ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ՉՏԵՍՈՒԹԻՒՆ, ՑՈՒՑԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ, ԱԽՏ՝ ՈՐ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ SNOBISM Է

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

 

            Բառարանը արդիականանալով կը գրէ՝ սնոպութիւն:

            Գիտէի, վարժուած էի, որ սփիւռք(ներ)ը իր պատշաճեցման թափին մէջ, մեծերու եւ փոքրերու ծննդեան տարեդարձները համաշխարհային դարձած լեզուով  կը կոչէր միայն. Happy Birthday: Ծննդեան Տարեդարձը ծերերու, տգէտներու եւ ժամանակավրէպներու համար է:

            Այդպէս ալ կ’երգեն Happy Birthday եւ մոմ կը փչեն: Հայաստան, Լիբանան, Քուէյթ,Պեվըրլի Հիլզ, թէ Սիտնի:

            Յետադիմութիւն է երգել՝ «Շնորհաւոր տարեդարձ»: Կոսմեդիկ եղած լեզուով պէտք է երգել:

            Հայաստանեան թերթի մը կայքին վրայ տեսայ խոշոր սկուտեղի նման տարեդարձի կարկանդակ մը, որուն վրայ գրուած էր. Happy Birthday, եւ որպէս պսակում՝ գրուած էր նաեւ Kyanks barov es cnvel: Ի վերջոյ հայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է «բարով ծնուել»: Արդէն մեր ճակատագիրը այնպէս է, որ քաղաքական պատճառներով, մեր հայրենիքի աշխարհագրական դիրքի բերումով,  սպառողական ընկերութեան բարիքներէն զրկուած ըլլալով, չենք կրնար «բարով ծնուած» ըլլալ, քանի որ զրկուած ենք տիւ ու գիշեր գերնպատակ «լաւ ապրելու իրաւունքէ», սպառողական քաղաքակրթութեան մեր բաժինէն:

            Kyanks barov es cnvel…

            Այսպէս խօսելով եւ գրելով  միայն կարելի է յայտնել իրաւ սէրը:

            Յառաջդիմութիւն՝ որ հող կը պատրաստէ ամերիկերէնը Հայաստանի մէջ պաշտօնական լեզու դարձնելու:

            Օտար լեզուներէ փոխ առնուած եւ տառադարձութեամբ հայերէն գրուած եւ հայերէնի մէջ գիտոսիկութեամբ որդեգրուած հազարաւոր բառերէն ետք, որոնք հայկական այբուբենով կը ներկայանային, հիմա կը մտնենք նոր հանգրուան, որ այնքան ալ նոր չէ, քանի որ աշխարհի բոլոր «յառաջդիմած» հայերու լատինատառ հայերէն գրելու փորձադաշտը համացանցն էր եւ է:

            Անէթին կամ Էրիքին որոշումով լատինատառ հայերէնը համացանցէն մեկնելով կը հասնի նաեւ երջանիկ տարեդարձի կարկանդակին վրայ:

            Այս չտեսական կեղծ արդիականութեան եւ գործնապաշտութեան ընթացքին ընդհանրական եւ ապագայակերտ տարողութիւն տալու համար կը սպասուի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի քայլերուն հետեւող հայ ղեկավարութիւն մը, որ Յուլիոս Կեսարի օրինակով (եւ պըլոթ խաղցողներու) Ռիւպիկոնը անցնի, գտնէ թրքերէնի լատինական տառերով արդիականացման հեղինակ Յակոբ Մարթայեան մը, որպէսզի բարիդրացիական յարաբերութիւնները դիւրանան:

            Kyanks barov es cnvel-ի օրինակով եթէ գրենք, թերթ հրատարակենք, ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն խօսինք, այդ կ’ըլլայ արդիականութիւն եւ յառաջդիմութիւն: Քայլ կը պահենք իրաւ կամ արդէն ծերացած երիտասարդութեան հետ

            Միթէ՞ պարզ չէ, որ լեզուն հաղորդակցական միջոց է եւ անոր այդ դերը կատարելու դիմաց ցցուող խոչնդոտները պէտք է վերացնել: Խաւարամտութիւն է այս չհասկնալ: Միթէ՞ այդ նպատակով չէր եղած հայերէնի արդի կոչուած ուղղագրութեան ոդեգրումով հայերէնի խեղումը: Պէտք է յիշել այդ արդի ուղղագրութեան դեկրետը ստորագրած Պօղոս Մակինցեանի խոստովանութիւնը, որ եթէ գիտնար թէ այդ (չ)բարեփոխումը իր տրամաբանական եզրակացութութեան պիտի չյանգէր եւ դառնար լատինատառ, ինք այդ դեկրետը չէր ստորագրեր… Եթէ օրին չէին լսած Պօղոս Մակինցեանը, հիմա մտայնութիւնները հասունցած են, դարձած են իմաստուն, եւ կարելի է իրականացնել անոր անաւարտ երազը:

             Յակոբ Մարթայեաններ ամէն տեղ, բանակ են, անոնք արդէն կը գրեն լատինատառ հայերէնով: Համացանցը այդ ռեֆորմին ( ՞ ՞ ՞ ) իրականացման ազատ դաշտն է: Կը բաւէ նստիլ համակարգիչի պատուհանին առջեւ եւ սեղմել ստեղները:

            Կը մեղանչեն մեծեր եւ պզտիկներ: Հիներ եւ նորեր:

            Համակարգիչ եւ այ-ֆոն կը տարածեն լատինատառ հայերէնը, որ կը սպասէ իր Յակոբ Մարթայեանը, անոր տալու համար իր քերականական, շարահիւսական եւ ուղղագրական վերջնական ձեւաւորումը, որպէսզի ան ուսուցուի դպրոցներու մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ գրեն նոյն ձեւով:

            Այս ադապտացումը մշակութային-լեզուական մեծ յառաջդիմութիւն կ’ըլլայ…

            Հայաստան եւ սփիւռք կը մօտենան իրարու:

            Հայութիւնը ներքնապէս քանդելու միտող ո՞ր կազմակերպութիւնը գրանտներ պիտի տայ, որ այս յեղափոխութիւնը փութով կատարուի, եւ ժամանակակից Յակոբ Մարթայեաններ չծառայեն միայն թուրքին, այլ նաեւ արդիականալու գիտոսիկի խելագար ցանկութեամբ տոչորող հայերուն, Հայաստան եւ սփիւռք)ներ:

            Happy birthday, Kyanks barov es cnvel

            Չեմ գիտեր barov cnvel-ով ի՞նչ բան եւ ի՞նչ բաներ կը մեռնին, կը թաղենք: Ի՜նչ փոյթ:

            Միթէ՞ ազգովին կարելի է այսքա՜ն թեթեւսոլիկ ըլլալ, մեզմէ իւրաքանչիւրը ընկղմող նաւու նաւապետին պէս, որ իր թառած ճիւղին վրայէն ատսուածաշնչական մարգարէի պէս բոլորին կողմէ հասկնալի համաշխարհային լեզուով պոռայ. abandon ship. նաւը՝ Հայաստան եւ գերաճող սփիւռքներ: Պարզապէս՝ ԱԶԳ:

            Happy birthday, Kyanks barov es cnvel:

            Mi el assa vonts es anhedanalou, ըլլալու համաշխարհային ազգի անդամ: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, Թոկօ՞,  թէ՞ Ուշուայա…

            Կրկին յիշել ամերիկեան ժապաւէնը, որուն անունն էր «օդաչու մը կա՞յ օդանաւին մէջ», Y a-t-il un pilote dans l’avion ? Is there a pilot on the plane ?

            Կը խնդրուի, որ բանիմացները լուսաբանեն:

            Gu xntrvi vor banimacnere loussapanen…

            Նախորդ դարու ֆրանսացի մտաւորական մը, Ալեքսանդր Վիալատ,  իմաստուն բանաձեւում տուած է «յառաջդիմութեան» մասին: Ըսած է. «Ոչինչ կը կասեցնէ յառաջդիմութիւնը, ան ինքնաբերաբար կանգ կ’առնէ»:

            Մեր շփացածի կեղծ յառաջդիմութիւնները ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կանգ պիտի առնեն, ի՞նչ պիտի մնայ հայ ազգի տոմարներուն մէջ:

            Թերեւս՝ ժամանակ մըն ալ «ծագումով հայ» եղած ըլլալու բան չնշանակող բեմերու եւ բարձրախօսներու սնափառութիւնը, երբ կարծեցեալ յառաջդիմութիւնները դաձած ըլլան անօդ փուչիկ:

 

Մակար ի Գաղիա, 8 Փետրուար 2022

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles