ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՐԲԱՆՈՑԸ․․․ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

0 0
Read Time:10 Minute, 36 Second


Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ

Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-ին գործադրութեան դրուած էր օսմանեան պետութեան կողմէ համայն աշխարհի եւ մեծ պետութիւններու ականատեսութեամբ: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը՝ տարեց տղամարդիկը ու կիները, դեռատի աղջիկները եւ մանուկները գաղթականութեան ցուպը ձեռքերնին քալեցին շատ երկար, բռնեցին խաչելութեան ճանապարհը, համտեսեցին ոճրագործ եւ մարդասպան թուրքին ամէնադաժան վայրագութիւնները, մաքարեցան Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ անօթի ու ծառաւ, պայքարեցան բնութեան բոլոր աննպաստ պայմաններուն դէմ, անոնցմէ շատ շատեր կոսնցուցին իրենց անմիջական հարազատները եւ մնացին առանձին, մանուկներուն մեծամասնութիւնը դարձան որբեր՝ զուրկ ծնողական գուրգուրանքէ եւ խնամքէ: Այլ խօսքով Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուեցան անտէր ու անտիրական գաղթական Հայերու ծովածաւալ գաղթակայաններ եւ հայ որբերը հոգացող եւ մատակարարող անհամար որբանոցներ Սուրիա, Լիբանան, Երուսաղէմ, Յունաստան եւ Հայաստան: Այս որբանոցներէն մաս մը հովանաւորուեցան հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ, իսկ մեծամասնութիւնը կազմակերպուեցան եւ մատակարարուեցան շատ մը երկիրներու մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս երկիրներէն մէկն էր Աւստրալիան, որ իր ժողովուրդով շուտով օգնութեան ձեռք երկարեց Հայ գաղթականներուն եւ որբերուն:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք Աւստրալիոյ մէջ հաստատուած էին մի քանի բարեսիրական կազմակերպութիւններ օգնութեան հասնելու միջին արեւելքի գաղթական եւ տարագիր հայերուն եւ հայ որբերուն:
Նոյն նպատակով 1917-ի Մարտին Մելպուրնի մէջ կը կատարուի նիւթական հանգանակութիւն: 1918-ին Սիտնի եւ Ատըլէյտ քաղաքներուն մէջ կը ստեղծուին օժանդակութեան յանձնախումբեր: 1919-ին Աւստրալիոյ Կարմիր Խաչի հիւանդապահուհիներ եւ քոյր Իզապէլ Հիւթըն Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի հայ գաղթականներուն օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն: 1920-ին Աւրօրա Մարտիկանեանի «Հոգիներու Աճուրդը» (Auction of Souls) ֆիլմը կը ցուցադրուի Աւստրալիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ: Այս պատճառ կը դառնայ որ Աւստրալիոյ ժողովուրդը աւելիով օժանդակէ գաղթական հայ ժողովուրդին եւ հայ որբերուն:
Մելպուրնի Արքեպիսկոպոս Հարինկթոն Լիսի հովանաւորութեամբ 1922-ին նաւով մեծ քանակութեամբ ալիւր կը ղրկուի Լիբանանի գաղթական հայերուն եւ որբերուն:
Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (ՄԱՆ) պատասխանատուները նկատի առնելով հայ որբերու արհաւիրքը կ՚առաջարկեն իրենց գործակիցներէն վերապատուելի տոքթ. Լոյալ Լինքոլն Վիրդի որ շուտով երթայ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա, որպէս Նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ, արծարծելու համար Մերձաւոր Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ գտնուող Հայ որբերուն իրավիճակը: Ան Աւստրալիա կը հասնի 5 Մայիս 1922-ին: Ան կը շրջի Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մեծ քաղաքները: Ան կը խօսի Նպաստամատոյցի առաքելութեան մասին եւ Հայ որբերու օգնութեան շտապ եւ հրատապ մտահոգիչ վիճակի մասին: Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն հանդէպ Վիրդի արծարծած հարցերուն: Տքնաջան աշխատանքէ ետք ան հայութեան օգնութեան կեդրոններ կը հաստատէ զանազան տեղեր: Վերապատուելի Վիրդ այս երկու երկիրներու մէջ կը յաջողի մեծ հանգանակութիւններ կատարել ի նպաստ Հայ որբերուն եւ գաղթականներուն: Այս յաջողութիւններէն ետք ան կը հանդիպի Նպաստամատոյցի պատասխանատուներէն՝ Մաք Աֆիի հետ եւ միասնաբար կ՚որոշեն որբանոց մը հաստատել Լիբանանի մէջ եւ յարմարագոյն վայրը կը նկատեն Անթիլիաս գիւղաքաղաքը: Ուստի Նպաստամատոյցը կը գնէ մեծ հողաշերտ մը Անթիլիասի մէջ, որ կը ներկայացնէր ջաղացք մը: Հողաշերտը ծովահայեաց էր, ունէր հոսող գիտակ մը եւ շրջապատուած էր նարինջի պարտէզներով: Ծովը շատ նպաստաւոր նկատուած էր, որովհետեւ որբերը յետագային պիտի լողային եւ զբօսնէին ծովեզերքը:
Հողաշերտին վրայ կը հաստատուի Նպաստամատոյցի սեփական առաջին որբանոցը միջին արեւելքի մէջ: Մինչ այդ Նպաստամատոյցը արդէն գնած եւ սեփականացուցած էր Ճպէյլի որբանոցին հողաշերտը: Անթիլիասի հողաշերտը հովանաւորուած էր Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի նուիրատուներով եւ հողաշերտը գնուած էր անոնց նիւթական մեծ նուիրատւութեամբ: Որբանոցը կը բացուի եւ հոն կը տեղաւորուին 1700 հայ որբեր, որ եկած էին Թուրքիոյ մէջ գտնուող շատ մը որբանոցներէն:
Անթիլիասի որբանոցը ունեցած է երեք տախտակաշէն հիւղակներ, որոնք ծառայած են որպէս ննջարան եւ դասարան: Հոն կը շինուին մի քանի պզտիկ շէնքեր: Այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն որբանոցի տղաքը: Անոնք ամէն օր իրենց ազատ ժամերուն ֆիզիքապէս օգտակար կը հանդիսանան, մասնաւորապէս կռելով աղիւս, քար, աւազ եւ երկաթ:
Անթիլիասի որբանոցին տնօրէն կը նշանակուին տէր եւ տիկին Քնուտսըններ՝ Նոր Զելանտացի հրամանատարգնդապետ Ժոն Հէնրի Քնուտսըն եւ Աւստրալիացի Լիտիա Քնուտսըն: Տիկին Քնուտսըն կը ծննդաբերէ Անթիլիասի մէջ 1923-ին եւ կը բախտաւորուի տղայ զաւակով մը: Իրենց կը միանան շուտով Աւստրալիայէն տէր եւ տիկին Էրնէսթ Պրայս եւ օրիորդներ՝ Հիլտա Քինկ եւ Կորտոն: Անոնք կու գան եւ անմիջապէս կը դառնան Քնուտսըններու աջ բազուկը եւ կ՚օժանդակեն որբանոցէն ներս տարուած բոլոր աշխատանքներուն:
Անթիլիասի որբանոցը կը վերածուի ուսումնական-կրթական հաստատութեան մը, ուր կը գործեն 40 ուսուցիչներ եւ արհեստավարժ անհատներ, ինչպէս նաեւ 40 մայրիկներ, որոնք կը հոգան որբերուն մատակարարումը՝ կերակուր, հագուստ, զանազան պէտքեր եւ լոգանքի սպասարկում: Աւստրալիայէն կը հասնին մեծ քանակութեամբ իրեղէն օժանդակութիւն՝ ուտեստեղէն, ալիւր, հագուստ, տնային պիտոյքներ, դպրոցական իրեր եւ մարզական պիտոյքներ:
Որբանոցը շուտով կը վերածուի նաեւ արհեստից վարժարանի մը համազօր հաստատութեան մը: Հոն որբերը կը սորվին 14 տարբեր արհեստներ եւ կը դառնան արհեստավարժներ: Անոնք կ՚արտադրեն մասնաւորապէս կօշիկ, կահկարասի եւ խեցեղէն առարկաներ: Այս բոլորը կը ծախուին տեղական շուկայի մէջ եւ արտասահմանի զանազան շրջաններու մէջ: Կօշիկի արտադրութիւնը կ՚ըլլայ նպաստաւոր եւ գրաւիչ: Որբերը կօշիկի պատրաստութեան համար կը գործածեն աւստրալիական կաշի:
29 Մարտ 1925-ին Անթիլիասի գետին մէջ Երջանկայիշատակ Սահակ Բ Կաթողիկոս կը կատարէ 43 որբերու հաւաքական մկրտութիւնը: Վեհափառը մեծ Յուզումով որբերը երեք անգամ Անթիլիասի գետին մէջ կը մխրճէ եւ սրբալոյս միւռոնով կ՚օծէ զանոնք: Այդ առիթով Սահակ Բ Կաթողիկոս ըսած է՝ «1500 տարիներէ ի վեր մկրտութեան այսքան փառաւոր հանդէս մը երբեք տեղի չէր ունեցած մեր ազգային տարեգրութեանց մէջ»:
Որբանոցին տնօրէններէն եղած են՝ամերիկացի պրն. Նաթայն, ետքը ՝ Աւստրալիացի օրիորդ Կրէնվիլ եւ պրն. Հէնրի Պրաուն: 1925-ին որբանոցին փոխտնօրէնը եղած է պրն. Վահան Մելիքեան: Այս թուականէն ետք որբանոցի ուսուցիչներէն եղած են՝ Վարդան Երամեան, Պրն. Հէքիմեան, պրն. Դանիէլեան, Մ. Տօնապետեան եւ ուրիշներ:
Որբանոցը կը դառնայ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ազգային օճախ մը: Հոն կը կազմակերպուին ազգային տօնակատարութիւններ, գրական ասուլիսներ, մշակութային, երաժշտական եւ մարզական հանդէսներ: Մեծ շուքով կը կազմակերպուի Մայիս 28ի տօնակատարութիւնը: Որբերը կը ներկայացնեն թատերական կտորներ եւ կատակերգութիւններ: Որբանոցը կ՚ունենայ նաեւ իր նուագախումբը ղեկավարութեամբ պրն. Գրիգոր Յակոբեանի:
Նուագախումբի մաս կը կազմեն՝ Վահան Լեփեճեան (Տէորդեոլ),Յարութիւն Տ.Սարգիսեան (ԿարինԷրզրում), Ասատուր Հայտոսեան (Մարաշ), Սմբատ Իսպիրեան (Խարբերդ), Յարութիւն Քիւրտօղլեան (Տէորդեոլ), Արսէն Քրմոյեան (Կարին), Յովհաննէս Կիւլեան (Իլլիճիպլ), Անդրանիկ Շատիկեան (Իլլիճիպլ), Շմաւոն Կարիկեան (Ակն), Կարապետ Մարգարեան (Կեսարիա), Վահան Դերմոնճեան (Մարսովան», Միհրան Քէօշկէրեան (Տէորդեոլ), Հրանդ Արզումանեան (Եոզկաթ), Ասատուր Կէօվկէօզեան (Խարնէ-Հարունիա), Գառնիկ Աղաճանեան (Տիարպեքիր), Մելքոն Գոնտուրաճեան (Կարին), Համբարձում Էքիզեան (Էվերէկ), Լեւոն Էքինճեան (Կարին), Սարգիս Հայկազեան (Մարաշ), Հայկազ Թերզեան (Ատիեաման), Երուանդ Բնիկեան (Հաճըն), Սիսակ Վարժապետեան (Մարաշ), Խաչեր Խաչերեան (Կարս-Պազար), Վարդիվառ Ծերունեան (Մարաշ), Գառնիկ Սոզունեան (Խարբերդ), Մարտիրոս Շարթալեան (Արաբկիր), Գուրգէն Պարտիզպանեան (Խարբերդ), Լուտեր Ասուպեան (Մարաշ), Գրիգոր Մաղարեան (Քիլիս), Արշավիր Ֆարաճեան (Խարբերդ), Սարգիս Բախտիկեան (Արաբկիր), Լեւոն Մարտիրոսեան(Էվերէկ), Անդրանիկ Թորոյեան (Խարբերդ), Գրիգոր Յակոբեան՝ խմբավար (Գոնիա):
Որբերէն շատերը իրենց տարիքին համաձայն կը յօրինեն կարգ մը երգեր: Ահաւասիկ երկու օրինակներ անոնցմէ՝ առաջինը յօրինած է 1911-ի ծնունդ Ղազարոս Խրիմեան,
Անթիլիասի որբերն ենք մենք,
Դելիկօ՝ ախպեր, Դելիկօ՝ ջան,
Գիրք ու դպրոց մեզ համար է,
Դելիկօ՝ ախպեր, դելիկօ՝ ջան:
Երկրորդը յօրինած է Մարաշցի 1909ի ծնունդ Արամ Մոմճեան՝
Շատ վայրերէն մենք հոս բերուած,
Մեծ ընտանիք մըն ենք կազմած,
Մեր տունն է Անթիլիաս,
Գեղեցիկ Անթիլիաս:
Ալ չիկայ Խարբերդ կամ թէ՝ Կեսարիա,
Մարաշ ու Ատանա, Տարսոն կամ թէ՝ Թալաս,
Այլ՝ մեր շատ սիրելի, գեղեցիկ Անթիլիաս:
Ըլլանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի,
Թող գովուի մեր ընտանիք,
Միշտ խաղաղ է մեր տուն,
Հոս կայ սեր եւ միութիւն:
Ալ չիկայ Խարբերդ կամ թէ՝ Կեսարիա,
Մարաշ ու Ատանա, Տարսոն կամ թէ՝ Թալաս,
Այլ՝ մեր շատ սիրելի, գեղեցիկ Անթիլիաս:
Անթիլիասի որբերէն եղած են՝ Հայկազուն Եափուճեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Երուանդ Եազըճեան, Հայկ Մաճառեան, Պօղոս Էնֆիէճեան, Արամ  Ասատուրեան, Յարութիւն Մելքոնեան, Բենիամին Չաքմագճեան, Սամուէլ Անդրանիկեան, Սուրէն Անթոյեան, Փայլակ Թիթոյեան, Միհրան Թերզեան, Լեւոն Շահնազարեան, Յովակիմ Հասըրճեան:

Անթիլիասի որբանոցը կը փակուի 1928-ին: Որբերէն ոմանք մը կը նետուին շուկայի ասպարէզ եւ կ՚աշխատին գործարաններու մէջ, ուր կ՚օգտագործեն իրենց սորուած արհեստները: Անչափահաս որբեր կը ղրկուին Լիբանանի մէջ գործող այլ որբանոցներ:
Նպաստամատոյցը գործի ասպարէզ նետուող որբերուն որոշ շրջան մը կ՚օժանդակէ նիւթապէս: Որբանոցը փակուելէ ետք տէր եւ տիկին Քնուտսըններ կը վերադառնան Աւստրալիա եւ կ՚ապրին հոն Անթիլիասի որբանոցի յիշատակներով: Անթիլիասի որբանոցը 1930-ին ի վերջոյ կը ծախուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սահակ Բ. կաթողիկոս իմանալով, որ Անթիլիասի որբանոցը պիտի ծախուի Նպաստամատոյցի պատասխանատուներուն կողմէ, լայնածիր աշխատանքի կը լծուի Բաբգէն կաթողիկոսի հետ: Միասին կը դիմեն ամէն տեղ, ուր որ պէտք է, ձեռք ձգելու համար որբանոցը որպէս կաթողիկոսութեան նստավայր: Երկարաշունչ բանակցութիւններէ ետք, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը յաջողի, եւ 7 Ապրիլ 1930-ին կը ստորագրուի Անթիլիասի կալուածներուն վարձակալութեան արձանագրութիւնները: Նիր Իսթ Ռիլիֆը վարձու կու տայ Անթիլիասի որբանոցի կալուածները Սահակ Բ. կաթողիկոսին՝ հինգ տարուան համար, տարեկան մէկ ամերիկեան տոլարի վճարումով՝ գործածելու համար զանոնք որպէս վարժարան՝ եկեղեցականներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան համար: Այս կարգադրութեամբ կաթողիկոսութիւնը կ՚ունենայ իր նըստավայրը՝ նոր ու փայլուն ապագայի մը հեռանկարով: 13 Օգոստոս 1930-ին Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս առաջին անձը կ՚ըլլայ որ ոտք կը կոխէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նոր նստավայրը:
Սահակ Բ. կաթողիկոս Հալէպէն Անթիլիաս կը փոխադրուի վերջնականապէս 23 Սեպտեմբերին՝ ղեկավարելու համար սփիւռքի հայութիւնը եւ յատկապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանութեան տակ գործող թեմերու հայութիւնը: Սահակ Բ. կաթողիկոսի որոշումով կաթողիկոսարանի կալուածին մէջ տախտակեայ խոշոր տաղաւար մը կը փոխարկուի եկեղեցիի մը եւ կ՚անուանուի՝ Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցի:
1931 թուականին Պէյրութի Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւնը փայտաշէն գեղաքանդակ Հայրապետական գահ մը կը նուիրեն Սահակ Բ.Կաթողիկոսին: Գահը կը զետեղուի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիին մէջ: Անթիլիասի Մայր տաճարի շինութեամբ այս Հայրապետական գահը կը փոխադրուի Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցին: Ան մինչեւ այսօր կը ծառայէ իբրեւ Լիբանանի թեմի Առաջնորդական Աթոռ: Իսկ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին 1938-ին Սահակ Բ. Կաթողիկոսի կողմէ նուէր կը ղրկուի Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին գաղթական հայութեան: Թիթեղածածկ եկեղեցին նաւով Անթիլիասէն Թրիփոլի կը տարուի եւ կը զետեղուի տեղւոյն Մինայի շրջանը եւ հոնկէ մինչեւ քաղաքապետարանին կողմէ տրամադրուած հողը սայլակներու վրայ գաղթական հայերու օգնութեամբ:
1933-ին կը կատարուի Սահակ Բ. կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակը Պէյրութի մէջ ի ներկայութեամբ Լիբանանի նախագահ՝ Շարլ Տեպպասի: Այս առթիւ Շարլ Տեպպաս, որպէս երախտագիտական կեցուածք Ամերիկեան Նպաստամատոյցի կատարած Հայ տարագիր ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութիւններուն հանդէպ, 12 մայրիներու ծառեր նուէր կը ղրկէ Ամերիկեան կառավարութեան: Այդ 12 ծառերը կը տնկուին Վիրճինիա նահանգի մէջ գտնուող Արլինկթըն գերեզմանոցին մէջ: Ի պատասխան այս նուիրատւութեան Նախագահ Ռուզվելթի տիկինը շնորհակալական նամակ մը կ՚ուղղէ նախագահ Շարլ Տեպպասի: Մինչեւ այսօր այդ գերեզմանոցին մէջ կը տեսնուին այդ 12 մայրիներու ծառերը եւ յուշատախտակ մը :
2016-ի Սեպտեմբերին Սիտնիի մէջ յատուկ տօնակատարութեամբ յիշատակուած է Քնուտսըն ամոլին տարած աշխատանքը եւ մարդասիրական գործունէութիւնը հանդէպ հայ որբերուն, մասնաւորապէս՝ Անթիլիասի որբերուն: Այս հանդիսութեան տէր եւ տիկին Քնուտսըններու երկու թոռնիկները՝ Ճոն եւ Դաւիթ Քնուտսըններ կը վերյիշեն իրենց մեծ հօր կատարած մարդասիրական աշխատանքները հանդէպ Անթիլիասի որբանոցի հայ որբերուն:
2016-ի Սեպտեմբեր ամսուն Աւստրալիահայ Վիգէն Բաբգէնեան հրատարակած է «Armenia Australia and the great war» գիրքը, ուր ան կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան, Անթիլիասի որբանոցի կազմակերպութեան եւ Աւստրալիոյ հայ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական օժանդակութիւններու մասին, մասնաւորապէս՝ Անթլիասի որբանոցի հայ որբերուն:
Անթիլիասի որբանոցէն դուրս եկած որբերը կը միանան բոլոր հայ որբանոցներէն դուրս եկած որբերուն ճշդած ուղիին: Անոնք շուտով կը նետուին կեանքի ասպարէզ եւ կը փորձեն հաւաքուիլ հայկական մէկ յարկի տակ, որպէսզի բոլորը միասին տանին առողջ ընկերային կեանք ու մաս կազմեն իրենց շրջապատի ազգային կեանքին: Հոս կը սկսի Հայ որբերուն հայաշունչ զարթնումի շրջանը:
Հայ որբերը 1924-ին կը կազմեն Նիր Իսթ Լիկ հայկական դիմագիծ ունեցող կազմակերպութիւնը, որ հայերէնով կը կոչուի «Մերձաւոր Արեւելքի Որբերու ՄիութիւնԴաշնակցութիւնԸնկերակցութիւնԸնդհանուր Միութիւն»: 1925-ին կը մշակուի միութեան «Ծրագիրկանոնագիր»ը: Շուտով խորհրդատու մարմիններ կը ստեղծուին Պէյրութի, Դամասկոսի, Զահլէի եւ Հալէպի մէջ: 1926-ին կը բացուին Միութեան Պէյրութի, Հալէպի եւ Զահլէի ակումբները: Միութեան ընդհանուր ժողովը կ՚ընտրէ գործադիր վարչութիւն, որ կը նշանակէ զանազան յանձնախումբեր՝ ծառայութեան, մարմնակրթական եւ մշակութային: Որպէս վարիչ քարտուղար Ամերիկայէն կը հասնի Հայ որբանոցներու ծանօթ ՝ Հանրի Մըրֆին: 1927-ին կը հիմնուի «Չափահաս Որբերու Միութիւն»ը, որ կունենայ իր մասնաճիւղերը զանազան վայրերու մէջ: 1930-ին տեղի կ՚ունենայ Պէյրութի մէջ Պատգամաւորական Ժողով մասնակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն: Այս ժողովին կ՚ընտրուի կեդրոնական մարմին մը շարունակելու համար Նպաստամատոյցի գործերը՝ անոր դադրեցումէն ետք:
Ակումբներէ ներս կը տիրէ եռանդուն ազգային գործունէութիւն: Հայ որբերու միութիւնը կարիքը կը զգայ ունենալ անձնական Հայ մամուլ: 1924-ի Հոկտեմբերին կը հրատարակուի Հալէպի մէջ «Պայքար Կենաց» պարբերաթերթը՝ միայն մէկ թիւ: Նոյն ժամանակամիջոցին Պէյրութի մէջ կը հրատարակուին «Աստղ» թղթիկները: 1925-ին լոյս կը տեսնէ «Որբաշխարհի Աստղ» ամսաթերթը, որ կը հրատարակուի մինչեւ 1930: Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ «Ովասիս»ը, ֆրանսայի մէջ՝ «Երկունք»-ը, Յունաստանի մէջ՝«Աստղ»-ը եւ Գանատայի մէջ՝ «Արարատ»-ը: Այս թերթերուն եւ պարբերականներուն մէջ կը գրեն Հայ որբերէն շատերը ինչպէս նաեւ հայ կղերականներ ու ազգայիններ:
1931-ին Նպաստամատոյցը կը դադրեցնէ իր որբանոցային աշխատանքները, ուստի այս կազմակերպութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ կը յանձնուի «Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան»: Սակայն երեց որբերէ կազմուած խումբ մը կ՚որոշէ հիմնել Էշրէֆիի մէջ անկախ «Կրթասիրաց» միութիւնը 1932-ին:

 

Աղբիւրներ՝

1. Ազատեան, Լիպարիտ, Եղեռնի Հայ որբերը , Լոս Անճելոս, 1995.
2. Ահարոնեան, Գերսամ, Յուշամատեան մեծ Եղեռնի, 19151965, «Զարթօնք» Օրաթերթ, Պէյրութ, 1965.
3.Արեւմտեան Հայաստան կայքէջ.
4. Եղիայեան, Բիւզանդ, Ժամանակակից պատմութիւն Կաթ. Հայոց Կիլիկիոյ (19141972), Անթիլիաս, 1975.
5. Եղիայեան, Բիւզանդ, Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցը (19151930), «Դրազարկ» Տարեգիրք, Անթիլիաս, 1970.
6. Եափուճեան, Հայկազուն, Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ, Բ տպագրութիւն, Պէյրութ, 2015
7. Հարպոյեան, Կարպիս, Գառնիկ Բանեանի Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան գիրքը, «Ազդակ» Փետրուար, 2016
8. Հարպոյեան, Կարպիս, Խաչելութեան ճանապարհը, Մոնրէալ, 2015
9. Հարպոյեան Կարպիս, Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան որբերը, որբանոցները եւ որբաշխարհը, Խաչելութեան Ճանապարհը, Մոնրէալ. 2015
10. Հարպոյեան, Կարպիս, Հայ Մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, Խաչելութեան Ճանապարհը, Մոնրէալ, 2015
11. Հարպոյեան, Կարպիս, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի աննախընթաց օգնութիւնը Հայկական ցեղասպանութեան Գաղթականներուն եւ Որբաշխարհին, Խաչելութեան Ճանապարհը, Մոնրէալ 2015,
12. Մուրատեան, Խաչիկ, Անթիլիասի որբանոցի նուագախումբի լուսանկար, դիմատետր, 12 Օգոստոս, 2017
13. Յուշամատեան Ճպէյլի Ամերիկեան որբանոցը, 19201925, Պէյրութ, 1969
14. Սամուէլեան, Վռամ, Որբաշխարհ. «Ազդակ» օրաթերթ-Ազդակի 25ամեակ, Պէյրութ, 1952
15. Սվազլեան, Վերժին, Հայոց ցեղասպանութիւնականատես վերապրողներու վկայութիւններ, Երեւան, 2011
16. Near East Foundation Antilyas, The Australian orphanage, april 15, 2016
17. Armenian Genocide.com, Armenia Relief fund of Australia
18. Barton, James L., Story of Near East Relief, New York, 1930
19. Babkenian, Viken, Genocide perspectives IV: Essays on Holocaust and Genocide, Sydney, 2012

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles