Յունիս 19-ին Նիկոլ Դումանի տուն թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր երդումի եւ խոստումի արարողութիւն, որուն ընթացքին չորս նորագիրներ համալրեցին Հ․Յ․Դաշնակցութեան, 31-ը՝ Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան, իսկ 56-ը՝ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Պատանեկան Միութեան շարքերը: Երդման արարողութեան կնքահայրը Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանն էր, իսկ երիտասարդական միութեան խոստման արարողութեանը՝ Սերկէյ Շահուերտեանը։
Պատանեկան Միութեան խոստման արարողութեան կնքահայրներն էին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Մարտունիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Մասիս Սուլէյմանեան, ՀՅԴ Արցախի Ասկերանի շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սուրիկ Թովմասեան, դաշնակցականներ Շանթ Չարշաֆճեան, Գէորգ Իսքաճեան։
Աւանդոյթի ուժով, նաեւ կարգով, մինչեւ երդում տալը Արթիւր Մոսիյեան նորագիրներուն հարցուց, թէ արդեօ՞ք պատրաստ են ամբողջովին նուիրուելու Դաշնակցութեան գաղափարախպսութեան, որուն ի պատասխան՝ նորագիրները անվարան պատասխանեցին՝ «այո՛»։
Պատերազմէն վերջ Հ․Յ․Դ․ Արցախի կառոյցներու շարքերուն անընդհատ ընդլայնումը կը փաստէ, որ երիտասարդները Դաշնակցութեան հետ կը կապեն իրենց, հետեւաբար նաեւ հայրենիքի փառաւոր ապագան։
Դաժան ու դժուարին ճանապարհով դէպի հայ ժողովուրդի յարատեւութիւն, Ազատ, անկախ ու Միացեալ Հայաստան․ այս գիտակցութեամբ նորագիրները այսօր միացած են կառոյցներուն։
Արարողութեան աւարտին, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ալիոնա Գրիգորեան պատանիներուն ու երիտասարդներուն ծանօթացուցած է տուն-թանգարանը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Նիկոլ Դումանի գործունէութեան մասին։