Կիրակի, 24 Ապրիլին, Ֆիլատելֆիայի Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ Առաքելական եկեղեցիները, Ս. Մարկոս Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցին եւ Հայ Քոյրերու Վարժարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի առիթով ձեռնարկ մը կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հոծ թիւով ներկաներով։
Եկեղեցական դասուն բացման աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավարը՝ Յանձնախումբի ատենապետ պրն. Անդրանիկ Գզիրեան, հրաւիրեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, ներկայացնելու դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ իր վերջին հատորին՝ «The Politics of Naming the Armenian Genocide»-ի վրայ։ Հետաքրքրական դասախօսութենէն ետք, Հայ Քոյրերու Վարժարանի Դ.-Ը. դասարաններու աշակերտները յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուցին՝ երգի, արտասանութեան ու պարի ներկայացումով։ Ձեռնարկը փակուեցաւ հոգեւորականներու օրհնութեան աղօթքով։ Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ գիրքերու մակագրութիւն։
Նշենք, թէ Ապրիլ 18-ին, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, դասախօսութիւն մը տուաւ «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Էջմիածնական Թեմի հովանաւորութեան տակ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Զօհրապ» կեդրոնի տնօրէն՝ դոկտ. Ճեսի Արլէն, որ ներկայացուց դասախօսը։ Դոկտ. Մատթէոսեան, հիմնուելով վերջերս լոյս տեսած իր հատորին վրայ, վերլուծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Մեծ Եղեռն» անուան առնչութեան հարցն ու անոր քաղաքականացումը։ Հարց ու պատասխանի բաժին մը յաջորդեց շահեկան դասախօսութեան։