Զատիկ էր: Էլպիս եւ Արմենակ, սոխի կեղեւով կրակի գոյն առած հաւկիթներով շնորհաւորանքի եկան: Յետմիջօրէին արեւ կար եւ սուրճ վայելեցինք կեռասենիին սպիտակ ծաղիկները դիտելով, պահ մը մոռցանք, որ Ուքրայինան ռումբերու տակ է: Բայց չմոռցանք որ եօթը օրէն Ապրիլ 24 է: Դեռ չենք մոռցած:
– Մակա՛ր, դուն մեծերէն լուր կ’ունենաս, այս տարի Հայաստան եւ սփիւռք ի՞նչ պիտի ըսեն ժողովուրդին, քանի որ Թուրքիան խաղաղութեան աղաւնի դարձեր է, Հայաստանն ալ քայլ կը պահէ: Կարծես կ’ուզեն մեզ վարժեցնել «անցուկը մոռցուկ է»ի իմաստութեան,- ըսաւ Արմենակ:
– Ի՞նչ ըսեմ: Ապրիլի 24-ին Երեւան պիտի ըլլամ: Ականատես եւ ականջալուր կ’ուզեմ ըլլալ յետպարտութեան խաղաղութեան եւ բարիդրացնութեան խաղերուն: Չեմ ալ գիտեր որ Ծիծեռնակաբերդ գացող պիտի ըլլա՞յ, իշխանութիւնները ծաղիկ պիտի տանի՞ն յուշահամալիր:
– Մենք հոս կրկին ցոյց պիտի ընենք: Որմէ՞ ի՞նչ պիտի պահանջենք: Նոյն օրը Ֆրանսան նախագահ պիտի ընտրէ, լարուած մթնոլորտի մէջ ո՞վ մեզ պիտի լսէ: Բայց հայերս ճառ պիտի խօսինք, երկրի իրարանցումին մէջ ո՞վ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ մեր պոռչտուքին: Հայաստանի պայքարներու աղմուկը պիտի պատուաստենք մեր խօսքերուն վրայ: Աւանդութիւնը պիտի պահուի, ես ալ պիտի երթամ ցոյցի: Պիտի պահանջե՞նք, որ բանակ ղրկեն, որպէսզի հայուն հայրենիքը հայուն վերադարձնեն:
– Արմենա՛կ, գիտես ի՞նչ, ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հարցերուն վրայ անմիջական ներկան ստուեր ձգած է: Հոս այդ պատերազմն է, մաքուր կամ անմաքուր հիւլէական զէնքի սպառնալիքով, Հայաստան կայ չմոռցուող պարտութիւնը եւ թուրքին հետ ապրելու պարտադրանքը, որուն համար Ապրիլ 24ը կը կարծեն որ փակագիծի մէջ պէտք է դնել:
– Գնա՛ եւ եկու՛ր: Գիտենք թէ ի՞նչ կ’ընեն իշխանութիւնները: Բայց ի՞նչ կը մտածէ ժողովուրդը, ա՞ն ալ դարձած է մսկոտ դիւանագէտ, թէ՞ տէր կը մնայ իր դատին: Հոս անցեալին պէս, անպատասխան մնալու դատապարտուած աղմուկ պիտի հանենք, նոյն կարգախօսներով: Ի՞նչ ըրինք անցած տարուան ընթացքին, ի՞նչ արդիւնքով: Վարժուած ենք զօրակցական խօսքերու: Շահը յայտնիներու հետ լուսանկարներն են:
– Արմենա՛կ, մեզի զօրակցութիւն յայտնողները, չըրին այնպէս ինչպէս այսօր կ’ընեն Ուքրայինայի, ուր կ’երթան կամաւորներ, մեծանուններ, կը ղրկուին անհաշիւ զէնքեր, բուժօգնութիւն, եւ աստղաբաշխական գումարներ: Ընդհակառակն, ներխուժող թուրք-ազերիին տուին զէնք, ֆոսֆորային ռումբեր: Այս մասին հաշիւ պահանջող պիտի ըլլա՞յ Ապրիլ 24-ին, պիտի ըսե՞նք որ զօրակցութիւնը առանց միջուկի դատարկաբանութիւն է:
Չէօրէկը բերին: Չինական թէյ եւ Նոյ կոնեակ:
Զատիկ էր: Էլպիսի եւ Մակարուհիի կարծիքները լսեցինք Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան մասին: Քչախօս Էլպիս, ուրկէ՜ ո՜ւր, յիշեց Ֆրանսայի համայնավար հին ղեկավար Ժորժ Մարշէի խօսքը, ըսելով.
– Գլուխ մի՛ յոգնեցնէք, սպիտակ գլխարկ, գլխարկ սպիտակ, bonnet blanc, blanc bonnet: Եթէ ողջ մնանք, հինգ տարի ետք կը սկսինք նոյն տեղէն:
Արմենակ բարի ճանապարհ մաղթեց: Ըսաւ որ կը սպասէ ականատեսի վկայութիւնս:
Մակար ի Գաղիա, 17 Ապրիլ 2022