Արմենակ Եղիայեան
Հայրենաբնակ սրտցաւ բարեկամ մը՝ հալեպահայ նախկին կրթական մշակ եւ տնօրէն, դառնութեամբ կը պատմէ հետեւեալը. սուրիահայ աղջնակ մը շարադրութեանը մէջ կը կիրարկէ ամէն արեւմտահայու ծանօթ փէշ բառը:
Արեւելահայ ուսուցչուհին, սրբագրութիւնը վերադարձնելու առթիւ, հարց կու տայ անոր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «փէշ»:
Սա կը ջանայ գտնուած տեղէն բացատրել՝ առանց հասկցնել կարենալու, մինչեւ որ դուրս կու գայ շարքերէն եւ ցոյց կու տայ վրան հագին փէշը:
–Սրան յուբկա կ’ասենք,– կը վճռէ ուսուցչուհին:
Յուբկա-ն՝ մեր գիտցած jupe-ն է, որ ռուսական խոհանոցին մէջ լաւ մը խաշելէ ետք անցած է արեւելահայերէնին եւ արգելք հանդիսացած է հայերէն եզրի մը որդեգրումին:
Սակայն իրապէս կրնա՞ր փէշ բառը իսպառ բացակայիլ արեւելահայերէնէն:
Անհեթեթ չէ՞ նման կասկած մը:
Եւ իրօք ալ շուտով կը հաստատեմ, որ ան մտած է արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ եւ շատ աւելի կանուխ, քան արեւմտահայերէն բառարաններու մէջ:
Բայց յառաջանանք կարգով, քայլ առ քայլ:
* * *
Ուրեմն խնդրոյ առարկան պարսկերէն peş բառն է, որ չենք գտներ գրաբարի մէջ, սակայն ներկայ է արդէն միջին հայերէնի մէջ, ուր ան կ’անուանէ՝ ա) լման զգեստի մէջքէն վար երկարող բաժինը, որ է՝ քղանցքը, ինչպէս նաեւ՝ բ) անոր ստորին ծայրամասը միայն:
Փէշ-ը իր այս սեղմ իմաստով ալ գոյատեւած է արեւելահայերէնի մէջ, ուր ան բուն իմաստէն բացի, տուած է անհամար ասոյթներ, դարձուածքներ եւ փոխաբերութիւններ, որոնց բոլորը կը գտնենք Մալխասեանի, Ակադեմիայի քառահատորի եւ Աղայեանի բացատրական բառարաններուն, այլեւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանին մէջ:
Ուրեմն ոչ մէկ ատեն փէշ-ը ըմբռնուած է իբրեւ կիսաշրջազգեստ, որ կը սկսի գօտիէն ու կ’իջնէ դէպի ծունկերը եւ անկէ անդին: Ֆրանս.` jupe[1], եւ ասոր դիմաց է, ահա, որ արեւելահայերէնը որդեգրած է յուբկա բառը, որ jupe-ին ռուսական արտասանութիւնն է:
Այս վերջինը փէշ եզրով արտայայտող միայն մէկ բնագրային օրինակ տուած է Ակադեմիան եւ զայն առած է Գրիգոր Զոհրապէն, իսկ փակագիծերու մէջ աւելցուցած է «հազուադէպ»:
* * *
Ուրեմն գալով արեւմտահայերէնին…
Ուղղակի ապշեցուցիչ էին փնտռտուքներուս արդիւնքները:
Պիտի հաւատայի՞ք եթէ ըսեմ, որ փէշ բառը մեր բառարաններուն մէջ՝ հայերէնէ-հայերէն թէ հայերէնէ ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, թրքերէն եւ այլն գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ… 1950-ականներուն սկիզբը:
Ոչ Գայայեան (1938), ոչ ալ Ճիզմեճեան (1954) ունին փէշ:
Ա՛լ զանց կ’ընեմ միւսները՝ չծանծաղեցնելու համար յօդուածս եւ թելադրելով, որ ընթերցողը ինքնին դիմէ «Նայիրի»-ի օտարալեզու բառարաններուն:
Կայ տակաւին աւելի զգայացունցը. մեր բոլոր օտարալեզու բառարանները jupe-skirt–gonna բառերուն դիմաց դրած են շրջազգեստ: Միայն Սուքիաս Սոմալեան (1843) իր անգլերէն-հայերէն-տաճկերէն բառարանին մէջ ունի՝ «skirt–ստորոտ, քղանց (փէշ, էթէք)», ուր քղանց-ը գրաբար առումով կը նշանակէ «լման զգեստի մը գօտիէն վար երկարող մասը», իսկ փէշ-ը դրուած է իբրեւ ռամկական, դուք ըսէք՝ աշխարհաբար հոմանիշ քղանց-ին:
Այս ալ կը նշանակէ, որ եթէ նոյնիսկ հատ ու կենտ փէշ գործածողներ կան, ապա ան մեր գիտցածը չէ երբեք: Եւ չեղաւ մինչեւ… անցած դարու երկրորդ կէսը, ուր գրուեցան Տէր Խաչատուրեանի, Կռանեանի հայերէն բացատրականները, այլեւ օտարալեզու բառարանները, որոնց կ’անդրադառնանք:
* * *
Այս վերջինները փէշ-ին տուած են հետեւեալ բացատրութիւնները.
–Տէր Խաչատուրեան – կնոջական հագուստի՝ մէջքէն վար, մինչեւ ծունկերը ծածկող մասը, քղանցք:
–Կռանեան – կնոջական լայն հագուստ (մէջքէն վար), քղանցք, ծայրամաս:
Ինչպէս կը նկատէք, հարկ եղած է սպասել մինչեւ 1982, որպէսզի գտնուէր հայ բառարանագիր մը, որ ճշգրտօրէն սահմանէր փէշ-ը այնպէս, ինչպէս ան կ’ըմբռնուի մեր օրերուն: Այստեղ նախ տրուած է փէշ-ին տիրական նշանակութիւնը՝ հագուստ՝ մէջքէն վար, ապա անոր մասնաւորոշ նշանակութիւնը՝ քղանցք, եւ վերջապէս ընդհանրական նշանակութիւնը՝ ծայրամաս: Մինչ Տէր խաչատուրեան թերացած է, քանի փէշ-ին մէջ տեսած է մի ՛այն քղանցք-ը:
Այս նոյն միջոցին՝
–Գույումճեանին համար skirt-ը կը մնայ քղանցք:
Ծանօթ.− Յատկանշական է, որ այս վերջինին հայ.-անգլերէն բառարանին մէջ եւս չկայ փէշ բառը: Ահա երկու կոթողական գործեր, ուր չի մտներ ան: Միւս կողմէ՝ ան բացակայ է նոյն հեղինակի աշխատութեան դպրոցական տարբերակէն եւս:
–Շահինեանին համար հոմանիշ են փէշ եւ jupe:
–Քիւրքճեանին համար jupe-ը փէշ եւ շրջազգեստ է:
–հայր Օհանեանին համար gonna-ն շրջազգեստ եւ փէշ է, gonnella-ն փէշ, իսկ gonnellino-ն կարճ փէշ:
Եզրակացութիւն
Ուրեմն միջնադարուն հայերէնը փոխ առած է պարսկերէն փէշ բառը, որ նշանակած է քղանցք, այսինքն՝ որեւէ շրջազգեստի, պարեգօտի կամ վերարկուի ստորին՝ գօտիէն վար երկարող մասը, հանդերձ ուղեկից նշանակութիւններով եւ փոխաբերութիւններով:
Բառս այս նշանակութիւնը ընդմիշտ պահած է ու կը պահէ արեւելահայերէնի մէջ:
Արեւմտահայերէնի մէջ քղանցք-ը, պահպանելով հանդերձ իր գոյութիւնը, 20-րդ դարու երկրորդ կէսին տեղը զիջած է կիսաշրջազգեստ-ին՝ իբրեւ հոմանիշ ֆրանս. jupe-ին, անգլ. skirt-ին եւ իտալերէն gonna-ին: Այս զարգացումը չէ ունեցած փէշ-ը արեւելահայերէնի մէջ: Եւ այս պատճառով՝ արեւելահայերէնը դիմած է ռուսական յուբկա-ին՝ լրացնելու համար այդ բացը, այսինքն՝ բնորոշելու համար կիսաշրջազգեստ առարկան՝ իբրեւ գօտիէն դէպի ծունկը եւ անկէ վար երկարող ինքնուրոյն զգեստատեսակ:
Այս կացութեան բերումով է, որ արեւելահայ ուսուցչուհին փէշ-ը փոխարինած է յուբկա-ով, քանի իր լեզուն զայն թարգմանող բառ չէ ունեցած:
Այլ հարց, թէ այս ամբողջ ժամանակը արեւելահայերէնը դիւրաւ կրնար այդ բառը փոխարինել հայեցի եզրով մը,– այո՛, կրնար, սակայն այն հազարաւոր օտարաբանութիւններէն ո՞ր մէկով մտահոգուած է ան, որ… յուբկա-ին գայ կարգը:
[1] 19-րդ դարու,– եւ ոչ միայն,– բառարանագիրները շրջազգեստ կոչած են jupe-ը: