Ալվարդ Պետրոսեան

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

Յարութիւն Պէրպէրեան

Երէկ, Դիմատետրը ողողուած էր Ալվարդ Պետրոսեանի մահը գուժող լուրով եւ ցաւակցութիւններով: Շատեր կը կեդրոնանային իր ազգային ու հանրային-հասարակական գործունէութեան, յա՛տկապէ Հ.Օ.Մ.-ի ճամբով կատարած ներդրումին, ուրիշներ՝ բարեբախտաբար կը յիշէին իր գրական վաստակը նաեւ: Խորքին մէջ, Ալ. Պետրոսեանի մահը կրկնակի կորուստ է, որովհետեւ այդքան խոստմնալից արձակագրուհիին մէջ, հետզհետէ գրագէտը իր տեղը զիջեցաւ աշխոյժ հանրային գործիչին … Պիտի ըսուի որ այս երեւոյթը նորութիւն չէ, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ, ուր անկախութենէն ասդին շատ մը գրողներ քաղաքական գործիչի վերածուեցան, սակայն այս երեւոյթը առանձին վերլուծման կը կարօտի:

1983-ին էր, որ «Սովետական գրականութիւն» եւ «Գարուն» ամսագիրներուն մէջ լոյս տեսան Ալ. Պետրոսեանի երկու հրաշալի վիպակները՝ «Խմբերգերի ժամանակը» եւ «Ես մի ծառ եմ ծիրանի» խորագիրներով: Մինչ այդ իրմէ հրատարակուած էին երկու գրքոյկներ՝ «Երկրի պապերը» եւ «Թռչնականչ» խորագիրներով: Շատախօսութենէ հեռու, համարձակ, ուղղակի եւ անկեղծ ոճով, իսկապէս գեղեցիկ, թարմաշունչ կարճ պատմուածքներ ու վիպակներ էին ասոնք, որոնց դիմաց կ’արձանագրէի, որ ան կրնար «Զապէլ Եսայեանէն ետք, կնկայ ներաշխարհը բացող ամենատիրական դէմքը դառնալ: Գրողներու եւ կին գրողներու միջեւ զատորոշում պիտի չկատարէինք, եթէ Ալվարդ Պետրոսեան իր լուսարձակը չկեդրոնացնէր կնկան կամ հայ կնկան ներքին ապրումներուն եւ հոգեվիճակներուն վրայ» (յօդուածին ամբողջութիւնը բաւական ընդարձակ է, հոս չեմ տեղադրեր, կարելի է կարդալ «Բագին» ամսագրի 1984 Հոկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 47-էն 55): Դժբախտաբար, յա՛տկապէս «Ես մի ծառ եմ ծիրանի»-ն, հակառակ իր ազգային շունչին, կարգ մը յետամնաց ուղեղներու կողմէ կ’ամբաստանուէր նոյնիսկ … պոռնկագրութեամբ: Բանաստեղծ ընկերս՝ Սարգիս Կիրակոսեանը, աւելի ուշ, «Ազդակ»-ի եւ «Բագին»-ի էջերէն նոյնպէս դրականօրէն արձագանգեց Ալվարդի գրականութեան: Պէտք է ըսել, որ մենք կը խօսինք խորհրդային իշխանութեան օրերուն մասին. անկախացումէն ետք՝ արձակի թէ քերթողութեան մէջ աւելի համարձակ դրսեւորումներ եղան, սակայն այլեւս նախկին կաշկանդումները չկային: 1989-ին լոյս տեսաւ իր «Ապրելու օրէնքը» հատորը, ուր անկախ Ալվարդ Պետրոսեանի երախտագիտական ձօնագրումէն, իր երկրորդ պատմուածքին հերոսը Յարութիւն կոչած էր, իսկ երրորդ պատմուածքին մէջ «խրոխտ կերպարանքով» բժիշկ Բերբերեան մը կը յայտնուէր …: Իր Մոնթրէալ այցելութեան՝ ան կ’ուզէր ինծի այս անունի խաղը նշել. Բնականաբար, արդէն անդրադարձած էի անոր:

Այլ տխուր երեւոյթի մը եւս ականատես կ’ըլլանք այս օրերուն՝ գրողներու հանդէպ պետութեան վերաբերումին: Կարծես խորհրդային օրերու կեցուածքը ապրող կամ մահացող գրողին հանդէպ շատ ալ չէ փոխուած, կախում ունի իշխանութեան հանդէպ գրողին վերաբերումէն: Նոյնիսկ այս մէկը իշխանութեան դիրքորոշումէն անդին կ’երթայ. վերջերս փողով-թմբուկով լոյս տեսաւ քաղաքական գործիչի վերածուած այլ խոստմնալի արձակագրի մը՝ Վանօ Սիրադեղեանի մէկ հատորը, տեսնենք նոյն վերաբերումը ցոյց պիտի տրուի՞ Ալվարդ Պետրոսեանի նկատմամբ, որուն ժառանգութիւնը նոյնիսկ աւելի հարուստ է Վանօ Սիրադեղեանի վաստակէն: Ամէն պարագայի, հոս մեկնակէտը Ալվարդի եւ բոլոր միւս խոստմնալից գրողներու կորուստն է, զորս կը սգանք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles