Յ. Պալեան
Կը սպանենք մարդ մը, ոճրագործ ենք : Կը սպանենք հազարաւորներ, նուաճող ենք: Կը սպանենք բոլորը, Աստուած ենք:
Ժան Ռոսթան, գիտնական, իմաստասէր (Ի դար)
Մեր ժողովուրդի ապրած ներկայի պարտութեան, պառակտումներու եւ, դիմագրաւած դժուարութիւններու խառնակ մթնոլորտին մէջ, հարիւր օր ետք ինչպէ՞ս պիտի ոգեկոչուի, հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ի՞նչ պիտի ըսենք հայոց շարունակուող հայրենահանման մասին:
Առաջինը՝ չսպիացող խոց:
Երկրորդը՝ շարունակուող ոճիր:
Հասցէագրուած ոճրագործներ չկան:
Բայց կայ նուաճողը, որ իր ժողովուրդին հերոսն է: Մարդ մը չէ սպաննած, սպաննած է միլիոնուկէս:
Ցեղասպանութիւն գործած պետութեան իրաւայաջորդէն ո՛չ ոք հաշիւ կը պահանջէ հայ, յոյն եւ ասորի միլիոնաւոր զոհերուն համար: Ա՛յս քաղաքական բարոյական է:
Զոհերուն համար, բախտաւոր պարագային, կը շնորհուի ճանաչման մխիթարական պարգեւ, ոճիրը որպէս դէպք արձանագրելով պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ:
Այս մասին կը խօսին զոհերը, ինչ որ առաւելաբար կը ծառայէ ներքին սպառման:
Յիշատակը հինցած ըլլալով չենք յուզուիր անգամ: Կը փնտռենք իմաստուն, գեղագիտական տպաւորիչ խօսքեր, ճառ, բանաստեղծութիւն, երգ, գեղանկար:
Կրկնութիւն է հարց տալ, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումներու գծով մղուած պայքարները եւ անոնց յաջողութիւնները, ցարդ ի՞նչ բերին գործուած ՈՃԻՐին որպէս դատ ու դարման:
Ճանաչումները ի՞նչ հարց լուծեցին:
Ունեցանք մոռցուած չըլլալու բաւարարութիւն, որ ո՛չ արդարութիւն է, ո՛չ իրաւունքի վերականգնում:
Կրկին պէտք է հարցնել. ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ:
Հայոց ցեղասպանութեան մեզ այնքա՜ն յուզած եւ որպէս յաղթանակ բարձրաձայնուած ճանաչումներուն մէջ ոեւէ արձանագրութիւն կա՞յ այս հարցման որպէս պատասխան:
Ո՛չ ոք կը խօսի աշխարհներու եւ քաղաքներու նուաճման նպատակով բնիկներուն դէմ գործուած հաւաքական ոճիրի մասին. ջարդ եւ հայրենահանում:
Ի՞նչ յանձնառութիւն ստանձնած են եւ կը ստանձեն ցեղասպանութիւնը ճանչցողները: Ինչո՞ւ կը ճանչնան: Անոնք քաղաքական եւ արդարադատական ոեւէ նպատակ կը հետապնդե՞ն:
Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներէն,- անոնք ըլլան երկիր, կազմակերպութիւն, թէ մտաւորական հեղինակութիւն,- կը պահանջե՞նք, որ քաջութիւն ունենան նաեւ ճանչնալու եւ հրապարակելու այդ ոճիրին պատճառները: Ամենէն պարզ ոճիր մը երբ պատահի, կը փնտռուին ոճրագործը, ոճիրին պատճառները, նպատակները, մեղսակիցները,կը գնահատուին վնասները որպէսզի արդարութիւնը վճիռ կայացնէ:
Նուաճողին կողմէ բռնագրաւուած հողերուն վրայ ուրիշներ արդէն նոր կեանք հաստատած են, քանի մը սերունդներ հոն արմատաւորուած են: Նուաճողը եւ լռութեամբ մեղսակից աշխարհը ծալած են իրաւունք եւ սկզբունք ու անոնց վրայ նստած, մեր ժողովուրդին շնորհելով յիշելու իրաւունք:
Կը գտնուինք նոյնիսկ յիշելու իրաւունքէն հրաժարելու պարտադրանքի հանգրուանի մը: Ցարդ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս իրաւայաջորդը նաեւ բռնագրաւեալ Հայաստանի եւ իրաւապաշտպանը ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հայրենահանուած ժողովուրդին, միջազգային բեմի վրայ տիրութիւն ընելու իրաւունք եւ պարտք ունէր: Հայաստան կար եւ կայ ցեղասպանութիւնը յիշեցնող մեհեան յուշահամալիրը, իր յաւերժական բոցով: Հոն հնչած էր եւ կը հնչէ Պարոյր Սեւակի յիշեցման Անլռելի Զանգակատունը:
Հիմա, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թուի մէկդի դրած ըլլալ բռնագրաւուած Մեծ Հայքի,- Արեւմտահայաստանի,- Իրաւայաջորդի եւ Իրաւատիրոջ իր պատասխանատուութիւնը, եւ նուաճողը կ’ընդունի որպէս իրաւատէր, որպէսզի իրեն շնորհուի բարօր կեանքի հնարաւորութիւն:
Կարծէք Հանրապետութեան կողմէ պիտի մոռցուին Եղեռնի մէկուկէս դեռ քանի մը տարի առաջ սրբացուած զոհերը եւ Արեւմտահայաստանը պիտի մնայ գիրքերու մէջ յիշուող սոսկ պատկեր:
Կծկուած եւ կծկուելու ճնշման տակ եղող Հանրապետութիւնը կարծէք պիտի փորձէ ժամանակ շահիլ եւ տեւել: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ նոյնիսկ փոքրացած Հայաստան Հանրապետութիւնը աւելի կը փոքրացնեն, կը սահմանափակեն անոր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքը:
Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուէր միջազգային լռութեան պայմաններուն մէջ, ճանաչումները անշիրիմներուն վրայ նետուած ծաղիկ էին եւ ճողոպրածներուն մխիթարական պարգեւ, ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ՝ փլասեպօ:
Այս խօսքերուն մէջ բանտարկուիլ համազօր է ինքնաքսորի:
Յաճախ կը խօսուի Սփիւռքի կազմակերպման մասին:
Այս գաղափարին պարտաւոր ենք ազգային-քաղաքական բովանդակութիւն տալ, որպէսզի վատութեամբ չիյնանք ինքնուրացման վիհը:
Ինչո՞ւ կազմակերպել եւ ի՞նչ ընելու համար:
Անհեռանկար հայապահպանումը չի բաւեր արդարացնելու սփիւռքի պահպանումը: Ներկայի ստեղծուած բարդ կացութեան մէջ, կ’ըսեն՝ ճգնաժամային, նաեւ սփիւռքի համար: Աւելցնենք՝ խուճապային: Այսօր եւ ոչ վաղը, հրամայական է, որ սփիւռքը ինքզինք սահմանէ որպէս հայրենահանուած ժողովուրդ եւ հրապարակ գայ հայրենատիրական քաղաքական օրակարգով: Այս տրամաբանութեան եւ ընտրանքին պէտք է հետեւի քաղաքական կառոյցի ստեղծումը, որ կը հետապնդէ հայրենահանուած ժողովուրդի իրաւունքը, անկախաբար գոյութիւն ունեցող ուժերէն կամ անոնց համագործակցութեամբ: Կը ստեղծուի տեսակ մը Աքսորական Կառավարութիւն, որուն դերը, իրաւասութիւնները եւ անուանումը կը ճշդուին:
Հայրենահանուած Ժողովուրդը միայն սփիւռքը չէ, Հայաստան կը գտնուի անոր մէկ մասը, զոր կարելի է կոչել ներհանրապետական սփիւռք: Այդ ապաստանը Հայաստան գտնուող հայրենահանուած հայերը չի զրկեր իր խլուած հայրենիքը պահանջելու եւ անոր տէր ըլլալու իրաւունքէ:
Ոմանք կրնան խորհիլ, ինչպէս սովորաբար կ’ըսուի անսկզբունք կամ զգացական եւ միամիտ հայրենասէրներու կողմէ, որ նման կազմակերպութեան ստեղծումը եւ անոր հետեւող գործընթացը պիտի նշանակեն սեպ խրել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: Բայց ի վերջոյ, հայրենահանուածները իրենց հայրենիքէն բռնի հեռացուած ազգի շարունակութիւն են: Անոնք իրենց հայրենիքին տէր ըլլալու իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ունին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ շրջանային գործակցութիւններ ստեղծել: Իր յանձնառութիւնները իր պատասխանատուութիւնն են եւ յանձնառու չեն դարձներ հայրենահանուած ժողովուրդը: Ո՛չ մէկ քաղաքական կամ բարոյական ուժ կրնայ պահանջել, որ ժողովուրդ մը հրաժարի իր հայրենիքէն: Այս ըմբռնումը իսկական քաղաքականացում է, որ ցարդ կը ներկայանար ՀԱՅ ԴԱՏ անունով:
Իրաւունքի վերականգնման եւ ազատագրութեան պայքարը միշտ ցնորք համարուած է, մինչեւ որ իր նպատակին հասնի:
Սփիւռքը կազմակերպելու ճիշդ ըմբռնումը եւ նպատակը պէտք է սահմանել:
Այս կամ այն երկրին մէջ եկեղեցի կառուցել, դպրոցներ, ակումբներ եւ կեդրոններ ունենալ, թերթեր հրատարակել, ունենալ ժամանակակից ճարտարագիտական միջոցներով օժտուած լրատուամիջոցներ, լաւ բաներ են: Բայց միշտ պէտք է հարց տալ. ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար:
Եթէ սփիւռքը չունի, չունենայ որպէս ժողովուրդ իր հայրենիքին մէջ զարգանալու եւ ինքնիշխան ապրելու Ծրագիր, կը նշանակէ որ հաշտուած է իր որպէս ազգի հատուածի անհետացման հետ:
Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք չի տեսներ որպէս ամբողջ հայ ազգի պետութիւն, չի կրնար տեսնել, թոյլ չեն տար որ տեսնէ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ կամ պէտք է ըլլայ Հայրենահանուած-Հայութիւն-Սփիւռքի «անելիք»ը, ճիշդ ըմբռնումով՝ գոյապաշտպանական ընտրանքը, ուղին: Այդ ընտրանքը քաղաքականացուած պահանջատիրական կազմակերպութիւնն է, նոյնիսկ եթէ պարտուածի (չ)իրատեսութիւնը ըսէ, թէ հիմնական «անելիք»ը երազապաշտութիւն է, ցնորք: Եւ ընդունիլ պատմութեան էջէն ջնջուելու վախճանը:
Կացութիւնը ճիշդ պէտք է սահմանել. Սփւռքը հայրենահանուած եւ անիրաւուած ժողովուրդ է, եւ ԻՐԱՒՈՒՆՔ է, որ ան վերագտնէ իր Հայրենիքը, այս պարագային՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆը, ուրկէ դուրս դրուած է ցեղասպանութեան ենթարկուելով եւ պարտադրուած հայրենահանումով: Միջազգային ուժի վրայ հիմնուած համաձայնութիւնները եւ շահախնդրութիւնները կրնա՞ն փոխարինել արդարութիւնը եւ յաւերժացնել ժողովուրդի մը իրաւազրկումը:
Այսօր փաստ է, որ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Է ԵՒ ՆՄԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԻԱԿԸ ՉԷ: Կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, որոնք նոյն կացութեան մէջ են: Անոնք ունին իրենց կազմակերպութիւնը, զոր նկատի չ’առներ հայ քաղաքական միտքը: Քանի մը անգամ անդրադարձած եմ հարցին: Պարտք կը համարեմ կրկին խօսիլ այս մասին, որպէսզի Հայրենահանուած Հայութիւնը ինքզինք սահմանէ որպէս ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ եւ միանայ անոնց կազմակերպութեան, շարունակելու համար բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան պայքարը: Վերջնական համարել պարտութիւնը կը նշանակէ ընթանալ դէպի անհետացում:
Փակագիծ մը բանամ, խօսելու համար Պետութիւն Չունեցող Ժողովուրդներու եւ անոնց կազմակերպութեան մասին, որ ծանօթ է իր անգլերէն անունով. Unrepresented Nations and Peoples Organization կամ UNPO, որուն մաս կը կազմեն բնիկներ, փոքրամասնութիւններ, ոչ գերիշխան կամ բռնագրաւուած երկիրներ, ինչպէս՝ Արեւմտահայաստանը: 44 երկիրներ անդամ են կազմակերպութեան: Ստեղծուած է 1991ին, Լա Հէյի մէջ, որպէսզի անդամները միասնաբար քննեն եւ պաշտպանեն իրենց իրաւունքները եւ մշակոյթը:
Կազմակերպութիւնը, UNPO-ն, ընդունած է հինգ հիմնարար սկզբունքներ. ինքնորոշում, մարդու իրաւունքներ, ժողովրդավարութիւն, հակաբռնութիւն եւ բնապահպանութիւն: Ան իր անդամներուն կ’ընծայէ միջազգային բեմի վրայ հանդէս գալու: Անդամները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չեն բայց կրնան ունենալ դէտի իրաւունք:
Սփիւռքի կազմակերպումը որպէս Պետութիւն Չունեցող Ժողովուրդ հզօր ազդակ կ’ըլլայ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման, կ’ունենայ քաղաքական հեռանկար եւ կը կանխէ այլազան ազդեցութիւններու ճնշման տակ տեղի ունեցող օտարումը:
Սփիւռքի Տարին պէտք չէ դիտել որպէս համայնքերու կազմակերպում եւ գումարում, այլ որպէս ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ:
Ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի խօսուի այս հարցերուն մասին, որ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԱՆԳԻ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԷ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԵՒ ԻՐ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ: Ինք շարունակէ ըլլալ ինք:
Թօթափելով էսթէպլիշմընթային, քաղքենիացման եւ ապահայացման մուրը, պէտք է սկսիլ ապագայատես եւ յանձնառու վիճարկումը, կրկնելով՝ որ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին:
Ինչպէ՞ս հասնիլ իւրաքանչիւր հայրենահանուածի իր յարկին տակ: Սփիւռքի տարին այս ճիգին սկիզբ կ’ըլլա՞յ:
Եւ մտածել մեծ գրող Օսկար Ուայլտի հետքերուն վրայ քալելով. «Աշխարհի ոչ մէկ քարտէս նայուածքի մը անգամ արժանի չէ, եթէ ցնորքի երկիրը հոն չէ պատկերուած»:
Պէտք չէ մոռնալ յեղափոխական լուսաւոր առաջնորդի լուսաւոր խօսքը.
ԳՈՐԾՆ Է ՄԻԱՅՆ ԿԵՆԴԱՆԻ :