Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 9-ին, Պոսթընի (Մասաչուսէց) կեդրոնական շրջանի «Ռոզ Ֆիցճերըլտ Քեննետի Կրինուէյ» հողաշերտին վրայ, կատարուեցաւ հիմնարկէքը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին:
Աւելի քան 1000 հաշուող բազմութիւն մը ներկայ եղաւ հանդիսութեան, որուն մասնակցեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Ա.Մ.Ն Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդներ՝ Օշական Արք. Չօլոյեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) եւ Խաժակ Արք. Պարսամեան (Սուրբ Էջմիածին), Մասաչուսէցի Կառավարիչ Տիւվալ Փաթրիք, քաղաքապետ Թոմ Մընինօ եւ քոնկրէսի անդամ Մայքըլ Քափուանօ եւ ներկայացուցիչ Փիթըր Գութուճեան:
Հայոց Ժառանգութեան Հիմնարկի ժրաջան աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղած էր իրագործել այս կառուցուելիք յուշահամալիրը:
Հիմնարկի պատասխանատու Ճէյմս Գալուստեան յայտնեց թէ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղած էր իրագործել այս ծրագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք թէ’ նիւթապէս եւ թէ’ բարոյապէս օժանդակութիւն տրամադրած են:
Քաղաքապետ Մընինօ, իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Այո’, դժուարութիւններու հանդիպեցանք: Սակայն, ահաւասիկ այսօր հիմնարկէքի տօնական օրն է»:
Քոնկրէսմէն Մայքըլ Քափուանոյի կիզակէտը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր: «Միացեալ Նահանգներու գործակից՝ Թուրքիոյ Պետութեան ճանաչման մասին չէ որ պիտի խօսիմ: Այլ հոս, Միացեալ Նահանգներու մէջ, դեռ աշխատանք կայ կատարելիք, որ ցարդ չէ աւարտած: Կարելի չէ պատմութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:Առ այդ, կ’ուզեմ յստակօրէն նշել, որ օրը պիտի գայ եւ պաշտօնապէս պիտի ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: ըսաւ Քափուանօ:
Մասաչուսէցի Կառավարիչ Տիւվալ Փաթրիք, իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ շեշտեց.- «Գործակիցս՝ քոնկրէսմէն Քափուանօն, նշեց…Ես ալ կը շեշտեմ, թէ կարելի չէ ուրանալ կատարուած պատմական իրադարձութիւն մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: …Ահաւասիկ ի յիշատակ այդ անմեղ զոհերուն, յուշահամալիր մը»:
Իր երկլեզու ուղերձին մէջ, Ամէնայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, ըսաւ թէ յիշատակելի օր մըն է այս օրը, սերունդներ եւ ընտրանիներ կերտած Պոսթընի համար: Ան իր խօսքին մէջ, անգամ մը եւս շեշտեց թէ հակառակ բազմաթիւ արհաւիրքներու եւ ծանր կորուստներու, հայորդին շարունակ կը պայքարի իր դէմ ցցուող բազմաթիւ դժուարութիւններուն դէմ: «Պոսթընի մէջ, այս յուշարձանին ներկայութիւնը փաստ մըն է որ, հայ ժողովուրդը արիաբար կը պայքարի կառչած մնալով իր պատմութեան, հարուստ անցեալին եւ գոյութեան: Համայն մեր ժողովուրդին՝ կը փոխանցենք մեր ողջոյնն ու օրհնութիւնը:…Այսօր մենք կը տօնենք իւրայատուկ յիշատակելի օր մը…պանծալի յաղթանակի օր մը, որ ձեռք բերուած է սերունդներու մաքառումի եւ զոհողութեան գնով: Այսպէս, քաղաքակրթութեան կեդրոնին մէջ,հայորդին պիտի շարունակէ կերտել իր շէն, բարօր, երջանիկ կեանքը՝ ամուր պահելով իր արմատներն ու նուաճումները, ընթանալով դէպի նոր յաղթանակներ: Օրհնութիւն եւ լոյս՝ յանուն Հայոց եւ անոր սերունդներուն: Կ’աղօթենք՝ առ Տէրն ամենայնի, որ Իր օրհնութեան ներքեւ խաղաղ բարգաւաճում եւ յառաջընթաց շնորհէ հայութեան եւ արդիւնաւորուին՝ ի սէր հայրենեաց մեր ժողովուրդի բոլոր ջանքերը»: ըսաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Նշենք թէ, նախապէս իրենց աղօթքն ու պատգամը փոխանցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ՝ Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ամենայն Հայոց Ա.Մ.Ն Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան:
Օրուան փակման խօսքը փոխանցեց ներկայացուցիչ Փիթըր Գութուճեան, որ ձեռնարկի աւարտէն ետք հրաւիրեց ներկաները, մօտակայ ճաշարան մը, ուր այս առթիւ կատարուեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն: