Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱԹԵՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ 24-ՐԴ ՀԱՒԱՔԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 43 Second

61 աշա­կերտ­ներ ժա­մա­նած զա­նա­զան շրջան­նե­րէ եւ տաս դա­սա­տու­ներ հա­ւաք­ուե­ցան Սուրբ Մէ­րի կեդ­րո­նը (Էլ­վեր­սըն, Փէն­սիլ­վան­իա), Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի Հիմ­նար­կի 24-րդ ամառ­նա­յին յայ­տագ­րին առ­թիւ, որ սկսաւ Կի­րա­կի, Յու­նիս 25-ին եւ աւար­տե­ցաւ Կի­րա­կի, Յու­լիս 4-ին, Բա­րձրաշնորհ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Փո­խ ա­ռաջ­նորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անու­շա­ւան եպս. Դանի­էլ­եա­նի:

Այս Տար­ուայ ու­սու­ցիչ­ներն էին՝ Եպիս­կո­պոս Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եան, Արժանաշնորհ՝ Տ.  Խո­րէն Հա­պէշ­եան Աւագ քհնյ., Տ. Անդ­րա­նիկ Աւագ քհնյ. Պալճ­եան, Տէր Սար­գիս քհնյ. Ագ­թա­ւուգ­եան, Տէր Նա­րեկ քհնյ. Թռթրեան, Տէր Ստե­փան քհնյ. Պալճ­եան, Տէր Գա­րե­գին քհնյ. Պե­տուր­եան, Շանթ Աւ. Սրկ. Գա­զանճ­եան եւ օրդ. Ժա­նէթ Նա­զար­եան£ Հիւ­րա­բար հրա­ւիր­ուած էին Հոգեշնորհ Տ. Մես­րոպ Աբղ. Սար­գիս­եան եւ Աստ­ուա­ծա­շուն­չի մաս­նա­գէտ Դա­սա­խօս Տ. Փօլ քհնյ. Թա­րա­զի:

Ծրա­գի­րը խտաց­ուած էր եւ կ°ընդգր­կէր նիւ­թեր, որոնք կը վե­րա­բե­րէ­ին  քրիս­տոն­եայ դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, Աստ­ուա­ծա­շուն­չի սեր­տո­ղու­թեան եւ քննու­թեան, աղօթ­քի ու պաշ­տա­մուն­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւայլն:

Ամէն օր ծրա­գի­րը սկսաւ Առա­ւօտ­եան աղօթ­քով ժա­մը 7:15-էն 7:45:  Առտ­ուայ ժա­մը 8:30էն մին­չեւ կե­սօր­ուայ ժա­մը 12:30 դա­սըն­թացք­ներ տե­ղի ու­նե­ցան: Կէ­սօ­րէ ետ­քե­րը կա­տար­ուե­ցան մրցում­ներ, խա­ղեր եւ այ­ցե­լու­թիւն­ներ£ Երե­կոյ­եան կա­տար­ուե­ցան կլոր սե­ղան­ներ եւ հար­ցազ­րոյց­ներ, որոնց հե­տե­ւե­ցան Աստ­ուա­ծա­շուն­չի սեր­տո­ղու­թիւն£ Իւ­րա­քան­չիւր հա­ւաք աւար­տե­ցաւ հսկու­մով, ժա­մը 9:45էն 10:30: Այս­պէս, դա­սըն­թացք­նե­րու եր­թա­լը, ազատ ժամ ու­նե­նա­լը, եւ թէ առա­ւօտ­եայ եւ թէ իրիկ­ուայ պաշ­տա­մունք­նե­րու ներ­կայ ըլ­լա­լը, թոյլ կու տայ մաս­նակ­ցող աշա­կերտ­նե­րուն որ իրենց  ժա­մե­րըը հա­ւա­սա­րա­պէս դա­սա­ւո­րեն:  Անոնք կրնան հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ու­նե­նալ եւ նոր բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ ստեղ­ծել, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ սոր­վիլ հա­ւատ­քին եւ հայ մշա­կոյ­թին մա­սին: »Բա­ւա­կան մը տա­տամ­սու­մով ժա­մա­նե­ցի£ Կը կար­ծէի թէ ինք­զինքս օտար պի­տի զգամ£ Սա­կայն շու­տով վարժ­ուե­ցայ եւ ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մանկ­ներ ան­ցու­ցի£ Իմ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներս Տա­թե­ւի մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի են«, ըսաւ աշա­կերտ­նե­րէն Ամիր Ատե­լին­իա (Ուս­տը­րի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեցի­էն): »…Միայն յի­սուն առ հա­րիւր հայ­կա­կան արիւն ու­նե­նա­լուս պատ­ճա­ռաւ, կը կար­ծէի թէ դժուա­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ պի­տի գտնուիմ£ Սա­կայն հե­զա­սահ ըն­թա­ցան օրե­րը: Շու­տով շաղ­ուե­ցայ ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րիս հետ«, ըսաւ Դանի­էլ Մկրեան (Նիւ Եոր­քի Տակ­լըս­թըն շրջա­նի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցի­էն):

Հիմ­նար­կը չորս տար­ուայ վրայ եր­կա­րող յայ­տա­գիր մըն է (մէկ շա­բաթ ամէն ամառ):  Այն աշա­կերտ­նե­րը որոնք կը կա­տա­րեն չորս տա­րին, կա­րե­լիու­թիւնը ու­նին մաս­նակ­ցե­լու յա­ւել­եալ մաս­նա­գի­տա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու:  Հինգ մա­կար­դակ­նե­րու դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի կÿու­նե­նան մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ:  Շա­բաթ մը տե­ւող յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին,իւ­րա­քան­չիւր մա­կար­դա­կի վե­րա­պահ­ուած է քսան պահ£ Ասոնց վրայ կÿաւել­նան  երե­կո­նե­րու հար­ցազ­րոյց­ներն ու Աստ­ուա­ծա­շուն­չի սեր­տո­ղու­թիւն­նե­րը, տասն­մէկ ու­սու­ցիչ­նե­րու ու երեք հիւր ու­սու­ցիչ­նե­րու առաջ­նոր­դու­թեամբ:

Մաս­նա­գի­տա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու ծրա­գի­րը կը փոխ­ուի ամէն տա­րի, այն դա­սըն­թացք­նե­րը որոնք յա­ւել­եալ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն հա­ւատ­քի մա­սին:  Կղե­րա­կան­նե­րու կող­քին, հիւր դա­սա­խօս­ներ կը հրա­ւիր­ուին վա­րե­լու մաս­նա­գի­տա­կան դա­սե­րը:

Փակ­ման հան­դի­սու­թեան Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան յայտ­նեց թէ յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նին պի­տի նշուի այս յայ­տագ­րի 25-ամ­եա­կը: »Առա­ջին տա­րի­նե­րու հունձ­քը, ար­դէն իսկ սկսած է զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ, ազ­գա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս£ Այս­պէս ալ աշ­խա­տան­քը պի­տի շա­րու­նակ­ուի«, ըսաւ ան:

Այս հիմ­նար­կի մաս­նակ­ցող­նե­րը եղան տաս ­թե­մե­րէ.-

19 աշա­կերտ­ներ Րիճ­ֆիլտ Նիւ Ճըրզիի Սբ. Վար­դա­նանց Եկե­ղեցի­էն (8 դպիր­ներ)

12 Փրո­վի­տէնս Րոտ Այ­լըն­տի Սբ. Վար­դա­նանց Եկե­ղեցիէն (10 դպիր­ներ)

7 Նիւ Եոր­քի Տակ­լըս­թըն շրջա­նի Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղե­ցիէն (3 դպիր­ներ)

6 Կլէն­վիուի (Շի­քա­կօ) Ամե­նայն Սրբոց Եկե­ղե­ցիէն (բո­լորն ալ դպիր)

4 Ուստ­ըր Մա­սա­չու­սէթ­ցի Սբ. Եր­րոր­դու­թիւն Եկե­ղեցի­էն (2 դպիր­ներ)

4 Ֆի­լա­տելֆ­իա Փէն­սիլ­վան­իա­յի Սբ. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեցի­էն (2 դպիր­ներ)

3 Ուա­շինկ­թը­նի Սուրբ Խաչ Հայ Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեցի­էն

2 Նիւ Եորք Նիւ Եոր­քի Սբ. Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեցի­էն

2 Ուա­թըր­թաուն Մա­սա­չու­սէթ­ցի Սբ. Ստե­փա­նոս Հայ Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեցի­էն (1 դպիր)

1 Նիւ Պրի­թըն Քէ­նէ­թի­քէ­թի Սբ. Ստե­փա­նոս Եկե­ղեցի­էն (1 դպիր)

1 Ինտ­ի­ան Օր­չըրտ Մա­սա­չու­սէթ­ցի Սբ. Գրի­գոր Եկե­ղեցի­էն (1 դպիր)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles