Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ  ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 0 Second

Յ. Պալեան

             Մեր ժողովուրդը (Հայաստան եւ Սփիւռք) եւ անոր փոքրացած հայրենիքը կը գտնուին շրջանային, միջազգային եւ ընկերաքաղաքական խառնարանի մէջ, զոր հակակշռելու համար բաւարար ուժ չենք:

            Բարդ կացութիւնը դիմագրաւելու եւ նուազագոյն վնասով անկէ դուրս գալու համար հեռանկար ունեցող անանձնական իմաստուն ղեկավարումի պէտք ունինք, որ գործէ իւրայատուկ ազգային ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան հետեւելով:

            Հայաստան, անոր հունով նաեւ Սփիւռք(ներ)ը, ո՛չ միայն չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր սպառնալիքներու եւ պարտութիւններու դէմ միացեալ հզօր ճակատ յարդարել, այլ՝ պառակտումները կը բազմապատկեն: Չե՞նք անդրադառնար, որ անելանելի դրութեան մէջ ենք, ճիշդ է, մեզմէ անկախ արտաքին ազդակներու ճնշման պատճառով, բայց նաեւ մեր բաժանումներու, կոտորակումներու եւ պառակտումներու:

            Բեմերէ կը լսենք խօսքեր, կը ծափահարենք, բայց կարծէք անոնք չեն ըսուած մեզի համար, կարծէք բանաստեղծը չէ նշդրակած մեր փքուած եսերը: Գէորգ Էմինի խօսքը որո՞ւ համար ըսուած է, մեզի՞, թէ՞ Պրազիլի անտառներու Պորոներուն եւ Նամպիքուարաներուն: Գէորգ Էմինի ախտորոշումէն բան չենք հասկցած.

            Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել,
Եւ… արքա´յ է ամէն մի հայ…

            Քննադատելու եւ քննադատութիւն լսելու առաքինութիւն չունինք:

            Արքան երկնաւորէն ստացուած իրաւունք ունի, հետեւաբար՝ անսխալական է: Եթէ «արքա՛յ է ամէն մի հայ», ան հետեւորդ չունի: Բանաստեղծի այս իմաստութիւնը իր լրի՛ւ իմաստը կը գտնէ՞ այսօր հայկական իրականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է կանգնի հայելիին առջեւ, ինքզինք դիտէ եւ դատէ, իրմէ դուրս յանցաւոր եւ մեղաւոր փնտռելէ առաջ:

            Սիրեցինք Եղիշէ Չարենցի «գաղտնագիր»ը… Անով ճառեր զարդարեցինք, բայց չլսեցինք ինչ որ ըսուած էր. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Ինչպէ՞ս Չարենց լսել, երբ «արքա´յ է ամէն մի հայ»… Իմաստութիւնը բաժակաճառ չէ, ան պէտք է ճամբացոյց ըլլայ ազգի անդամին եւ անոր ղեկավարին: Ի վերջոյ, ո՞վ է յանցաւոր եթէ հաւաքական ուժ չունինք, ուժ չենք: Յանցաւորները ո՛չ մեր իրաւ կամ կարծեցեալ բարեկամներն են, ո՛չ ալ մեր հին ու նոր բացորոշ թշնամիները:

            Օր մը կը կազմե՞նք եւ կը հրապարակե՞նք ցուցակը Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի «ամէն մի հայ արքայ»ներու. նախախնամական, անփոխարինելի, անսխալական: Ինչո՞ւ կը գտնուինք անփառունակ վիճակի մէջ, ի՞նչ է իւրաքանչիւր «արքայ»ի մեղքի բաժինը: Այս ինքնաքննադատութիւն է, որ առաքինութեան որակ է:

            Երբ «ամէն մի հայ արքայ է», կը նշանակէ որ լսողներ չկան, չկայ հետեւող բանակ, եւ արքաները առանձին են: Յիշել եւ ընթերցել դանիացի գրող Հանս Անտերսընի պատմուածքը մերկ թագաւորի եւ պալատական կեղծիքի մասին: Շահախնդրուածներու աշխարհին մէջ, ո՞վ կը համարձակի ըսել, որ «Թագաւորը մերկ է»: «Թագաւորի մերկութիւնը» չտեսնողներով ինչպէ՞ս ազգ եւ բանակ կը ստեղծուին, կը պահուին, կը պաշտպանուինք:

            Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մէջ, գերանցում կատարելով իր ի միջի այլոց հայաստանեան կուսակցութիւն մը ըլլալու վիճակէն, իր խօսքը պէտք է ըսէ ո՛չ թէ մրցակցութիւններու դաշտին մէջ յաւելեալ տեղ եւ իրաւունք ունենալու համար, այլ ըլլալու համար համազգային ուժի եւ կամքի ստեղծման ճամբացոյց: Այսինքն, Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժռղովը  պէտք է ըսէ, թէ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած, ի՞նչ չէինք կրնար ընել, եւ ինչո՞ւ, որպէսզի ոչ միայն կուսակցութիւնը, այլ նաեւ ազգը գիտնան, թէ ո՞ւր կ’երթան, ո՞ւր կրնան երթալ, ինչպէ՞ս:

            Համաշխարհային եւ մեր պատմութեան ճակատագրական այս օրերուն, ժողովուրդին, բարեկամներուն եւ թշնամիներուն յստակ խօսք պէտք է ըսել: Այդ խօսքը իր իմաստէն կը դատարկուի, եթէ ըլլայ մասնակի, եթէ չըլլայ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն, ե՛ւ կուսակցութեան ե՛ւ ազգին համար: Այդ խօսքին մէջ իրենք զիրենք պէտք է տեսնեն ազգի ապագայով մտահոգուող եւ անոր համար գործող բոլոր ուժերը:

            Պատմութեան լաստին վրայ ենք հաւաքաբա՛ր:

            Մեզի համար պերճանք են մեծ եւ հզօր պետութիւններուն համար բնական համարուող պառակտումները: Ժողով պէտք է գումարեն, ոչ միայն Դաշնակցութիւնը, այլ բոլոր կազմակերպութիւնները, ո՛չ թէ յաւելեալ իշխանութեան տիրանալու, այլ՝ ազգը փակուղիէն դուրս բերելու, համագործակցութեամբ, կռթնելով բոլոր ուժերու կարողականութեան (potentiel), Երեւան, Գիւմրի, Մոսկուա, Պուէնոս Այրէս, Պէյրութ, Ուաշինկթըն, թէ… Քամչաթքա:

            Գոյութենական օրակարգային հարցեր ունի մեր ժողովուրդը, որոնք կը կարօտին անսեթեւեթ որոշումներու եւ անոնց համապարփակ գործադրութեան: Անոնց իրականացման յաջողութեան կամ ձախողութեան լոյսին տակ պիտի դատուի մեր ժողովուրդը, իր պետութեամբ, կուսակցութիւններով, հեռուի եւ մօտի համայնքներով:

            Թէեւ յապաղումով, բայց վերջապէս գտնուեցաւ հայրենի պատասխանատու  մը, որ գիտակցուած սրտցաւութեամբ յայատարարէ, որ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմին չէինք պարտուեր, եթէ Արցախը ունենար 300.000 բնակիչ եւ  Հայաստանը՝ 4 միլիոն։

            Ոչ ոք ըսաւ, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք չհետապնդեցին ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ իրաւ քաղաքականութիւն, ոչինչ յաջողեցան ընել աղէտ-արտագաղթին առաջքը առնելու համար։ Այսինքն, իշխանութիւններ եւ բազմատասեակ կուսակցութիւններ չունեցան ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ գոհացան տնտեսավարելով նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը, զայն դարձուցին մրցակցութիւններու բեմ, այն հաւատքով, որ ռուսական ամպհովանին միշտ ապահովութեան երաշխիք պիտի ըլլայ։

            Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ Արցախը իր աւելի քան տասը հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Լիբանանէն աւելի ընդարձակ էր։ Թէեւ, ինչպէս կ’ըսեն, բաղդատելին պէտք է բաղդատել։ Բայց ընդունիլ նաեւ, որ 150.000 բնակչութեամբ 12.000 քառ.ք.մ.ի տիրութիւն ընել դժուար էր, չըսելու համար՝ անկարելի։ Մեծ քաղաքագէտ պէտք չէր ըլլալ այս գիտնալու համար։ Հակառակ այս իրողութենէն ընկալուելիք թելադրութեան, Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւններու օրակարգին չգտնուեցան բնակեցման եւ հայրենադարձութեան էական հարցերը։ Դիրքի եւ աթոռի համար մղուող պայքարներու ընթացքին ալ հարցը օրակարգ չեղաւ:

            Ընդհակառակն, վարչական-լեզուական խոչնդոտներ պակաս չեղան, որոնք կրնան երկրորդական համարուիլ, ինչպէս լեզուի, անուններու, ինչքի փոխադրութեան մաքսային եւ թղթաբանական խնդիրները (կը պահանջուէր դգալ-պատառաքաղներու թիւը եւ ծանրութիւնը)։

            Ամպագոռգոռ որոշումներէ, իշխանութիւններու թեր եւ դէմ գնահատումներէ առաջ, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովը նպատակ պէտք է դարձնէ հայրենադարձութիւնը եւ հայրենիքի բնակեցումը, այդ պահանջելով նաեւ այսօրուան եւ վաղուան իշխանութիւններէն, եթէ հայրենիք պահել եւ պաշտպանել նպատակ են: Պահանջել նաեւ, որ իշխանութիւնները, կուսակցութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ ստանձնեն հայրենադարձութեան եւ բնակեցման իրականացման պատասխանատուութիւն եւ զանոնք գնահատել ըստ ստացուած արդիւնքի:

            Պարզ չէ՞, որ հայրենիքը հայրենիք կ’ըլլայ իր բնակիչներով, ժողովուրդով:

            Աւելի քան երբեք, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումը եւ վերականգնումը պէտք է դիտէ ոչ միայն զանազան օժանդակութիւններու ցուցական նախաձեռնութիւններու տեսանկիւնէ, այլ՝ բնակչութեան եւ համրանքի բերելիք հզօրութեան: Այս իմաստուն վերլուծում կամ տպաւորիչ բանաձեւ չէ, այլ՝ գոյապահպանման էական օրակարգ, որուն իրականացման լոյսին տակ պէտք է գնահատուին իշխանութիւնները, կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները: Այս ճառ չէ, բառերու հեղեղ չէ, կը չափուի թիւերով եւ բնակեցուած քառակուսի քիլոմեթրերով:

            Հայաստանի ներքաղաքական պայքարներուն հեռանկարային որակ պէտք է տալ եւ մեծնալ: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, ամենայն պատասխանատուութեամբ, անմիջականէն անդին սեւեռելով իր հայեացքը, ապագայակերտ նախաձեռնութիւններու սկիզբ կրնայ ըլլալ, իր հետ քաշելով ազգի եւ հայրենիքի ըմբռնում ունեցող բոլոր դրական ուժերը, ժամանակավրէպ ըլլալու կոչուած սնափառութիւններէն անդին նայելով, որ կը նշանակէ քաջութիւն, ըսելու՝ որ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին, եւ վերջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles