ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանական իշխանութիւնները Շուշիի մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկ կազմակերպեցին՝ նուիրուած Մ.Ա.Կ.-ին Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց այս պատահածը նշելով, թէ կատարուածը Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է։
«Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներէն մէկը հանդիսացող բնակավայրին մէջ կազՄ.Ա.Կ.երպուած ձեռնարկին կը հակասէ միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներուն, գաղափարախօսութեան ու առաքելութեան եւ, անկասկած, պիտի օգտագործուի Ատրպէյճանի կողմէ իր մարդատեաց եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան օրինականացման նպատակով: Ասիկա նաեւ լուրջ հարուած է Մ.Ա.Կ.-ի հեղինակութեան, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան վրայ», յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնն ալ Մ.Ա.Կ.-ի Մնայուն Համակարգողի պաշտօնակատարին խիստ բողոքագիր ներկայացուց։