«ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՈՍԿԻՆ»

0 0
Read Time:7 Minute, 46 Second

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տարեվերջը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի պեղածոյ ոսկիի մասին բացառիկ ցուցահանդէսով մը, որ տակաւին կը շարունակուի Մեծամօրի թանգարանին մէջ: Երեւանէն 35 քիլօմեթր հարաւ-արեւմուտք, Մեծամօր գետի ափին, Տարօնիկ գիւղին մօտ կը գտնուի Հայաստանի եզակի թանգարաններէն մին՝ Մեծամօրի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, որ հիմնադրուած է 1968-ին եւ ուր կը պահուին հնագոյն գտածոյ ոսկիներ եւ այլ արժէքաւոր նիւթեր, առարկաներ:
1965 թուականէն մինչեւ այսօր Մեծամօր բնակավայրի տարածքին պարբերաբար պեղումներ կը կատարուին: Հոն պեղուած մշակութային շերտերը կը վերաբերին պրոնզեայ եւ երկաթեայ դարաշրջաններուն, իսկ գտնուած բոլոր իրերը պատմական նշանակութեան բացառիկ նմոյշներ են:
«Մեծամօրի ոսկին» ժամանակաւոր ցուցադրութեան մէկ հատուածը նուիրուած է վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Մեծամօրէն գտնուած ոսկեայ եւ այլ իրերուն: Ըստ մասնագէտներուն, միայն վերջին 5 տարիներու ընթացքին պեղուած հնագիտական նիւթերը կը վերաբերին մօտաւորապէս քսան իրերայաջորդ դարերու: Ցուցադրութեան մէջ է նաեւ Հայաստանի ամենահին ոսկին, որ հնագէտները գտած են Մեծամօրի վաղ պրոնզեայ դարու շերտէն՝ մանկան դամբարանի մը մէջ: Ոսկիին եւ մանկան կմախքին դիրքը այնպէս եղած է, որ մասնագէտները զայն նկատած են իբրեւ մանկան վարսերու զարդ: 5.23 կրամ կշռող ոլորաձեւ այս հերազարդը, ամենահինը ըլլալով, կը փայլի թանգարանին մէջ:
Հայաստանի հնագիտական ոսկիի ամենամեծ նիւթերը պեղուած են Մեծամօրէն: Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ արծաթով, անագով, սաթով, սարդիոնով պատրաստուած պերճանքի եզակի առարկաներ՝ զարդակոճակներ, ճակատակալեր, ճարմանդներ, ոսկեայ թիթեղով պատրաստուած կախիկներ, որոնք կ՚արտացոլացնեն նախնադարեան ամբողջ դարաշրջանի մը արուեստը, մշակոյթը, արհեստները, առեւտուրը, կենցաղը՝ տարածքի մը վրայ, ուր այսօր մենք կը բնակինք:
Ըստ ցուցադրութեան, կեանքը այդ տարածքին վրայ շատ բարձր մակարդակ ունեցած է, ոսկին պատուաւոր տեղ գրաւած է բնակիչներու կեանքին մէջ: Յայտնի է, որ 3-4 հազար տարի առաջ մեր նախնիները ոսկին այնպիսի մշակումներու ենթարկած են, որ հողին տակ հրաշալիօրէն պահպանուած են թէ՛ նիւթը, թէ՛ անոր վրայի նախշերը, դրուագները, ագոյցները…
Մինչեւ այժմ տարածքէն տակաւին ոսկեայ իրեր կը գտնուին: Անցնող տարուան ընթացքին հնագէտները Մեծամօրի մէկ դամբարանէն յայտնաբերած են 83 կտոր մեծ ու փոքր ոսկեայ առարկայ: Հակառակ որ դամբարանը թալանուած է գանձահէններու կողմէ, սակայն բաւարար ոսկի եւ ուրիշ առարկաներ պահպանուած են անոր խաւերուն մէջ:
Նոյն դամբարանին մէջ 2000-էն աւելի անագէ ուլունքներ յայտնաբերուած են, 150-ի չափ անագէ ճարմանդներ, քանի մը հազար այլ ուլունքներ եւ 5-6 կտոր սաթէ ուլունք:
Գիտնականները գիտեն, որ սաթը՝ դեղնագոյն ապակեայ նիւթը, մեր տարածաշրջան հասած է առեւտրական ճանապարհներով. փաստ մը եւս, որ երեքուկէս հազարամեակ առաջ այս տարածաշրջանի բնակիչները սերտ կապեր ունեցած են Եգիպտոսի, Բաբելոնի հետ: Ցուցադրութեան մէջ կար նաեւ հին Արեւելքի մէջ կիրարկուած կշռաքար մը. հաստատում մը, որ նաեւ չափակշռային միաւորները ճշգրիտ գործածած են այս տարածքին:
Ժամանակակից ոսկեգործները միշտ զարմանք ապրած են՝ դիտելով Մեծամօրի ոսկերչական իրերը: Անոնց համար անհասկնալի է, թէ ինչ միջոցներով հնադարեան մարդը այդպիսի վարպետութեամբ ձուլած է ոսկին, զարդեր ստացած, կտորները իրարու ամրացուցած, որ հազարաւոր տարիներ ետք իրերը չեն վնասուած: Իսկ ապշեցուցիչն այն է, որ նորաձեւութեան միտումները չորս հազար տարի յետոյ ալ նոյնն են՝ կիները այսօր նոյնպէս նոյն ուլունքաշարերը կը նախընտրեն, թեւերուն, վիզին, մատներուն, մազերուն, ականջներուն նոյնատիպ զարդեր կը կրեն: Աւելին, նախնադարեան մարդը զարդեր պատրաստած է նաեւ իր կենդանիներուն համար, եւ Մեծամօրի տարածքին յայտնաբերուած ձիերու կախիկները կորսուած մշակոյթի մը մասին կը պատմեն: Ատոնք կը թուագրուին Նախքան Քրիստոս 15-րդ դարով:
Յատկանշական է այն հանգամանքը, որ ինչպէս 120 տարի առաջ ոչ ոք գիտէր, թէ ո՞ւր է Զուարթնոցը, այնպէս ալ ասկէ 60 տարի առաջ ոչ ոք ծանօթ էր Մեծամօր անունով այս քաղաքին, այսօր դարձած է Անդրկովկասի չափանմուշային յուշարձան: Այս ամէն ինչը հնարաւոր դարձած է նուիրեալ գիտնականներուն շնորհիւ, որոնք մեր անցեալը, ժառանգութիւնը, պատմութիւնը արժեւորելով, վերադարձուցած են մեզի:
Գիտնականներու պրպտումներուն եւ պեղումներուն շնորհիւ Մեծամօրը այսօր մեր հնագիտական հարստութիւններէն մէկն է, իսկ այս ցուցադրութիւնը նոր շունչի տակ կը ներկայացնէ անոր գանձարանը: Գանձերը ոչ միայն մեր նախնիներու մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդեն, այլեւ դրկից ժողովուրդներուն, անոնց մշակոյթին եւ կեանքին մասին անփոխարինելի վկայութիւններ են անոնք:
Պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններ, տնտեսական կապեր, իշխանութիւններու գործնական յարաբերութիւններ անցած գացած են այս իրերուն ընդմէջէն: Մարդիկ, որոնք կերտած են այդ պատմութիւնը, այսօր չկան, բայց իրերը խօսուն վկաներն են շատ հեռաւոր ժամանակաշրջաններու:
