2
0
Read Time:21 Second
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց)․- Ուրբաթ, Մայիս 20-ին Լոս Անճելըսի Հոլիվուտ շրջանի «Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք քանի մը օրով ժամանած էին Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջան, այցելեցին «Հայրենիք»։ 51 աշակերտներուն կ՛ընկերանային 7 ուսուցիչներ։
Անոնք ստացան տեղեկութիւններ «Հայրենիք»-ի մասին։ Այցելեցին նաեւ «Հայրենիք»-մետիայի նորակառոյց կեդրոնատեղին, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական գրասենեակը եւ Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան արխիւներու կեդրոնը։
Աշակերտները նաեւ այցելեցին Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին եւ վարժարանը։