Մարք Յարութիւնեան
Կ’ըսեմ՝ դիտելով, քանի որ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանը ընտրապայքարի թատերաբեմ է, կ’ըսեմ՝ լսելով, քանի որ օրն ի բուն կը լսուին կարծիքներ, վերլուծումներ, քննադատութիւններ եւ անոնց հակառակները: Եթէ քաղաքացին ի յառաջագունէ կողմնորոշուած չըլլայ եւ ըսուածներու լոյսին տակ ուզէ որոշել թէ որո՞ւ պիտի տայ իր քուէն, կը շուարի, եւ շուարած ըլլալով՝ ընտրութեան օրը տունը կը մնայ:
Նախատեսուած էր, որ ընտրապայքարի ընթացքին քննուելիք գլխաւոր հարցերը պիտի ըլլային գաղթողներու անդադրում հոսքը, ապօրէն կերպով երկրին մէջ ապրողները եւ անոնց կողմէ պետական նպաստներու չարաշահումը, քաղաքացիներու գնողական կարողութեան նուազումը, կրօնական, մշակութային, կենցաղային եւ քաղաքակրթական հարցերը, բնապահպանութիւնը սեռային բազմերես ընտրանքները:
Ուքրայինական տագնապը եւ պատերազմը բիրտ կերպով ներխուժեցին քաղաքական-քարոզչական հրապարակ եւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան յատուկ վիճարկումներու դաշտը սեղմեցին: Թեկնածուները, անոնց կողմնակիցները, ընդհանրապէս քաղաքական վերլուծաբանները եւ մամուլը առաջնահերթութիւնը տուին Ուքրայինիայի տագնապին եւ պատերազմին: Թէեւ ներքաղաքական վիճարկումները շարունակուեցան: Ռուսամէտ եղած ըլլալու հին եւ նոր հարցեր հրապարակ եկան:
Ֆրանսայի դասական ձախը եւ դասական աջը կը գտնուին երկրորդական դիրքերու վրայ: Բանավէճերը, թեր ու դէմ, կ’ընթանան ծայրայեղական աջի տեսակէտներու եւ առաջարկներու պարտադրած կշռոյթով: Դասական ձախը նահանջած է, ամբոխահաճական (populist) ձախը զայն գերազանցած է, ան կը հակադրուի իշխանութեան եւ ծայրայեղ աջին, զարգացնելով այն տեսակէտը, որ Ֆրանսան բնական կերպով ժողովուրդներու խառնուրդ է, ինչպէս կղզիներու խառնածին բնակչութիւնը, կը գորածածուի créolisation եզրը, մարդոց եւ գոյներու խառնուրդ:
Այս խառն վիճակին մէջ, նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի շուրջ ստեղծուած համախմբումը, ուր կան աջի, կեդրոնի եւ ձախի դէմքեր, ինքզինք կուսակցական վէճերէ եւ պայքարներէ վեր կամ տարբեր կը դասէ, ընտրապայքար կը մղէ նախագահի անձին շուրջ եւ անոր ձեռք բերած արդիւնքներու փաստարկներով: Արդիւնքներ, որոնք կը քննադատուին ե՛ւ աջին ե՛ւ ձախին կողմէ:
Ձախ եւ աջ թեկնածուներ կը խօսին Ֆրանսայի Ատլանտեան Ուխտէն դուրս գալու մասին, նաեւ՝ Եւրոմիութենէն, որպէսզի Ֆրանսան ունենայ հակադիր կողմերու միջեւ իր անկախ քաղաքականութիւնը, ընդդէմ Նախագահ Մաքրոնի, որ ջատագով է Եւրոմիութեան եւ անոր աճող համարկումին:
Անկախ տեսական եւ միջազգային քաղաքականութեան վերաբերող խնդիրներէն, ըստ հարցախոյզներու, ֆրանսացիներու մեծամասնութիւնը, աշխատաւորներ եւ թոշակառուներ, առաջին հերթին մտահոգ է աշխատանքի եւ գնողական կարողութեան հարցերով: Այսինքն՝ գործազրկութեան դէմ պայքարով եւ բաւարար աշխատավարձի հարցով:
10 ապրիլին 12 թեկնածուներ պիտի մրցին: Բազմատասնեակ թեկնածութեան ցանկութիւն ունեցողներ չեն յաջողած պահանջուած իրենց թեկնածութիւնը պաշտպանող տեղական մարմիններու ընտրուած 500 անդամներու աջակցութիւնը ունենալ: Իսկ ըստ հարցախոյզներու, տասներկու թեկնածուներու ստանալիք քուէներու տոկոսը կը տարուբերի 1 եւ 28 տոկոսի միջեւ: Կայ նաեւ այլ սովորական անորոշութիւն մը. տոկոսը անոնց՝ որոնք պիտի չքուէարկեն: 10 ապրիլի զտման քուէարկութեամբ առաջին երկու առաւելագոյն քուէ ապահովողները, պիտի մրցին 24 ապրիլին, եւ առաւելագոյն քուէ ստացողը կը դառնայ նախագահ:
Թեկնածուներն են.
Էմմանուէլ Մաքրոն, Հանրապետութեան նախագահ
Մարին Լը Փէն, երեսփոխան, «Ազգային Համախմբում կուսակցութիւն»
Էրիք Զեմմուր, գրող, հրապարակագիր, «Վերանուաճում» կուսակցութեան նախագահ
Վալէրի Փեքրէս, Հանրապետական կուսակցութիւն, նախագահ Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային Խորհուրդին
Ժան-Լիւք Մելանշոն, երեսփոխան, «Չենթարկուող Ֆրանսա» կուսակցութիւն
Եաննիկ Ժատօ, Բնապահպանական եւ Կանաչներ կուսակցութիւն, եւրոպական խորհրդարանի անդամ
Անն Հիտալկօ, Ընկերվարական կուսակցութիւն, փարիզի քաղաքապետ
Ֆապիէն Ռուսէլ, երեսփոխան, Համայնավար կուսակցութիւն
Նիքոլա Տիւփոն-Էնիան, երեսփոխան, «Կանգնիր Ֆրանսա» կուսակցութեան
Ժան Լասալ, երեսփոխան, «Դիմադրենք» կուսակցութեան նախագահ
Ֆիլիփ Փուդու, Հակադրամատիրական կուսակցութիւն, Պորտոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ
Նաթալի Արթօ, «Բանուորական Պայքար» կուսակցութիւն (Lutte Ouvrière)
Ցանկի առաջին չորս անունները կրնան յաւակնիլ երկրորդ հանգրուանին ընտրութեան մասնակցող երկու թեկնածուներէն մին ըլլալ, ըստ հարցախոյզներու նախատեսութեան:
Շաբաթներ շարունակ, թեկնածուները կը վիճարկեն իրարու դէմ, բացի թեկածու-նախագահէն, բայց բոլոր թեկնածուները զիրար քննադատելով հանդերձ, ի բացակայութեան կը քննադատեն նախագահը եւ անոր վարած քաղաքականութիւնը: Անտեսելով հարցախոյզներու արդիւնքները, թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը կը յուսայ, որ 10 ապրիլի քուէարկութեան առաււելագոյն քուէ ստացող զոյգէն մին ըլլալ:
Բայց վիճարկումներու մէջ նախագահի բացակայութեան պատճառով, արտայայտուած կարծիքները առաւելաբար կը ծառայեն թեկնածուներու ծրագիրներու ներկայացման:
Առանցքային խնդիրներ են գաղթականութիւն եւ Ֆրանսայի ազգային նկարագրի, ինքնութեան, մշակոյթի, Ֆրանսա հաստատուած ժողովուրդներու պատմամշակութային համարկումը, առանց մերժելու կրօնական-խիղճի ազատութիւնը, կրթութեան որակի բարձրացումը, աշխատանքը եւ գործազրկութիւնը, քաղաքացիին գնողական կարողութիւնը, ընկերային ապահովութեան վերանայումը եւ հսկողութիւնը, Ֆրանսայի ճարտարարուեստականացումը՝ երկիր վերադարձնելով այլ տեղեր հաստատուած ֆրանսական գործարանները, մեծ դրամագլուխի տուրքերը եւ ժառանգութեան փոխանցման ծախսերու նուազումը, բանակը, համավարակի պատճառով եղած մեծ ծախսերը, հիմնարկներու եւ աշխատաւորներու եղած միլիառաւոր յատկացումները, եւայլն: Այս բոլորը ընտրապայքարի վիճարկումներու նիւթերն են:
Քանի կը մօտենայ քուէարկութեան օրը, կիրքերը, գրգռութիւնները, անհարկի արտայայտութիւնները կրնան բազմանալ եւ պատճառ դառնալ անբաղձալի արարքներու:
Հարցախոյզներու պատկերը այն է, որ այժմ թեկնածուները կը պայքարին երկրորդ տեղը գրաւելու համար, քանի որ գործող թեկնածու-նախագահը միշտ կը գրաւէ առաջին տեղը: Թէեւ ըսողներ ալ կան, որ հարցախոյզները կրնան սխալիլ: Ճիշդ է, կրնան սխալիլ, եթէ քուէատուփ չգացող զանգուածը, ազգային եւ միջազգային դրութեան անդրադառնալով, ձեռնպահ չմնայ:
Գաղտնիք չէ նաեւ, որ թեկնածուներէն ոմանք կը պայքարին քաղաքական բեմին վրայ ներկայ մնալու եւ Ազգային Ժողովի ընտրութեան մասնակցութեան պատրաստուելու համար, որպէսզի առաւելագոյն չափով երեսփոխաններ ունենան:
Ի հարկէ, առաջին ընտրութեան յաջորդող երկու շաբաթը կարեւոր պիտի ըլլայ: Ինչպէ՞ս պիտի դիրքորոշուին կուսակցութիւնները, ինչպէ՞ս պիտի կեդրոնանան քուէները երկու թեկնածուներէն մէկուն կամ միւսին համար, այնքան բիրտ քննադատութիւններէ ետք:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ միջազգային բարդ իրադրութեան մէջ, երբ պատերազմ կայ Փարիզէն օդանաւով երկու ժամ անդին, երբ Ֆրանսան, ամբողջ Եւրոպան եւ քիչ մըն ալ անդին, եթէ ուղղակի մասնակից չեն, չեզոք եւ հեռու ալ չեն:
Մինչ այդ, երկրի մօտ եւ հեռու քաղաքներուն մէջ հանրահաւաքներ իրարու կը յաջորդեն, հրապարակներու վրայ կամ սրահներու մէջ: Ծափեր եւ դրօշակներ: Ամէն օր, եւ օրը քանի մը անգամ, հեռատեսիլի պաստառին վրայ կը տեսնենք հարցախոյզներու արդիւնքները, կարծիքի սակարանի տուեալներ:
Կը յիշե՞նք ֆրանսացի բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոն, որ ըսած է, թէ «Եւրոպացիներու միջեւ պատերազմ մը քաղաքացիական պատերազմ է»: Հետեւաբար, Ֆրանսան եւ ֆրանսացի ժողովուրդը եւս պատերազմի մէջ են: Եւ կրնանք խորհիլ, որ քաղաքացիները ի՞նչ հոգեվիճակով պիտի երթան քուէատուփ եւ ինչպիսի՞ ողջմտութեամբ պիտի ընտրեն:
47 միլիոն քուէարկողներ: Զոյգ քուէարկութիւններէն ետք այս թիւը պէտք է բաղդատել մասնակցողներու թիւին:
Եւ զիրար քննադատող եւ զիրար մերժող բուռն արտայայտութիւններէ ետք, պիտի վերսկսի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն թատրոնը, հին եւ կամ նոր դէմքերով:
Այս ժողովրդավարութիւն է:
Յիշե՛լ Ուինսթըն Չըրչիլի բանաձեւումը. «Ժողովրդավարութիւնը վատ համակարգ է, բայց ան համակարգերու նուազագոյն վատն է»: Եւ մտածել «վատ»երու գործած աւերներու մասին: Այդ մտածելով մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ կը նուաճեն հանդուրժողութեան իմաստութիւն: