ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ՝ «ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ԶՈՀ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

Ա.Ա.
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք շատ յաճախ կը խօսուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին, իսկ օրէ օր աւելի կը նսեմանան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան եւ գերիշխանութեան ապահովման եւ երաշխաւորման յոյսերը։ Պատերազմէն յաղթական դուրս գալու Ատրպէյճանի դիրքը եւ միջազգային կողմերու շահերը, զորս կը հետապնդուին Հարաւային Կովկասի մէջ՝ որեւէ բնոյթի դերակատարութիւն, տնտեսական գործակցութիւն թէ քաղաքական ներկայութիւն ապահովելու նպատակով, աստիճանաբար գորշ ամպերով կը ծածկեն Արցախի անկախութեան տեսալականը։
Եթէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման առաջնահերթութեան օրակարգը առաւելաբար կը քննարկուի Թուրքիա- Ատրպէյճան ճակատին կողմէ, Մինսքի խումբին համանախագահ պետութիւններուն, նաեւ՝ միջազգային ընտանիքին որդեգրած դիրքորոշումները լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանան, ինչ կը վերաբերի Արցախի վերջնական կարգավիճակին որոշման, որովհետեւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ թէ՛ Մինսքի խումբին համանախագահները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, թէ՛ ամբողջ միջազգային ընտանիքը, ներառեալ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական շահեր եւ ծրագրեր ունեցող Իրան, ոչինչ պիտի ընեն, որպէսզի ապահովեն Արցախի պետութեան անկախութիւնը։Այս գաղափարը ալ միջազգային օրակարգին վրայ տեղ չունի։
Կայ աւելի վտանգաւորը։ Հայկական մակարդակի վրայ արդէն իսկ սկսած են երեւան գալ կեցուածքներ եւ դիրքորոշումներ, որոնք «առաւելներ» Ատրպէյճանի համար։Նման չափազանց մտահոգիչ կեցուածք որդեգրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ քանի մը օր առաջ առցանց ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «Մատրիտեան սկզբունքները , երբ բանակցութիւններու հիմք դարձան, անոնցմէ մին հողային ամբողջականութեան սկզբունքն է, զոր երկու կողմերն ալ իբրեւ բանակցութիւններու հիմք ընդունած են։ Այստեղ նկատի պէտք է ունենալ, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճան 1992-ին Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ծիրին մէջ իրարու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը ճանչցած են»։
Հայաստանի վարչապետին կողմէ նման յայտարարութիւն մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ թէ՛ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրը, թէ 2007 ներկայացուած Մատրիտեան Սկզբունքները կը յիշատակեն Հելսինքեան Աքթի երեք դրոյթները՝ ուժի գործածութենէ կամ ուժի սպառնալիքէ խուսափում, պետութիւններու հողային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք։Իսկ ծագած հարցումը այն է, թէ Հայաստանի վարչապետը ինչու միայն կը յիշէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման դրոյթը՝ չնշելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ ամրագրուած է Մատրիտեան Սկզբունքներուն դրոյթներուն հիմը կազմող Հելսինքեան Աքթով։
Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման մասին խօսակցութիւնները մտահոգութեան այլ պատճառ մըն են։ Այս տեսակէտն ալ սկսած է արմատաւորուիլ հայ քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ,որոնք այլեւս չեն խօսիր Արցախի պետութեան անկախութեան մասին, այլ հրապարակ նետած են արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիրը։Մինչդեռ երեսուն տարի առաջ՝ Յուլիս 8, 1992-ին Հայաստանի հանրապետութեան խորհրդարանը, Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց «Լեռային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին» որոշում, որուն երկրորդ կէտին մէջ նշուած է, թէ «Հայաստանի հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կը նշէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ»։Այս պարագային պէտք է շեշտել «ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ» եզրը, որովհետեւ երեսուն տարի առաջ ընդունուած այս որոշումը այս օրերուն քաղաքական շահարկումներու նիւթի վերածուած է՝ իրատեսական քաղաքականութեան պատճառաբանութիւններով։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles