Շանթ Աւետիսեան․Բուրգերու Երկրի Հայազգի Տաղանդաշատ Արուեստագէտը

0 0
Read Time:3 Minute, 55 Second


ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
Շանթ Աւետիսեան ծնած է Գահիրէ, 24 Նոյեմբեր 1951-ին: Մեծ հայրն ու մեծ մայրը Զմիւռնիայէն (Իզմիր) էին․ազատելու համար հալածանքներէն եւ մահուան վտանգէն, անոնք Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ լքած են իրենց ծննդավայրը եւ հաստատուած բուրգերու երկրին մէջ:
1967-ին, Շանթ Աւետիսեան կ՛աւարտէ Գահիրէի Գալուստեան հայկական վարժարանը։ 1967-ի Հոկտեմբերին կը սկսի հետեւիլ նկարչութեան դասընթացներու Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցին մէջ:
1968 թուականին կը սկսի զբաղիլ պաստառներու, զգեստներու, հրատարակութիւններու եւ բեմական ձեւաւորումով։ 1968 Դեկտեմբերին կը ցուցադրէ իր ստեղծագործած Սուրբ ծննդեան բացիկները՝ «Շաքէ Ալպան» արուեստանոցին մէջ, Գահիրէ:
1969-ի Մայիսին ան կ՛ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը արուեստի ուսուցչուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանի ղեկավարութեամբ, իսկ 1970-ի Յունիսին՝ «Carzou Hall»-ին մէջ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը։ Հոկտեմբերին կը տեղափոխուի Մոնթրէալ, Գանատա:
1970-1973 տարիներուն, Աւետիսեան կ՛ուսանի գեղարուեստ՝ School of Art and Design դպրոցին մէջ, Մոնրէալ, Գանատա, իսկ 1974-ին կ՛ուսումնասիրէ տպագրական արուեստը՝ «Ecole Nationale Supռrieure des Arts Dռcoratifs»-ի մէջ, Փարիզ:
1980 թուականին կը վերադառնայ Գահիրէ ու կ՛ապրի այն շէնքին մէջ, որ կը պատկանէր իր ծնողքին, այն փողոցին վրայ, որ ժամանակին իր ընտանիքին անունով կոչուած էր: Ան կ՛աշխատի «Աղա Խան» հաստատութեան մէջ, եգիպտացի ճարտարապետ Հասան Ֆաթհիի հետ (մահացած՝ 1989-ին): Օգտագործելով աւանդական արուեստը եւ երկրի տեղական նիւթերը, անոր աշխատանքը կ՛ընդգրկէր գործունէութեան լայն շրջանակ, ներառեալ լուսանկարչութիւնը եւ հիւսուածեղէնը․ յատկապէս 1990 թուականէն սկսեալ, ան նշանաւոր կը դառնայ ստուարաթուղթի վրայ իր կատարած զարդակաղապարներով (stencils), որոնք յատկանշուեցան նկարակերտ ու նախշուն լուծումներով։ Ան կը ներկայանայ անհատական շարք մը ցուցահանդէսներով՝ Institut du Monde Arabe, (Փարիզ,1990), «The British Council» (Գահիրէ, 1992), «Leighton House» (Լոնտոն, 1995), «The Tropenmuseum» (Ամսթերտամ, 1998) եւ «The National Museum of African Art» (Ափրիկեան Արուեստի Ազգային Թանգարան, Ուաշինկթըն, 2000):
Շանթ Աւետիսեանի գործերը այսօր կը ցուցադրուին Ուաշինկթընի Սմիթսոնիըն Ինսթիթիւթին, Պրիթիշ Միւզիումին եւ արուեստի այլ տաճարներու սրահներուն մէջ:
Աւետիսեան եգիպտացի այն նկարիչներէն է, որ լաւագոյնս պահպանած է էթնիք եւ տեղական ինքնութիւնը եւ ժողովրդական աւանդոյթները, այդ բոլորին հաղորդելով ժամանակակից շունչ: Անխոնջ ճանապարհորդ մը՝ զարդանկարչական, զարդագծագրական եւ ճարտարապետական նմուշներու մասին անոր դիտարկումները արտացոլուած են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ՝ արուեստի տարբեր հմտութիւններու կիրառմամբ, ինչպէս են զարդակաղապարները, հիւսուածեղէնը, լուսանկարչութիւնը, խէժանկարը (gouache) ստուարաթուղթի վրայ եւ այլն։

Աւետիսեանի աշխատանքը կապուած է Եգիպտոսի անցեալ փառքին հետ՝ սկսած փարաւոնական հիէրոկլիֆներէն մինչեւ աւելի նորագոյն «կիսաստուածները», ինչպէս՝ սիրուած երգչուհի Ում Քալսումը: Անոր ուշադրութեան կեդրոնն էր, ինչպէս եգիպտական ոսկեդարը՝ փարաւոններու դարաշրջանը, նոյնպէս նաեւ երկրի նորագոյն պատմութեան տիտաններէն զօրավար Ճամալ Ապտել Նասէրի ներշնչած վերածնունդը եւ աւելի լայն արաբական տարածաշրջանը: Անոր եգիպտական կերպարներու պանթէոնը բառացիօրէն կառուցուած էր «Մետաքսէ ճանապարհ»ի նախշուն գծապատկերներով:
Մահէն մօտաւորապէս 10 տարի առաջ Աւետիսեան բնակարան մը կը գնէ Երեւանի մէջ, Հայաստան, բայց ինքզինք միշտ եգիպտացի նկարիչ կ՛անուանէր, ինչպէս կը վկայէ ցուցահանդէսներու կառավարիչ Ռոզ Իսսան, որ զինք ճանչցած էր ու աշխատած իր հետ մօտաւորապէս 30 տարի: Ան կապ կը պահէր միայն նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքին հետ, որուն դուստրը՝ Նորա Յակոբեանը, Գահիրէի իր դասընկերուհին էր:
1969- 2018 թուականներուն Շանթ Աւետիսեանի գործերը կը ցուցադրուին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ․ աւելի քան 25 անհատական ցուցահանդէսներով, ան ինքզինք կը հաստատէ բարձրակարգ պատկերասրահներու եւ թանգարաններու մէջ, անոնց շարքին՝ Պէյրութի «The Ubuntu Art Gallery» եւ «The «Galerie Tanit»:
Շանթ Աւետիսեանի գործերը բազմաթիւ անգամներ կը դրուին աճուրդի, որոնց ընթացքին գիները կը հասնին են մինչեւ $1,565,000 տոլարի: Գնային այս մրցանիշը կը հաստատուի 2013 թուականին, «Icons Of The Nile» գործին համար, որ կը վաճառուի «Sotheby’s Doha»ի մէջ (Տոհա, Քաթար):
«Շանթ Աւետիսեան այն խորհրդաւոր մարդն էր, որ կը խուսափէր փառքի լուսապսակներէն: Փոքր տարիքէն Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ աշակերտելով կնոջս՝ Նորա Իփեքեան-Ազատեանին, տարիներու ընթացքին անոնց մտերմութիւնը այնքան զարգացած էր, որ գրեթէ երկուորեակ որդին դարձած անոր՝ իր հարազատ զաւկին, արուեստագէտ Ժիրայր Փափազեանի կողքին: Գալուստեանէն ետք աշակերտած էր Նորային, անոր անձնական արուեստի սթիւտիոյին մէջ եւ ապա անոր անմիջական խնամքով իր արուեստի ուսումը ամբողջացուցած էր Մոնթրէալի ու Փարիզի արուեստի դպրոցներուն մէջ: Նորա Ազատեան, Հըրպըրթ Ռիտի սկզբունքներով («Կրթութիւն՝ արուեստին միջոցով») յատուկ դասաւանդութիւններ ստեղծած էր իր պաշտօնավարած հայկական վարժարաններէն ներս: Շանթ առաւելաբար այդ դասընթացքներու ազդեցութեամբ խորացուցած էր իր գիտութիւնը հայոց պատմութեան մասին եւ զօրացուցած էր հայրենասիրութիւնը», կը գրէ մամուլի եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեան։ «Տարիներով իտէալական Հայաստանով մը սնուցուած էր եւ արդ կը գտնուէր դառն եւ հեգնական իրականութեան մը դիմաց: Հայաստանի մէջ չուզեց մօտենալ պաշտօնական շրջանակներու, նոյնիսկ արուեստի աշխարհէն ներս: Իր կապը համեստ մարդոց հետ էր, իր հարեւաններուն, պարզ ու փիլիսոփայ հայերու հետ», կը վկայէ ան։

Բրիտանիոյ օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Պրիթիշ Թրուէյզ»-ը, ինիսուննականերու աւարտին մտայղացումը ունեցաւ զանազան երկիրներէ հրաւիրուած արուեստագէտներու վստահիլ, որպէսզի զանազան երանգներով ներկեն իրենց օդանաւները։ Եգիպտոսի արուեստագէտը նոյնինքն Աւետիսեանն էր, որուն վստահուած էր Պոյինկ 757 (այժմ դադրած) մը։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Աւետիսեանի գործերը մաս կը կազմեն «Guggenheim Abu Dhabi» եւ «Barjeel Art Foundation»ի հաւաքածոներուն: Հաւաքածոն նոյնպէս կը պատկանի «The American National Museum of African Art»-ին, Լոնտոնի Անգլիական Թանգարանին եւ Յորդանանի Ազգային պատկերասրահին:
Շանթ Աւետիսեան կը մահանայ 67 տարեկանին, 24 Նոյեմբեր 2018-ին, Գահիրէի մէջ, երկարատեւ հիւանդութիւնէ ետք, իր ետին թողնելով քոյրը՝ Նայիրի Աւետիս Աւետիսեանը:
*

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles