Այս Կիրակի, Ապրիլ 3-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պիտի պատարագէ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ( Փենսիլվէնիա) եկեղեցւոյ մէջ, անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ան նաեւ Ծուխին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ օգնական հովիւը՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը։
Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան (աւազանի անունով՝ Մուրատ) ծնած է Հալէպ, 1990-ին, եւ մկրտուած՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Մեծցած է Հալէպ՝ եկեղեցւոյ ծառայելով փոքր տարիքէն իբրեւ դպիր ու դպրաց դասի անդամ, եւ այնուհետեւ՝ կիսասարկաւագ ու սարկաւագ։ Անթիլիասի դպրեվանք ընդունուած է ու ամբողջացուցած՝ եօթնամեայ ուսումնական ծրագիրը, սորվելով՝ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Հին ու Նոր Կտարականներ, ծիսագիտութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցւոյ երաժշտութիւն, այլ նիւթերու շարքին։ Այս ժամանակամիջոցին հետեւած է նաեւ աստուածաշնչական եւ հովուական դասընթացքներու՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան Դպրոցին մէջ։ 2013ին դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղած է ու ամուսնացած՝ Շողեր Բրուտեանի հետ։ Նոյն տարին քահանայ ձեռնադրուած է Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպիսի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Թորգոմ վերանուանելով։
2014-ին, Տէր Հայրը ծառայութեան կոչուած է Արեւելեան Թեմէն ներս։ 2014-2019-ին ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Կրանիթ Սիթի, Իլլինոյ) եկեղեցւոյ։ 2019-2022ին, Տէր Հայրը Սուրբ Երրորդութիւն (Ուստըր, Մէսէչուսէց) եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւը եղած է, Ծուխը ձեռնհասօրէն վարելով պսակաձեւ ժահրի համավարակի ընթացքին։