Մեծամօրի թանգարանին մէջ հաւաքուած եւ ցուցադրուած են յուշարձանէն պեղուած աւելի քան 28 հազար առարկայ։ Առաջին յարկին վրայ կը ցուցադրուին ամրոցին եւ դամբարանադաշտին մէջ յայտնաբերուած նիւթերը, որոնք կը վերաբերին վաղ պրոնզէ շրջանէն մինչեւ ուշ միջնադար։ Երկրորդ յարկին վրայ ներկայացուած են հնագոյն Մեծամօրի արհեստներն ու ծէսերը։

ԶԵՏԵՂԱՐԱՆԸ

Մեծամօրի թանգարանի նկուղային յարկին մէջ կը գտնուի յատուկ զետեղարանը, ուր ներկայացուած են Վանի թագաւորութեան շրջանէն ոսկեայ, արծաթեայ, սաթէ, կիսաթանկարժէք քարերէ պատրաստուած եզակի մշակութային արժէքներ։ Զետեղարանը յատուկ ժայռի մէջ կառուցուած է՝ թանգարանին բացումէն մօտաւորապէս տասը տարի ետք, երբ պարզ դարձած է, որ հնավայրին տարածքէն անվերջ ոսկեայ իրեր կը գտնուին: Հոն ալ, այսօր, կիսամութ խորհրդաւորութեան մէջ, ձեւաւորուած է «Մեծամօրի ոսկին» ցուցահանդէսը:
Ոսկիի նմոյշները բացառիկ են, բայց երբեք չեն ստուերեր Մեծամօրէն գտնուած խեցեղէնին, անօթներուն, որոնք նոյնպէս ուսումնասիրութեան անսպառ նիւթ են գիտնականներուն համար:
Այսօր Մեծամօրի տարածքին պեղումներ կ՚իրականացնէ հայ-լեհական արշաւախումբը, նշանաւոր պատմաբան, արշաւախումբի համաղեկավար Աշոտ Փիլիպպոսեանի ղեկավարութեամբ, կայ նաեւ լեհ ղեկավար մը: Հնագէտներուն ջանքերը ամէն տարի կը պարգեւատրուին նորանոր բացայայտումներով:
«Մեծամօրի ոսկին» խորագրով ցուցադրութիւնը բացուած է թանգարանի հիմնադիր Կորիւն Մկրտչեանի ծննդեան օրը՝ դեկտեմբերի 15-ին: Նոյն օրը թանգարանին մէջ նաեւ պատմական նիւթով գիտաժողով մը կազմակերպուած էր: Գիտաժողովին ներկաները համաձայն էին այն միտքին, որ որեւէ հնագիտական առարկայ պէտք է ներկայանայ իր միջավայրին մէջ՝ յուշարձանին կից կամ անոր մօտ կառուցուած թանգարանի մը մէջ, որպէսզի պահպանութիւնը ապահովուի եւ պատմամշակութային համայնապատկերը չխաթարուի: Բայց՝ ցաւալի փաստ մը. հակառակ պահպանութեան, Մեծամօրը նաեւ միշտ գանձագողներու թիրախին տակ եղած է, տարածքի բնակիչները միշտ չէ, որ արժեւորած են իրենց բնակավայրի թագուհին՝ Մեծամօրը, եւ անխնայ յարձակումներու ենթարկած են դամբարանները: Այսօր Մեծամօրը պետական պահպանութեան տակ է, բայց միշտ գանձահատութեան վտանգը առկայ է:
Ցուցահանդէսն ու գիտաժողովը նաեւ տարածքի բնակիչներուն ուշադրութիւնը իրենց ունեցած անփոխարինելի մշակութային արժէքին եւ պատմութեան վրայ հրաւիրելու նպատակն ունէին: Անոնք պէտք է հպարտանան իրենց ունեցածով եւ ոչ թէ միջոցներ գտնեն կողոպտելու պետական հնագոյն վայրը:
Վեց տասնամեակ տեւած պեղումներէն ետք Մեծամօրը տակաւին առեղծուածային կը մնայ գիտնականներուն համար, ապագայ հնագէտներուն համար շատ գործ կայ ընելիք, իսկ մեզի՝ այս ցուցահանդէսը դիտող սովորական մարդոց, համար անիկա գաղտնիքներով եւ հանելուկներով լեցուն վայր մըն է, ուր անբացատրելի ուժ կը զգայ այսօրուան մարդը:

ՄԵԾԱՄՕՐ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԸ

Մեծամօրէն պեղուած նիւթերը անգնահատելի գանձեր են գիտնականներուն համար: Այդ նիւթերն են, որ կը վկայեն, թէ պրոնզէ դարաշրջանին (Նախքան Քրիստոս 4-2-րդ դարեր) Մեծամօրը մշակոյթի ծաղկուն կեդրոն մըն էր։ Բաւական լաւ պահպանուած է քաղաքին մէջ գործած պղնձաձուլարանի ամբողջ համակարգը՝ հնոցներն ու հալոցը, որոնք կառուցուած են ժայռերուն մէջ։
Գիտնականները պարզած են, որ Մեծամօրը եղած է խոշոր բնակատեղի, որ զբաղեցուցած է 10.5 հա. տարածք, ունեցած է կիկլոպեան պարիսպով շրջապատուած միջնաբերդ եւ վայր մը, որ այսօրուան չափանիշներով աստղադիտարան կարելի է նկատել:
Վաղ երկաթեայ դարի շրջափուլին (Նախքան Քրիստոս 11-9-րդ դարեր) Մեծամօրը քաղաք էր։ Անիկա Արարատեան դաշտի արքունի քաղաքներէն էր եւ կը նկատուէր կարեւոր վարչաքաղաքական ու մշակութային կեդրոններէն մէկը։ Միջնաբերդը, «աստղադիտարանը» եւ բնակավայրերը կը զբաղեցնէին շուրջ 100 հա. տարածք։ Ամրոցին մէջ կեդրոնացուած են պալատական շինութիւնները, արտադրական համալիրները եւ տաճարական համալիրը՝ եօթ սրբատեղիներով։
Միջնաբերդէն 0․5 քիլօմեթր հիւսիս-արեւելք տարածուող դամբարանադաշտին մէջ պեղուած են կարմիր տուֆակերտ շրջաքարերով օղակուած հսկայածաւալ դամբարաններ։ Հոս յուղարկաւորուած են ցեղային առաջնորդները, անոնց պատուին զոհաբերուած եւ թաղուած են նաեւ բազմաթիւ նժոյգներ, շուներ, մանր եւ մեծ եղջերաւոր անասուններ եւ նոյնիսկ ստրուկներ, ծառաներ։
Դամբարաններուն մէջ թաղուած առարկաներէն ուշագրաւ են մանաւանդ քանդականախշ փայտեայ զարդատուփերը, կիսաթանկարժէք քարերով, ոսկիով, արծաթով պատրաստուած պերճանքի առարկաները եւ ջնարակուած կաւամանները։
Յայտնաբերուած իրերուն մէջ ամենանշանաւորը բաբելոնեան թագաւոր Ուլամ Պուրարիաշի՝ ագաթով պատրաստուած գորտակերպ կշռաքարն է (Նախքան Քրիստոս 16-րդ դար), որ գտնուած է 1979 թուականի պեղումներուն ընթացքին: Աշխարհի մի քանի թանգարաններու մէջ կան գորտաձեւ եգիպտական կշռաքարեր, հայաստանեան գտածոն, սակայն, բացառիկ է գորտին փորին եւ կռնակին կատարուած սեպագիրով:
Մէկ այլ բաբելոնեան տիրակալ Քուրիկալզուին պատկանող եգիպտական մեհենադրոշմ տեսքով սարդոնիքսով կնիքը (Նախքան Քրիստոս 15-րդ դար) նոյնպէս բացառիկ է այս իրերուն մէջ:
Այս գտածոները կը վկայեն, որ Մեծամօրը հնագոյն ժամանակներէն ի վեր եղած է առեւտրական ճանապարհներու խաչմերուկ, որոնք անցած են Արարատեան դաշտէն եւ իրարու կապած են Հիւսիսային Կովկասը եւ Առաջաւոր Ասիան։
*
2022 թուականին կը լրանայ 100-ամեակը բացառիկ կին գիտնականներէն մէկուն՝ Էմմա Խանզատեանին, զոր կոչած են Մեծամօրի նուիրեալը:
1922 թուականին Ղարաքիլիսայի մէջ (այսօրուան Վանաձոր) ծնած Էմմա Խանզատեան, որ իր ողջ կեանքը նուիրած է հնագիտութեան, պեղումներ կատարած է Հայաստանի կարգ մը յուշարձաններու տարածքներուն՝ Քարաշամբի, Ջրահովիտի, Մաշտոց բլուրի, Ոսկեբլուրի, Վարդենիսի դամբարանադաշտին մէջ յայտնաբերելով հետաքրքրական նիւթեր:
Բայց Մեծամօրի հնավայրը Էմմա Խանզատեանին համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է: Ապագայ պատմաբանը, հնագէտը նախ իր հայրենի քաղաքին մէջ թաւջութակի ուսուցչուհի եղած է, այնուհետեւ տարուած է պատմութեամբ եւ ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարան:
1964-1967 թուականներուն երբ վաստակաշատ երկրաբան Կորիւն Մկրտչեան Մեծամօրի հնավայրի տարածքին յայտնաբերած է Մեծամօրի մետաղաձուլական հնագոյն կեդրոնը, անհրաժեշտութիւն յառաջացած է յետագայ աշխատանքներուն մէջ ընդգրկել նաեւ հնագէտներ: Հնագիտութեան կաճառի աշխատակից Էմմա Խանզատեանի անմնացորդ նուիրումն ու սէրը Մեծամօրին հանդէպ ճիշդ այդ ժամանակ սկսած է: Մեծամօր յուշարձանի տարածքին ան պեղումներ կատարած է շուրջ քառասուն տարի. հիմնականօրէն պեղած է Մեծամօրի միջնաբերդը, տաճարական համալիրը, հարիւրէ աւելի դամբարաններ, որոնք կը վերաբերին վաղ պրոնզէն մինչեւ անթիք դարաշրջանները։
Նոյնինքն՝ Էմմա Խանզատեանի իրականացուցած պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած է Քուրիկալուզոյի կնիքը: Այդ ժամանակ աշխատանքները կիսատ մնացած էին ցուրտի պատճառով, բայց հնագէտը որոշած է աւարտին հասցնել եւ ձիւնի տակ աշխատած եւ յայտնաբերած է գտածոն:
Էմմա Խանզատեան տասնեակ մենագրութիւններու, ուսումնասիրութիւններու, գիտական յօդուածներու հեղինակ է: 1973 թուականին լոյս տեսած է Մեծամօրի մասին անոր առաջին գիրքը, երկրորդը՝ ֆրանսերէն լեզուով եղած է Մեծամօրի դամբարաններուն մասին:
Առաջին մասնագիտութեամբ թաւջութակահարը փորձած է իր հնագիտական աշխատանքին ընթացքին համատեղել իր երկու մասնագիտութիւնները, նոյնիսկ յօդուած գրած է Դուինի մէջ յայտնաբերուած ու 10-րդ դար թուագրուող սրուակի մը մասին, որուն վրայ ջութակահարի պատկեր կայ:
Մեծամօրի նուիրեալը 1952-1959 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, իսկ 1975-էն ղեկավարած է Մեծամօրի պեղումները: 1976-1979 թուականներուն եղած է «Մեծամօր» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէնը: Շուրջ եօթ տարի ղեկավարած է Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի վաղ հնագիտութեան բաժինը: Կեանքէն հեռացած է 2007-ին, բայց տակաւին անոր ողջ եղած ժամանակ՝ 1997-ին, աստղերու գրանցման միջազգային կեդրոնը, Մեծ Շուն համաստեղութեան աստղերէն մէկը կոչած է Էմմա Խանզատեանի անունով:
«Մեծամօրի ոսկին» ցուցահանդէսը նաեւ Մեծամօրի նուիրեալին յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկ մըն է:

«Ժամանակ»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles