Կիրակի, Ապրիլ 17-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր Հայրապետական Սուրբ Պատարագի մատուցման եւ ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, դեսպանատան անձնակազմը, կուսակցութեանց, կազմակերպութեանց, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներ. իսկ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
«Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը յաղթանակի տօն է. յաղթանակը երկինքին՝ մեղքով եւ ապականութեամբ շաղախուած երկրին դէմ, յաղթանակը ճշմարտութեան՝ կեղծիքին ու սուտին դէմ, յաղթանակը յաւիտենականութեան՝ ժամանակաւորին դէմ, յաղթանակը կեանքին՝ մահուան դէմ, յաղթանակը Աստուծոյ Թագաւարութեան՝ մարդու թագաւորութեան դէմ», ըսաւ Հայրապետը՝ նշելով, որ այսպէս ըմբռնեց Եկեղեցին Քրիստոսի յարութիւնը, որ եղաւ կենսատու աղբիւր ու վեհ առաքելութիւն, ու անով զօրացած Եկեղեցին դարերու ընթացքին ինքզինք արժեւորեց եւ իրագործեց մարդկային կեանքին մէջ։ «Յարութիւնը եղաւ այն հզօր վէմը, որուն դիմաց պատմութեան բոլոր փոթորիկները եկան ու փշրուեցան։ Մնաց քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ հաւատքի պաշտպան ու կենսատու աղբիւր՝ Եկեղեցին», ընդգծեց Նորին Ս. Օծութիւնը՝ շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը ինքզինք տագնապներու դիմաց գտած ժամանակ միշտ ալ փարած է յարութեան ու այդ հաւատքով ինքզինք նորոգած է։ Հայրապետը վկայակոչեց Քրիստոսի այն խօսքերը, որոնք արտասանած է իր յարութենէն ետք անակնկալ կերպով աշակերտներուն երեւցած ժամանակ, որ կ՚ըսէ.- խաղաղութիւն ձեզ, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք, ու վերյիշեցուց հաւատացեալներուն, որ այսօր եւս Քրիստոս կը ներկայանանայ մեզի՝ ըսելու «մի՛ վախնաք»։
Հայրապետը, ապա, անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր ու լուռ մնալ ի տես տիրող կացութեան։ Խօսքը ուղղելով յատկապէս Արցախի մեր հայրենակիցներուն՝ ըսաւ. «Արցախի ժողովո՛ւրդ, կ՚ըսենք՝ մենք ձեզի հետ ենք, բառին ամէնէն զօրեղ իմաստով»։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ «անկախութիւնը եւ արդարութիւնը Աստուածատուր արժէքներ եւ իրաւունքներ են։ Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատած եւ ամրապնդած է իր անկախութիւնը այն հողին վրայ, ուր դարեր շարունակ ապրած ու ստեղծագործած է. հետեւաբար, ժողովուրդի մը անկախութիւնը չի՛ կրնար սակարկութեան սեղանի նիւթ դառնալ», ընդգծեց ան։ Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան, Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, որ այսօր Հայաստանը լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի եւ մեր սպասումն է, որ Հայաստանի պատասխանատուները, ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդը կարողանան իրենց հաւաքական կամքը հաստատել ամուր կերպով, որովհետեւ ազգի մը ազատ ապրելու կամքը եւ իրաւունքը կարելի չէ՛, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքական պայմաններու լոյսին տակ թէական դարձնել։
Աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Ս. Զատկուան տօնին շնորհաւորանքներ։