100 Տարի Ետք. Յիշողութիւն Եւ Վերապրում

0 0
Read Time:2 Minute, 41 Second


«Ազատ Օր»
Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ աղէտը իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են Յունաստանի պատմութեան վրայ, որպէս նորագոյն տարիներու ամէնէն մեծ ու ողբերգական իրադարձութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը տանջէ ու կը խռովէ ամէն մէկ յոյն, նոյնիսկ երբ արդէն երրորդ եւ չորրորդ սերունդները եկած են փոխարինելու արհաւիրքի օրերը ապրած իրենց պապերու սերունդը։
Փոքր Ասիոյ հայութեան համար, յունական յոնիական աշխարհի ողբերգութիւնը երկրորդ մեծ աղէտը հանդիսացաւ 1915-ի հայասպանութենէն ետք, երբ հայկական հսկայ զանգուածները՝ Կէլիպոլէն մինչեւ «չքնաղ Կիլիկիոյ երկիրը», մազապուրծ ապաստանեցան Միջին Արեւելքի երկիրները, ինչպէս նաեւ մօտ հարիւր հազար բեկորներ իրենց գլուխները ազատեցին ու հասան հիւրընկալ, բայց արիւնաքամ Յունաստանի ափերը։
Յոյներուն նման, Փոքր Ասիոյ ողբերգութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր խոր ազդեցութիւնը ունենալ յունահայու հոգեմտային աշխարհին մէջ։ Այսօր, թերեւս խօսք չ֊՚ըլլար հայրենակցական միութիւններու մասին, սակայն նոյնիսկ ներկայ սերունդներու հոգիի խոր ծալքերուն մէջ կ֊՚ապրի այն հայրենիքը, հայու այն հարազատ հողին ուժը, որուն վրայ կիլիկեցին, զմիւռնացին, աֆիոնցին, կէլիպոլցին, պուրսացին, իզմիթցին, ատապազարցին, մանիսացին դարեր շարունակ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց։
Գիտենք, թէ 100 ու աւելի տարիներ առաջ Յունաստանի եւ մասնաւորապէս Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մէջ գոյութիւն ունէր փոքր գաղութ մը, որ կազմուած էր համիտեան ջարդերէն ազատած հայութեան զանգուածներէն, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Յունաստանի՝ Օսմանեան տիրապետութեան տակ մնացած շրջանէն։ Անոնց հաւաքական կեանքը ընդհանրապէս կը դառնար եկեղեցւոյ շուրջ, առանց ընդարձակ կառուցային կազմակերպուածութեան ու գործունէութեան բնագաւառներու բազմաբնոյթ տարածման։
Յունահայ փոքր համայնքի կեանքը ամբողջութեամբ յեղաշրջուեցաւ, երբ տասնեակ հազարաւոր գաղթական հայրենակիցներ տարածուեցան Յունաստանի մեծ քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ, նոր իրականութիւն մը ստեղծելով պատմական հայրենի հողէն հեռու, բայց միաժամանակ այնքան մօտ՝ այս երկրի կապուտան երկինքին տակ։ Նոր եզրեր յատկանշեցին հայու հաւաքական կեանքի իրավիճակը ու գոյատեւելու պայմանները։ Սփիւռք եւ գաղութ։
Երկու բանաձեւումները կը շարունակեն բնորոշել մեր ժամանակի սերունդները եւս, որպէս բնական յաջորդները այն զանգուածներուն, որոնք իրենց հայրենի հողէն բխած ուժն ու ապրելու վճռակամութիւնը տնկեցին Յունաստանի հողին մէջ, առանց երբեք մտահան ընելու պատմական աշխարհի՝ հայու արեամբ ու քրտինքով ոռոգուած հողին անդիմադրելի կարօտը։
Այսօր՝ Կիլիկեան ու Փոքր Ասիոյ հայահոծ քաղաքներու անունները կը շարունակեն իրենց յուզական ներգործութիւնը ունենալ արդի յունահայուն վրայ, որպէս իրենց պապերուն ծննդավայրը, այլեւ՝ անոնց իրաւայաջորդ սերունդը ըլլալու զգացումով, ինչու չէ՝ պատասխանատուութեամբ։
Հարիւր տարի շարունակ յունահայ գաղութը զարգացաւ ու ստեղծեց հաւաքական կեանքի յարաճուն պատկեր մը, որուն վրայ կ֊՚արտացոլար հայու ինքնութեան պահպանման հրամայականը՝ սերունդները հայօրէն գոյատեւելու, հայու գիրն ու գրականութիւնը բոցավարող լոյսը անմառ պահպանելու, ազգային, քաղաքական ու կրօնական փորձադաշտը յուռթի պահելու գերագոյն լարումով։
Փոքր Ասիոյ աղէտէն 100 տարի ետք, յունահայ գաղութը կու գայ երկու տարբեր ուղղութիւններով նշելու իր նորագոյն պատմութեան նշանակալից տարիները։
Առաջին՝ կորսուած, բայց ոչ մոռցուած հայրենիքներու ոգին վերապրելով, իրենց պապենական աշխարհի յիշողութեան ընդմէջէն բխած ու անկատար մնացած կարօտին յարգանքի տուրք մատուցելով։
Երկրորդ՝ յունահայ կեանքի կազմութեան առաջին տարիներուն, սարսափի ու արհաւիրքի այդ օրերուն, հայ տարագրեալի վերապրելու ջանքերուն ու ուժին, պատմական այն բոլոր եղելութիւններուն, կորսուածներու որոնումին, բնութեան ուժերէն պատսպարուելու, մեսրոպեան տառը սորվեցնելու, հաւատքի ճրագը վառ պահելու, կազմակերպուելու, հաւաքական ուժ դառնալու գերմարդկային ճիգերուն առջեւ մեր յարգանքի խոնարհումը ընելով։
Պատմական այդ իրադարձութիւններու հայելին կը շարունակեն մնալ յունահայ գաղութի մամուլի ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչին՝ «Նոր Օր»-ի արխիւային թիւերը, որոնք իրենց անհամար էջերով կը հանդիսանան մեր գաղութային պատմութեան խօսուն վկաները։
Յիշելու եւ վերապրելու հրամայականով, յունահայ գաղութը կը պատրաստուի 2022-ին ետ ճամբորդելու դէպի իր ակունքները։
Յարգանքի ու յիշողութեան ամէն ծրագիր, ամէն ելոյթ բացի իր պատմական նշանակութեան արտայայտութենէն, թող առաջնորդուած ըլլայ վերապրումի եւ վերընձիւղման խոստումի իրագործումով։
Ի վերջոյ՝ պարտք ունինք անոնց հանդէպ, որոնք զրոյէն ստեղծեցին եւ մինչեւ մեր օրերը հասցուցին գաղութային բարգաւաճ, բեղուն ու հայրենաձիգ կեանք մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles