Հայ Դատի «Ապագայի Ղեկավարներ» Դասընթացք

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 6-8 եւ 13-15-ին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ապագայի Ղեկավարներ» դասընթացքը։ Եռօրեայ երկու հաւաքները կը վայելէին Տին Շահինեանի եւ ընտանիքին հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ Հայ Դատի հանգուցեալ գործիչ Լուսին Քուճաքեանի:

Հայ երիտասարդները դէպի քաղաքական գործունէութիւն մղելու եւ քաղաքական, լրագրական ու հանրային մարզի ասպարէզին մէջ նետուելու հետաքրքրութիւն ունեցողներուն անհրաժեշտ ցուցմունքները մատուցելու նպատակով, կազմակերպուող այս եռօրեայ հաւաքներուն մասնակցողները սեմինարներուն առաջին օրը, հանդիպումներ  ունեցան Հայ Դատի յանձնախումբին տնօրինած եւ Յովիկ Աբօ Սաղտըճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրին խորհրդատուական մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ։ Յաջորդ երկու օրերուն, մասնակցողները ներկայ եղան քոնկրէսականներու եւ անոնց անձնակազմին հետ հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու՝ մօտէն ծանօթանալու համար Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու, Արցախին զօրակցելու, Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցում ապահովելու եւ Հայ Դատի այլ առաջնահերթութիւններու գծով տարուող աշխատանքներուն:

Սեմինարին մասնակցեցան՝ Քլօտիա Աքեան, Անժելիք Ալեքսսանտր, Արամ Աբանեան, Ալեքսսանտր Պատոյեան, Նարէ Պալապանեան, Նարեկ Պալեան, Լոռի Պարոնեան, Մարի Պիճիմէնեան, Պէյնա Չափարեան, Պրենտըն Ֆրեկենթի, Թագուհի Կիւրիւնեան, Լենա Յակոբեան, Արէնի Համբարեան, Զապէլ Համբարեան, Գայլ Չաքմաքճեան, Նարեկ Գասարճեան, Աբրահամ Քիւանեան, Նարօտ Քիւանեան, Կարինէ Գուշակճեան, Ժպիտ Մելգոնեան, Տանիէլ Միքայէլեան, Վան Նահապետեան, Արամ Բառնիկեան, Յովսէփ Սէֆէրեան, Լար Թապաքեան, Ալեքսիս Տոլմաճեան, Մեղրի Թիւթիւնճեան եւ Ճէյմզ Զոպեան։

Հայ Դատը այս ծրագիրը կ՛իրականացնէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներու Հ․Ե․Դ․-երուն, ինչպէս նաեւ «Ճորճթաուն» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան հետ գործակցելով։

Անոնք նաեւ շարք մը մարզերէ հայ մասնագէտներու հետ հանդիպումներ ունեցան։

Ծրագիրի առաջին տարին՝ 2019ին, առաւել քան 30 ուսանողներ մասնակցեցան անոր: Համաճարակին պատճառով, սեմինարները տեղի չունեցան 2020-ին եւ 2021-ին։

Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով կայքէջը կամ դիմելով այս հասցէին:

Մասնակցողներուն վկայութիւնները կարելի է դիտել սեղմելով․- https://www.youtube.com/playlist?list=PLdr-wcXFvNMtj0fFSCBK7pPdmlH0DBXoH

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles