Գէորգ Պետիկեան
Ի՞նչ է նախանձը եւ ի՞նչ է նաեւ նախանձելին: Ապրումներս ամփոփելով, պարզեմ:
Ըստ բառագիտական «աղբիւներուս», ըսեմ, որ նախանձը ուրիշ «բան» չէ, եթէ ոչ ուրիշի մը յաջողութիւններուն եւ առաւելութիւններուն նկատմամբ, մարդուն մէջ ծագող տեսակ մը զգացումը: Չարութեան զգացումը: Ուրիշին նմանելու տենչ: Կ’ըսեն, որ նախանձը յանկարծ ծնունդ կ’առնէ, երբ մարդը, ուրիշի մը բախտաւորութիւնէն կամ յաջողութենէն զուրկ մնացած է եւ կ’ուզէ անոր նմանիլ: Նախանձը, նաեւ կրնայ վնասել դիմացինը: Տրտմութիւն բերել: Ոխի, վէճի եւ վիճաբանութեան պատճառ կրնայ դառնալ:
Ասկէ աւելին չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ է նախանձը, բայց նաեւ գիտեմ, թէ ինչ չէ:
Ինչո՞ւ յանկարծ, այս տարրօրինակ նախաբանը: Ըսեմ:
Թէեւ քաղաքականութիւն «ըսուածը» չեմ հասկնար ու նոյնիսկ չեմ ուզեր ատով ալ զբաղուիլ, բայց այս օրերուն տեսանելի եւ արեւու նման պայծառ իրողութիւն մը, ստիպեց որ «խօսիմ»…:
Այսպէս, մեծ ու ծանր պատերազմ մը կայ ու տակաւին կը շարունակուի Ուքրայինայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ու չենք գիտեր որքա՜ն պիտի երկարի: Մահացու, ցաւալին եւ նոյնքան ալ աւերիչ: Բայց, համեստօրէն ըսեմ, որ իմ ակնարկութիւններս այդ պատերազմի տարողութեան, սարսափին, աւերին եւ մասնակիցներուն մասին չէ, երբեք, այլ՝ աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու նախագահներու, ղեկավարներու «մօտեցումներն» ու «գութը», հանդէպ՝ օրէ օր քանդուող երկրի մը, որ Ուքրայինա կը կոչուի:
Մեծ ու փոքր երկիրներ, Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպաները, իրենց նախագահներով ու զինուորական հրամանատարներով եւ նոյնիսկ ժողովուրդով, «լայն» գութով եւ մարդասիրական զգացումներով մօտեցած են ծանր յարձակման ենթարկուող Ուքրայինա կոչուած երկրին ու տեւաբար, բացի իրենց զինամթերքներով օժտելու իրականութենէն, ռումբերով, հրթիռներով եւ կործանիչներով, նոյնիսկ նիւթականով անմիջապէս՝ օգնութեան հասած:
Նորութիւններ չեն: Բոլորս ալ եւ ամէն օր, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն կը լսենք եւ ականատեսներ ալ կը դառնանք՝ անոնց խօսնակներէն հնչող ահազանգերուն, զանազան լուրերուն, մարդասիրական եւ զինուորական օժանդակութիւններու քանակին, ու աշխարհի տարածքին առատօրէն կատարուած եւ կատարուելիք Ուքրայինայի ի նպաստ հանգանակութիւններու եւ ցոյցերու մասին: Միւս կողմէ, նաեւ կը տեսնենք հրասայլերու ծանր հարուածներուն տակ փլատակ դարձող շէնքերն ու կառոյցները ու մանաւանդ պատերազմի սարսափէն արտագաղթող ուքրանացիներու ցաւալի կորուստներն ու փախուստ-արտագաղթը՝ դէպի հարեւան երկիրներ: Ճիշդ է, որ վիճակը ողբալի ալ է: Այս բոլորը «առատօրէն» կը ցուցադրուին, կը հրամցուին, որպէսզի այս օրերուն քաղաքական զանազան շահերէ մեկնած, աշխարհի ուշադրութիւնը միայն Ուքրայինայի վրայ կեդրոնանայ:
Սխալ չմեկնաբանուիմ: Հարցս, ա՛յս կամ ա՛յն կողմի մասին չէ: Այլ՝ ունի իր յստակ ճամբան:
Այսպէս, ո՞ւր էր նոյն այս «գթասիրտ» աշխարհը, իր Ամերիկայով եւ Եւրոպայով, իր մարդասիրական եւ գթասիրտ զգացումներով եւ նիւթական ու իր զինուորական առատ օժանդակութիւններ տրամադրելու պատրաստակամութեամբ…, երբ տակաւին երկու տարի առաջ, Արեւելքի մէջ, հայ աշխարհի Արցախ կոչուած հողին վրայ, կը կատարուէր ծանր եւ իր տեսակին մէջ անմարդկային պատերազմ մը, ոչ թէ մէկ երկրի մը կողմէ, այլ անոր շուրջ հաւաքուած քանի մը երկիրներու զինուորական եւ վարձկան մարդուժի աջակցութեամբ եւ միջամտութեամբ:
Ըսէ՛ք…ո՞ւր էին…: Չկային: Չեկան: Ու մենք, 44 օրեր, մինակ կռուեցանք եւ «բարերար» եւ «մարդասէր աշխարհի բացի անմիմաստ բսռերէ, ձրի խոստումներէ եւ հաշտու-թեան կոչերէ, աշխարհի «բարերարներէն» միայն ուրիշ «բան» չստացանք:
Եւ այս օրերուն…Ուքրայինան: Ինչպէ՞ս չնախանձիս…ըսէ՛ք…:
Է՜հ, աշխարհ, արդեօ՞ք իրաւունք չունինք նախանձելու: Իսկ այս օրերուն որո՞ւ դիմենք: Որո՞ւ պարզենք այս իրականութիւնը: Արդեօ՞ք մեր արեան գոյնը ուրիշ էր: Չեմ գիտեր: Եկո՛ւր եւ մի՛ նախանձիր: Բարի՞ թէ ո՛չ, չար նախանձ: Դարձեալ չեմ գիտեր: Ողորմած հայրս միշտ կ’ըսէր, թէ մարդոց մօտ չար կամ բարի նախանձ չկայ: Նախանձը, նախանձ է: Ճիշդ էր:
Ու մտքիս մէջ, տեւական աճող ալիքի նման, այս եւ նման մտածումներ կը փշրուին: Անոր համար կը նախանձիմ՝ այս «նախանձելի» Ուքրայինայի: Ձեռքս չէ: Հակառակ իր այս ներքին ծանր վիճակին, երբ արդէն հետզհետէ քար ու քանդ երկիր մը սկսած է դառնալ, կ’ըսեմ, որ Ուքրայինան աւելի «բախտաւոր» էր, քան մեր Արցախը, երկու տարի առաջ:
Ճիշդ է, որ մենք ոչ ծով ունինք եւ ոչ ալ քարիւղ, բայց չէ՞ որ մենք ալ մարդ ենք եւ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ ու խեղդուած երկիր հսկայ պետութիւններու միջեւ:
Արդ, ինչպէ՞ս չնախանձիմ… ըսէ՛ք:
Անկախ այս բոլորէն, միւս կողմէ նաեւ տեսանելի է ուքրանական բանակի մար-տունակութիւնն ու մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու, դիմադրելու եւ կռուելու պատրաստակամութիւնը: Հապա՞ ուքրանացի ժողովուրդին, մեծով պզտիկով, ե՛ւ բանակով, զինուորականներով ե՛ւ հրամանատարներով իրենց նախագահին շուրջ համախմբումը, զօրավիգ կանգնիլը, մինչեւ մահ անոր աջակցի՞լը: Արդեօ՞ք այս մէկն ալ նախանձելի չէ: Դուք ճշդեցէ՛ք:
Բայց…: Իրականութիւնը այն է, թէ այս օրերուն, իբրեւ հայեր, մեր մօտ տակաւին խոր տխրութիւնը կը յամենայ, որովհետեւ տակաւին պարտուածի հոգեբանութեամբ կ’ապրինք: Եռաբլուրը՝ վկայ: Ամէն կողմ ցաւալի իրավիճակ: Մեր հոգին տխուր է: Որովհետեւ, մեր այդ անիծեալ պատերազմը, խաղալիք չէր եւ ո՛չ ալ անկէ մեզի բաժին ինկած մարդկային եւ պապենական հողերու ծանր կորուստները: Եւ պարզ իրականութիւն է, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին, 44 օր, ո՛չ ոք հայուն «խուլ» ցաւերուն միացած: Խնդրեմ, աշխարհի պետութիւններ, անգամի մը համար լայն բացէ՛ք ձեր ականջներն ու աչքերը եւ ձեր խիղճերուն հարց տուէ՛ք: Ո՞ւր էիք…ի՞նչ ըսի՛ք եւ ի՞նչ ըրի՛ք…: Սին եւ ձրի խոստումներ եւ աժան գնահատականներ…:
Այս բոլորով, յիշողութեանս գետին վրայ, փորձեցի միտքս նաւարկել: Եւ ես ինծի, ի՞նչ մեղքս պահեմ, իրաւունք տուի չար կամ բարի՝ նախանձելու: Ճիշդ է, մեր պարագային մեր յոյսը ուշացաւ: Մեր սեւն ու ճերմակը խառնուեցան: Բայց որո՞ւ հոգը…: Իսկ այսօր՝ ահա Ուքրայինան: Ո՛չ մէկ նմանութիւն կամ՝ բաղդատական:
Արդեօ՞ք իմ այս ըսելիքներս եւ պատճառաբանութիւններս ընթերցողները պիտի կարենան համոզել: Նախանձիս տուն տուող պատճառները, արդեօ՞ք պիտի հասկցուին: Իրաւունք պիտի տա՞ն: Չեմ գիտեր: Շուարումը պատած է միտքս: Պարզապէս մտովի, ես զիս կը փորձեմ համոզել: Յստակ է, թէ ներկայիս փոխուած են ժամանակները, իրենց հետ փոխուած են նաեւ պետութիւններու շահերն ու դաշնա-կիցներու մօտեցումները: Փոխուած են աշխարհի երկիրներու մարդոց իրարու հետ ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու պայմանները: Այս բոլորին մենք ազգովին տեղեակ պէտք էր, որ ըլլայինք:
Ուքրայինայի ներկայ վիճակը, մեզի համար մեծ օրինակ պէտք է դառնայ, որ մեր վերջին փորձառութեան վրայ հիմնուելով, ազգովին միայն մեր ուժերուն վստահինք: Օտարէն շահ չկայ: Օտարին պէտք է «բանով» մը զիջիս, որպէսզի «ստանաս»: Ասոնք բառեր են, որոնք իրենց ետին կը պահեն ամէն «բան»:
Սակայն մեր հարցը հոս չի վերջանար։ Որովհետեւ, մեր կեանքը տակաւին հակասական է: Հազար անգամ ըսած եւ շեշտած ենք, թէ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Բերաննիս «մազ» բուսաւ յիշեցնելով, թէ ա՛լ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է:
Կը հաւատանք, որ կեանքը վերջին հաշուով ռազմադաշտ մըն ալ է: Անարդար ճակատամարտ: Ուստի ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք ահազանգ հնչեցնելու ճիգին։ Մեր միասնակամ ներուժը ի սպաս դնելով, մեր պետականութեան հիմքերը ամրապնդելով եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ինքնապահպանման եւ յառաջդիմութեան գործով, միայն կարելի է քաղաքական եւ ընկերային ներկայ մեր մարտահրաւէրները դիմագրաւել:
Դուրս գանք մեր բոլոր ոչ միայն նշմարելի, այլ տեսանելի թերութիւններէն, անիմաստ ախորժակներէն: Տակաւին վարանում մը կայ մեր մտքերուն մէջ: Տեսանելի է: Տակաւին պատրաստ չենք իրականութիւնը յանձն առնելու: Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է: Ու այս մէկը ցաւալի է: Ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են, միաժամանակ՝ նիւթականաց՝ բոլոր արժեւորումներն ու անոնց չափանիշները: Կեղծ իրականութիւններով մենք զմեզ շրջապատած ենք: Եղած ենք մակերասային ու դարձած ենք միամիտ եւ նոյնքան ալ անփոյթ ու նետուած ինքնախաբէութեան մը ընդարձակ գիրկը, որ միեւնոյն ատեն պղտորած է հայ կեանքի հոսքը:
Համաշխարհային ճգնաժամը կարծես մեզ դարձուցած է աւելի յոռետես, մռայլ, չկամեցող: Այսօր աշխարհը շատ արագվազ է, եւ դանդաղ քալող մարդը կրնայ ետ մնալ: Մեր մեծերէն լսած ենք, որ կեանքը կը նմանի դաշնամուրի ստեղներուն, սեւ եւ Ճերմակ, քով քովի շարուած: Բայց, երկուքն ալ մեր կեանքի մէջ պէտք են, գեղեցիկ մեղեդի մը ունենալու համար:
Լաւ յիշենք բոլորս ալ, թէ Հայրենիքը մեր գոյութեան սիւնն է: Ուրեմն պարտաւոր ենք միասնաբար մեր Հայաստանն ալ դարձնել աշխարհի աչքին նախանձելի երկրի մը: