Հ.Յ.Դ. Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի «Արցախ Ֆոնտ» Բարեգործական Հիմնադրամի Հերթական Ծրագիրը Արցախի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Հ.Յ.Դ. Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը հերթական ծրագիր մը իրագործեց, քաջարելու համար տեղւոյն բնակչութիւնը: Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Հ․Յ․Դ․ Արցախի կառոյցին հետ համադրաբար Արցախի Մարտունի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններու շարք մը գիւղերու բնակիչները հաւի ճուտեր ստացան:

«Արցախ ֆոնտ»-ի Արցախի մասնաճիւղի պատասխանատու Տրդատ Մարտիրոսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ընդհանուր առմամբ երեք շրջաններու մէջ տաս հազար հինգ հարիւր հատ հաւի ճուտ բաժնուեցան: «Ծրագրէն արդէն օգտուեր են Մարտունի շրջանի Աւդուռ, Միւրիշէն, Ննգի, Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ, Վարդաձոր, Սառնաղբիւր գիւղերու բնակիչները։ Յառաջիկայ օրերուն ալ պիտի հասցնենք Մարտակերտի շրջան: Իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի յատկացնենք 25 հատ հաւու ճուտեր», յայտնեց Տրդատ Մարտիրոսեան:

Անոր խօսքով, հիմնադրամի այս ծրագրով գիւղացիները եկամուտի յաւելեալ աղբիւր պիտի ունենան, եւ հետագային հաւաբուծութեամբ զբաղելու կարելիութիւն պիտի ստանան նաեւ այն ընտանիքները, որոնք տակաւին չեն զբաղիր:

Այս գաղափարը իրականացաւ, գործակցաբար Արցախի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէի հետ, պատերազմէն ետք Արցախի բնակիչներու ընկերային-կենցաղային պայմանները բարելաւելու համար։

«Մեր առաջարկներին արձագանգել են Հ․Յ․Դ․ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, կուսակցական տարբեր քոյր կառոյցնԵր, յանձնախՈՒմբեր եւ երիտասարդական միութիւններ: Նրանց միջոցներով նիւթական օժանդակութիւններ են տրամադրուել  պատերազմի զոհերի ընտանիքներին, վիրաւորում ստացածներին ու տեղահանուածներին», ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ժիրայր Շահիջանեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles