Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու Թուրքիոյ պետութեան քաղաքականութեան արմատները կը գտնուին Քեմալ Աթաթուրքի հռչակաւոր ճառին մէջ, զոր ան արտասանեց իր կողմէ ստեղծուած՝ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան երկրորդ համագումարին ընթացքին։Հոկտեմբեր 15-20, 1927-ին, հինգ օրերու ընթացքին Աթաթուրք երեսունվեցուկէս ժամ պատմեց եւ ներկայացուց Թուրքիոյ պետութեան ծննդոցը՝ իբրեւ սկիզբ համարելով Մայիս 19, 1919 թուականը։Աթաթուրք այդ օր հին շոգենաւով մը հասած էր Սեւ Ծովեան Սամսոն քաղաքը՝ իբրեւ օսմանեան բանակներու ընդհանուր քննիչ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն պարտուած դուրս եկած Օսմանեան Թուրքիա Հոկտեմբեր 30, 1918-ին ստորագրած էր Մուտրոսի համաձայնագիրը եւ կայսրութիւնը կը գտնուէր ամբողջական տարբաղադրման անմիջական եւ իրական վտանգին տակ։ Ահա նման իրավիճակի մը մէջ Աթաթուրք կը կազմակերպէր Թուրքիոյ անկախութեան պատերազմը, որ մինչեւ Յուլիս 24, 1923 պիտի տեւէր։
Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան երկրորդ ընդհանուր համագումարին Աթաթուրքի արտասանած մարաթոնեան ճառին դրոյթները ապա որդեգրուեցան թրքական պաշտօնական պատմագիտութեան կողմէ՝ իբրեւ Թուրքիոյ արդի պետութեան ծննդոցին պատմութիւնը, որուն մէջ Աթաթուրք Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը իր ետին կը ձգէր՝ զայն համարելով նախկին օսմանեան կայսրութեան հոգեվարքին օրերուն արձանագրուած դէպքերու շարք մը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր Արդի Թուրքիոյ հետ, որ 1923-ին ծնունդ կ՛առնէր՝ շնորհիւ 1919-ին սկսած դէպքերու եւ իրադարձութիւններու։
Ինչ որ յատկանշական է Աթաթուրքի ճառին վրայ հիմնուած պատմական տեսութեան մէջ, այն է, թէ Թուրքիոյ համար Հայկական Հարցը կը գտնուի Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին մէջ եւ հոն ալ պիտի մնայ։ Այս տրամաբանութեամբ Արդի Թուրքիա ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ բնիկ հայութեան ոչնչացման ցեղասպանական ոճիրին համար։ Նշելի երկրորդ կէտը այն է, թէ Աթաթուրք ամբողջութեամբ կ՛անտեսէր եւ մոռացութեան գիրկը կը նետէր Օսմանեան Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները, մասնաւորաբար՝ յոյները, ասորիները, հրեաները եւ քիւրտերը։ Արդի Թուրքիան, ըստ Աթաթուրքի, ստեղծուած էր իսլամ թուրքերու զոհողութիւնններուն շնորհիւ։ Անոր մէջ տեղ եւ բաժին չունէին հայերը եւ միւս փոքրամասնութիւնները։
1923-էն մինչեւ 1975 Թուրքիոյ մէջ կարելի չեղաւ հարցականի տակ առնել թրքական պատմագիտութեան կողմէ որդեգրուած աթաթուրքեան տեսութիւնը, որովհետեւ քրէական յանցանք կը համարուէր Թուրքիոյ հիմնադիրին գաղափարները մերժելը։ Բնականաբար կարելի չէր կասկածի տակ առնել նաեւ պետական դիրքորոշումները։ Միայն 1975-էն ետք է, որ թրքական հասարակական կարծիքը սկսաւ հարցեր ուղղել, թէ օրինակի համար թրքական կրթական ծրագրին մէջ ինչու հպանցիկ ակնարկ կար 1915-ի դէպքերուն վրայ։ Այդ շրջանի զարգացումներուն եւ դէպքերուն մասին թուրքերը գրեթէ ոչինչ կը սորվէին։ 1975-էն մինչեւ 1983 ցուցական արարքները եւ աքթերը թէ՛ միջազգային ընտանիքը եւ թէ՛ թուրք հանրային կարծիքը մղեցին անդրադառնալու, թէ հարց գոյութիւն ունի եւ հայութիւնը միայն մոմավառութեամբ եւ հսկումներով պիտի չշարունակէ նշել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը, այլ հայ ազգին հայրենազուրկ հատուածին արդար իրաւունքներուն տիրացումը համահայկական պահանջատիրութեան առանցքին վերածած է։ Թուրքերը ի վերջոյ հասկցան, թէ այն ինչ որ « հաւաքական յիշողութիւն» էր, յատկապէս Աթաթուրքի մահէն ետք վերածուած էր «հաւաքական առասպել»-ի մը, որովհետեւ իրականութիւնները բնաւ չէին համապատասխաներ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան ծանուցողական ապատեղեկատուութեան։ Այս իրականութիւնը ըմբռնող թուրք մտաւորականներու, պատմաբաններու եւ ակադեմականներու համար կարեւոր էր հասկնալ եւ մարսել «1915-ի իրադարձութիւնները»։ Նաեւ՝ ճշդել եւ մատնացոյց ընել այն բոլոր տուեալները եւ պատճառները, որոնք իթթիհատականները մղեցին՝ ծրագրելու եւ գործադրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ թրքական պետական ժխտողական քաղաքականութեան պատճառաբանութեան,որ չափազանց խոցելի էր, նկատի ունենալով,որ առաւելաբար կ՛անգիտանար ցեղասպանական ոճիրին հանգամանքները եւ կը կեդրոնանար զոհը ոճրագործ ներկայացնելու ճիգերու վրայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտող թրքական պետական քաղաքականութիւնը ճիշդ է, որ մեծ մասամբ հիմնուած է Աթաթուրքի ստեղծած՝ «Թրքական Հայրենիք»-ի ծննդոցին մասին անոր պատկերացումներուն վրայ, սակայն պէտք է նշել ,որ հաշուի առնուած են նաեւ օսմանեան, հանրապետական ժամանակաշրջանի եւ յետ ազգայնական ժամանակաշրջանի պատճառաբանութիւնները՝ ինչ կը վերաբերի «1915 իրադարձութիւններուն» դրդապատճառներուն, յանցաւորներուն, մեղաւորներուն եւ արդիւնքներուն։Պէտք է չմոռնալ, որ թուրք պատմաբաններու եւ ակադեմականներու կարեւոր թիւ մը այս ժամանակաշրջաններու պատճառաբանութիւնները հարցականի տակ առին եւ ջանացին տարակարծիք գտնուիլ թրքական պետական տեսակէտին։Անոնց ճիգերուն դիմաց սակայն թրքական պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը առաւել արմատականացաւ, յատկապէս 2019-ի ամրան գումարուած՝ Թուրքիոյ պետական գերագոյն խորհուրդին նիստին տրուած որոշումներուն լոյսին տակ։
Այսօր երբ հայութիւնը ականատես է Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն, խնդիրը, որ պէտք է հասկցուի եւ լուծում ստանայ հետեւեալն է։ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ հայրենազուրկ հայութեան արդար իրաւունքները ժխտող Թուրքիոյ պետութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գինը ի՞նչ է։ Այս հարցումին պատասխանը անպայման պէտք է տրուի պաշտօնական Երեւանի կողմէ։
Read Time:3 Minute, 11 Second