեւանցիին համար, նոյնքան ժպտերես են նաեւ անոր թխած հացերը:
Վրացական թաղէն ներս կը բնակին քանի մը տասնեակ վրացիներ: Բոլորն ալ բարեկամ են Զվիաթիին, որուն համար սակայն, ամենէն աւելի մօտիկ բարեկամը՝ թոնիրն է: