ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 7-ին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջնորդութեամբ եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ, Հայաստան վերադարձան 8 գերիներ։
Հայաստանը հաստատեց գերիներու վերադարձը, հրապարակելով անոնց անունները՝ Տարզեան Սարգիս, Բալայեան Վարդգէս, Պետրոսեան Արմէն, Բաբայեան Արթուր, Սարգսեան Հմայեակ, Գալոյեան Գուրգէն, Կիւրեղեան Գրիգոր եւ Մալոյեան Վաղարշակ:
Օդակայանին մէջ գերիները դիմաւորուեցան Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին կողմէ, որոնք պարզեցին Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշները: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Վերադարձած գերիներէն չորսը Նոյեմբեր 16, 2021-ին Հայաստանի Խծաբերդի մարտերուն ընթացքին ձերբակալուածներէն էին:
Հայաստան ժամանելէն ետք, արդէն նախկին ռազմագերիները ենթարկուեցան բժշկական հետազօտութեան, որմէ ետք տեղափոխուեցան Քննչական կոմիտէ՝ հարցաքննութեան:
Գերիներու վերադարձին մասին գրառում կատարեց Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն՝ գործողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով եւրոպացի դիւանագէտներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներուն՝ համախմբուած աշխատանքին համար: Իր կարգին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ նշեց, որ ութ հայ ձերբակալուածներուն վերադարձը Ֆրանսայի, Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման յաջորդած դրական զարգացումներու եւս մէկ նշան է:
Ցայսօր, Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնած է 157 գերիներ: Ըստ հայ իրաւապաշտպաններու տուեալներուն՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու թիւը աւելի մեծ է: Նախապէս Ատրպէյճան փոխարէնը կ՛ակնկալէր ականապատուած տարածքներու քարտէսները, այժմ, Պաքու կ՛ակնկալէ տեղեկութիւններ Արցախի առաջին պատերազմին ընթացքին զոհուած ատրպէյճանցի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու մասին, որոնք, թաղուած են անծանօթ գերեզմաններու մէջ:
Read Time:1 Minute, 0 Second